Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ 1 ապրիլին այցելած է Թալիշ` ծաղկեպսակ զետեղելու գիւղի յուշահամալիրին, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած է ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու հետ:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են պետականաշինութեան, բանակաշինութեան եւ Թալիշի վերականգնման առնչուող հարցեր: