Խորհրդարանին Մէջ. Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անդամ Յակոբ Թերզեանի Արտասանած Խօսքը
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման խորհրդարանի նիստին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցիները նոր կառավարութեան կազմութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք դիւրացուցին կառավարութեան կազմութիւնը` վերջ տալով կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող բոլոր արգելքներուն: Կառավարութեան «Դէպի աշխատանք» անուանումը գնահատելի է եւ իբրեւ այդպիսին կարելի չէ զայն «սպասումի» կառավարութեան վերածել, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին...



















