Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանական Քաղաքներէ Մասնագէտներու Պատուիրակութեան Երկարատեւ Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Ապրիլ 5, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պուրճ Համուտ այցելեց գերմանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Քիրչհունտեմ փոքր աւանի քաղաքապետ Անտրէաս Ռէյների, Պաւարիոյ շրջանի Շթրաուպինկ քաղաքի քաղաքապետութեան զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ, քաղաքաշինութեան եւ կոյաջուրերու հարցերու լուծման մասնագէտներ ու խորհրդականներ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան առջեւ պատուիրակութիւնը դիմաւորեց փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան:

Գերմանական պատուիրակութեան այցելութիւնը կ՛իյնար փոխծանօթացումի, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, փորձի փոխանակման եւ փոխադարձ համագործակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ: Ասկէ առաջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Գերմանիա, իսկ երէկ տեղի ունեցածը պատասխան այցելութիւնն է, որ մաս կը կազմէ գերմանական եւ լիբանանեան քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան եզրեր գտնելու աւելի մեծ ծրագիրի մը: Լիբանանի մէջ այս ծրագիրին համակարգողն է «Տեմոքրասի Ռիփորթինկ Ինթըրնեշընըլ» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, որմէ երկու ներկայացուցիչներ կ՛ընկերակցէին գերմանական փորձագիտական պատուիրակութեան:

Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեանի առաջնորդութեամբ գերմանացի մասնագէտներու պատուիրակութիւնը անմիջապէս սկսաւ Պուրճ Համուտի մէջ իր շրջապտոյտին, որ ունէր դիտարկումի եւ քաղաքին հարցերը հասկնալ փորձելու բնոյթ, մասնաւորապէս սուրիական տագնապին պատճառով մեծաթիւ սուրիացի տեղահանուածներու շրջան հաստատուելէն ետք: Փոխքաղաքապետէն բացի գերմանական պատուիրակութեան ընկերացան նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Նազարէթ Ապունայեան եւ Էլի Նսէյր, ճարտարապետ Յակոբ Սիմոնեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Բարգաւաճման գրասենեակի պատասխանատու Կարինէ Պալեան:

Շրջապտոյտի առաջին կանգառը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանն էր: Փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան եւ Նազարէթ Ապունայեան պատուիրակութեան մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցին քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանին մասին` նշելով, որ ասիկա շրջանին մէջ իրագործուած երկրորդ մեծագոյն ժողովրդային բնակարաններու ծրագիրն է Պօղոս Արիսի շրջանի բնակարաններու ծրագիրէն ետք, եւ որ անիկա կ՛ընդգրկէ 660 բնակարաններ: Շուրջ 15 տարի առաջ այս շէնքերը մասնակի վերանորոգման եւ բարեզարդման ենթարկուած էին, սակայն հիմա Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրներէն մէկն է ամբողջական վերանորոգումի եւ բարեզարդումի ենթարկել այս շէնքերը, որոնք կը նկատուին հանրային-ընկերային բնոյթ կրող բնակարանաշինութեան տիպիկ օրինակներ:

Անդրադառնալով վերջին տարիներուն Պուրճ Համուտի մէջ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու թիւի բազմացման հարցին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչները` պատուիրակութեան յայտնեցին, որ քաղաքին մէջ գտնուող բոլոր մարդիկը խաղաղութեամբ կը գոյակցին իրարու հետ, իսկ քաղաքապետութիւնը ոչ մէկ խտրութիւն կը դնէ անոնց միջեւ:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի հանրային պարտէզ, որ ամէն տարիքի երեխաներու զուարճացման եւ զբօսնումի հանրային իւրայատուկ տարածքներէն մէկն է: Պատուիրակութիւնը այնուհետեւ այցելեց նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտ, որուն կառուցումը ամբողջացած է 1965 թուականին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ այս մարզադաշտը կը հիւրընկալէր երկրին մէջ ֆութպոլի առաջին կարգի մրցումները: Նախապէս անիկա երկու թրիպիւն ունէր, սակայն որովհետեւ ժամանակի բերմամբ ճեղքեր յառաջացած էին անոնցմէ մէկուն վրայ, հանդիսատեսներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար քաղաքապետութիւնը ստիպուեցաւ քանդել զայն: Հիմա մարզադաշտը կը հիւրընկալէ շուրջ 6000 հանդիսատես: Սակայն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հեռանկարային ծրագիր ունի շրջանին մէջ կառուցելու մարզական մեծ համալիր մը, որուն մէջ ընդգրկուած ըլլան ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ այլ մարզաձեւերու կիրարկման համար նախատեսուած մարզադաշտեր:

Գերմանական պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող յատուկ ջերմոցները, ուր տեղի կ՛ունենայ զանազան տեսակի բոյսերու, ծաղիկներու, տնկիներու եւ ծառերու նախնական աճեցումը, նախքան անոնցմով Պուրճ Համուտի կանաչապատումը:

Գերմանական պատուիրակութեան շրջապտոյտին երկրորդ կանգառը եղաւ Պուրճ Համուտի մէջ նոր կառուցուող «Սեն Ժաք Փլազա» ժողովրդային բնակարաններու համալիրը եւ անոր ետեւ գտնուող հանրային կառատունը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճարտարապետ Յակոբ Սիմոնեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ զոյգ ծրագիրներուն մասին: «Տեմոքրասի Ռիփորթինկ Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը գնահատանքով յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ներկայիս Լիբանանի միակ քաղաքապետութիւնն է, որ կ՛իրականացնէ ընկերային բնոյթի ժողովրդային, բնակարաններու հսկայական ծրագիր: «Սեն Ժաք Փլազա» համալիրը պիտի ընդգրկէ 184 բնակարան եւ 70 խանութ: Քաղաքապետութիւնը շահ չ՛ապահովեր այս ծրագիրէն որովհետեւ անիկա կ՛իրագործուի ցած եկամուտներու տէր մարդոց համար, իսկ բնակարան ունենալու համար նախապատուութիւնը պիտի տրուի նախկին Սանճաք Քեմփի բնակիչներուն:

Այնուհետեւ գերմանական պատուիրակութիւնը շրջեցաւ Արաքս եւ Մարաշ փողոցներուն մէջ: Արաքս փողոցին մէջ պատուիրակութեան ընկերացաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան: Նազարէթ Ապունայեան եւ Ճորճ Գրիգորեան մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցին Արաքս եւ Մարաշ փողոցներուն կառուցման, բայց նաեւ վերջին շրջանին քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ անոնց բարեզարդման եւ վերանորոգումի ծրագիրներուն մասին: Ճորճ Գրիգորեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս հայ գաղթականները, որոնք մեծաւ մասամբ արհեստաւորներ էին, Արաքս փողոցին մէջ կառուցեցին իրենց խանութները, որոնց վրայ ալ կառուցուեցան նախնական տուները: Ան նաեւ ընդգծեց Արաքս եւ Մարաշ փողոցներուն աւանդական ժողովրդային շուկաներ ըլլալու իւրայատկութիւնը` հեռու ժամանակակից սպառողական սուփըրմարքեթներու եւ մոլերու հասկացողութենէն: Գերմանական պատուիրակութենէն անդամ մը գնահատանքով անդրադարձաւ այս կէտին` ընդգծելով, որ նոյն հարցը` աւանդական ժողովրդային շուկայի պահպանման մարտահրաւէրը, իրենք ալ ունին Գերմանիոյ մէջ:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց ճամբուն վրայ այցելեցին նաեւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, անոնց ներկայացուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ լուսաւորումը մասնակիօրէն արեւու ճառագայթներէն ապահովելու ծրագիրը եւ նշուեցաւ, որ նախկին Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, որ պիտի վերածուի ընկերային կեդրոնի, ամբողջութեամբ պիտի լուսաւորուի արեւու ճառագայթով յառաջացած այլընտրանքային ուժանիւթով: Մարաշ փողոցին մէջ պատուիրակութեան անդամները տեսան այն առաջին տունը, զոր հայ գաղթականները տախտակով կառուցած էին անցնող դարու 30-ական թուականներուն, եւ որ քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ պիտի վերածուի թանգարանի:

Այնուհետեւ գերմանական պատուիրակութիւնը այցելեց Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի կոյաջուրերը ընդունող եւ զանոնք դէպի ծով մղող կայան, որուն աշխատանքներուն մասին արհեստագիտական մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց կայանի պատասխանատուներէն մեքենագիտութեան ճարտարագէտ Հապիպ Ասմար: Պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ նաեւ պետական ծրագիր եղող` կոյաջուրերու զտարանի կառուցման ծրագիրին: Այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ, բաղկացած է երեք հիմնական փուլերէ, անոր կառուցումը պիտի սկսի 2-3 ամիսէն:

Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք գերմանական պատուիրակութիւնը կարճ այցելութիւն մը տուաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, որուն տնօրէնը` Յակոբ Հաւաթեան, Քիրչհունտեմի քաղաքապետին ներկայացուց Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ անոր կառոյցները:

Հուսկ պատուիրակութեան անդամները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ հանդիպում ունեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան այցելութեան համար եւ ըսաւ, որ քաղաքապետութիւնը իր գործունէութեան ընդմէջէն կը ձգտի ապահովել համագործակցութիւն այլ երկիրներու քաղաքներու խորհուրդներուն, կառավարութիւններուն, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ մասնագէտներուն հետ` Պուրճ Համուտի դիմագրաւած մարտահրաւէրները լուծելու համար փորձ, խորհուրդներ եւ կարելիութիւններ ձեռք ձգելու համար:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդգծեց, որ քաղաքապետութիւնը ունի բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը հանրային-ժողովրդային բնակարաններու կառուցման ծրագիրն է: Քաղաքը ունի նաեւ զանազան մարտահրաւէրներ, որոնցմէ մեծագոյններն են մանաւանդ աղքատ շրջաններուն մէջ բնակելի շէնքերուն պարզած վիճակը եւ կոյաջուրերու հարցին լուծումը: Պատուիրակութեան մաս կազմող` կոյաջուրերու հարցի լուծման մասնագէտներէն մէկը ներկայացուց այս գծով գերմանական փորձը եւ հարցադրում կատարեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը ինչո՞ւ չ՛որդեգրեր կոյաջուրերէն ուժանիւթ ստանալու դրութիւն` այս գծով գիտական բացատրութիւններ տալով: Այս դրութենէն ապագային մեծապէս կրնայ օգտուիլ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Քաղաքապետ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնագէտին արտայայտած կարծիքին համար եւ ըսաւ, որ քաղաքապետութիւնը այսպիսի խորհուրդներու կարիք ունի շրջանի հարցերուն լուծման համար:

Քիրչհունտեմի քաղաքապետ Ռէյների Անտրէաս իր տպաւորութիւնները ներկայացուց առաւօտեան շրջագայութենէն եւ ըսաւ, թէ լաւ է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը փորձէ բարելաւել քաղաքին վիճակը, սակայն պէտք է պահէ իր այն կեցուածքը, որ կացութիւնը բարելաւէ միաժամանակ պահպանելով քաղաքին աւանդական դիմագիծը:

Աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ Պաւարիոյ Շթրաուպինկ քաղաքի ներկայացուցիչներուն միջեւ կատարուեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Յայտնենք, որ փոխադարձ ծանօթացման այս ծրագիրին յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Շթրաուպինկ` ծրագիրներ ներկայացնելու եւ սերտելու համար այդ քաղաքին կարողութիւնները` համագործակցութեան ուղիներ գտնելու համար:

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 148. Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Ներկայացուց «Ցեղային Քաղաքականութիւն, Միացեալ Նահանգները Եւ Հայերը» Նիւթը

Յաջորդը

Նշմար. Առաջարկը Ընդունո՞ւած Է

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?