Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպութեամբ` Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Առջեւ

April 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 2 ապրիլին, Հայաստանի Ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով բողոքի ցոյց, որ կազմակերպած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները:

Ցոյցի մասնակիցները պահանջեցին Հայաստանի ընդհանուր  դատախազ Արթուր Դաւթեանի ներկայութիւնը` վանկարկելով` «Բացայայտում», «Դատախա՛զ, իջի՛ր», «Պահանջում ենք»:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ իրենք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են դատախազին  հետ:

«Բոլոր` այլ անձերու հետ հանդիպումի առաջարկները պէտք է մերժենք, որովհետեւ մենք ունինք շարք մը փաստարկներ ու պահանջներ, որոնք կը վերաբերին կասեցուած քրէական գործին: Կ՛ակնկալենք, որ այս հարցերուն, ինչպէս նաեւ մեր հետագայ գործողութիւններուն երաշխաւորումը իրաւապահ համակարգէն պէտք է տայ միայն ընդհանուր դատախազը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով. «6 տարի է` չէ դադրած հանրային պահանջը` բացայայտել այս ստոր արարքի պատուիրատուները, կազմակերպիչները, օժանդակողներն ու դրդիչները: 6 տարիներու ընթացքին անընդհատ հրապարակային նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցած են` պահանջելով, որ իրաւապահ համակարգը գործէ պատշաճ ու արագ, որ գործի լիարժէք բացայայտում կատարուի: 6 տարի անընդմէջ մենք կը բախինք իրաւապահ համակարգի կա՛մ անգործութեան, կա՛մ անպատասխանատու վերաբերմունքին, կա՛մ անտարբերութեան: Ատիկա անթոյլատրելի է, եւ մենք ալ աւելի հետեւողականօրէն պիտի պահանջենք, նաեւ այլ գործողութիւններու միջոցով ստիպելու, որ իրաւապահ համակարգը աշխատի», ըսած է Ա. Մինասեան:

Յայտարարուած է, թէ ցոյցի մասնակիցները հիմնական 4 պահանջ ունին, այդ կարգին` քննչական ենթակայութեան փոփոխութիւն, Հրաչ Մուրադեանի գործունէութեան ընթացքին անոր նկատմամբ իրականացած ոտնձգութիւններու վերաբերեալ որեւէ շարժառիթի եւ դէպքի ներառում քրէական գործին մէջ, ինչպէս նաեւ բացայայտումը բոլոր այն անձերուն, որոնք որեւէ ձեւով քողարկած ու անտեսած են ապացոյցները, եւ անոնց պատասխանատուութեան ենթարկում ու վերոյիշեալ քրէական գործի վերահսկողութեան յանձնում Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազին:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ կ՛ակնկալեն գործի շուտափոյթ բացայայտում, եւ յոյս յայտնած են, որ իրաւապահ մարմիններու հետեւողական ջանքերը արդիւնք կու տան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կը Պահանջենք Վերսկսիլ Քրէական Գործի Վարոյթը Եւ Փոխել Քննչական Ենթակայութիւնը»

Յաջորդը

Մարատոնա` Իր Ակումբին Փոխադրակառքին Վարորդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.