Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատական Կառավարական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

April 4, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատական կառավարական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրէոյի եւ Միջին Արեւելքի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Կավըն Պուխանի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատուի տեղակալ Սելին Մոյրոյի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Ֆարահի, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ ընդունեցին քանատական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեցին շարք մը հարցեր:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ կիներու դերին ուժեղացման կարեւորութիւնը, անոնց ունեցած ներդրումը` ընկերութեան բարելաւման իմաստով, ինչպէս նաեւ այրերուն եւ անոնց միջեւ հաւասարութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ կինը ունի այնքան բարձր կարողութիւններ, որոնց շնորհիւ ան կրնայ նուաճել բարձրագոյն դիրքեր եւ ստանձնել մեծ պատասխանատուութիւններ:

Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ նման պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելը պատիւ է եւ ուրախութիւն կը պատճառէ:

Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը հպարտ է նաեւ իր այս փոքր քաղաքով, որ հակառակ տարածութեամբ 2,2 քառ. քմ ըլլալուն, մեծ թիւով բնակչութիւն ունի: Ան նշեց, որ բնակիչներուն թիւը կը հասնի 175.000-ի:

«Մենք հպարտ ենք մեր քաղաքով եւ համոզուած ենք, որ ան բացառիկ վայր մըն է` շարք մը պատճառներով: Նախ եւ առաջ Պուրճ Համուտը ճահիճներով լեցուն շրջան մը եղած է, որ բնակուած է հայ գաղթականներով: Մեր նախահայրերը իրենց ժրաջան աշխատանքով եւ նուիրումով զայն վերածեցին Լիբանանի տարածքին գտնուող առեւտրական, ճարտարարուեստի եւ ձեռարուեստի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան նշեց նաեւ, որ Պուրճ Համուտով հպարտանալու այլ պատճառ մըն է նաեւ անոր հիւսուածքը: «Պուրճ Համուտը ես կ՛անուանէի փոքր Լիբանան մը, որովհետեւ հոն կարելի է գտնել Լիբանանը բաղկացնող համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային բոլոր խմբաւորումները, որոնք միասնականութեամբ կ՛ապրին եւ համերաշխութեամբ կը գործեն», ըսաւ ան:

Քաղաքապետը աւելցուց, որ ինք անցեալին այդպէս կ՛անուանէր Պուրճ Համուտը, որովհետեւ ներկայիս Պուրճ Համուտը կը ներառէ նաեւ սուրիացիներ, իրաքցիներ, պաղեստինցիներ, քիւրտեր, եգիպտացիներ, սուտանցիներ, եթովպիացիներ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ, որոնք ո՛չ միայն Միջին Արեւելքն ու Ափրիկէն կը ներկայացնեն, այլ նաեւ Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները, ինչպէս` պենկալներ, հնդիկներ, փաքիստանցիներ, ֆիլիփինցիներ եւ այլն:

«Մենք հպարտ ենք այս խճանկարով եւ այն իրականութեամբ, որ բոլոր այս ենթահողերն ու մշակոյթները կ՛ապրին եւ խաղաղութեամբ կը գոյակցին` աշխարհագրական այս փոքր տարածութեան մէջ: Անոնք բոլորը կը սիրեն եւ կը յարգեն Պուրճ Համուտը, որովհետեւ անոնք քաջ գիտեն, թէ իբրեւ հայեր մեր ցաւալի անցեալին ու Ցեղասպանութիւն վկայած ժողովուրդ ըլլալուն պատճառով ոչ մէկ խտրութիւն կը դնենք մարդոց միջեւ», ըսաւ ան:

Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ բոլորս ալ Աստուծոյ զաւակներ ենք` ընդգծելով, որ իրենք կարեկցանքով կը մօտենան մարդասիրական հարցերու, յատկապէս տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն վերաբերող:

«Սակայն Պուրճ Համուտը ողողած սուրիացի տեղահանուածներու հսկայական թիւը դժուարացուցած է քաղաքին ծառայութիւններու մատուցումը, որովհետեւ բնակչութեան թիւը աճած է 35-40 առ հարիւրով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ մարտահրաւէրները տարբեր բնոյթի են. անոնցմէ են` աղբահանումի եւ ենթակառոյցներու նորոգութեան վերաբերող հարցեր, քաղաքապետական ոստիկանութիւն, երթեւեկի խճողումը հակակշռելու խնդիր, հանրային առողջապահութեան հարց, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութիւններու եւ ուսման հսկայական կարիք:

«Այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու շրջագիծին մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէն ստացած ենք մեծ օժանդակութիւններ, սակայն ամէնէն աւելի վայելած ենք ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին զօրակցութիւնը: Իրականութեան մէջ մեր անմիջական գործընկերները, որոնց մենք կը փափաքինք կոչել մեր բարեկամները, ինչպէս` տիար Ապտալլան եւ տիկին Նաթալին, իրենց անձնակազմերուն հետ բազմաթիւ անգամներ նախաձեռնած են օժանդակելու Պուրճ Համուտին` տարբեր մարզերու մէջ», ըսաւ քաղաքապետը:

Մ. Պօղոսեան շեշտեց, որ ինք երեք տարիներէ ի վեր քաղաքապետի պաշտօն կը վարէ եւ հիմնականին մէջ կրնայ վկայել այդ ժամանակաշրջանին մասին, թէեւ նախապէս ալ տեղեակ եղած է քաղաքապետարանի կատարած աշխատանքներէն:

«ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին զօրակցութեամբ է, որ մենք կրցանք հաստատել բարգաւաճման գրասենեակը, որ շատ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Վերանորոգեցինք Մարաշ եւ Արաքս փողոցները` բարելաւելու համար շրջանին ընկերային-տնտեսական պայմանները: Կրցանք վերանորոգել հանրային պարտէզն ու Ընկերային բարգաւաճման կեդրոնը: ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը մեզի տրամադրեց կոյուղիներու մաքրութեան եւ շինարարական յատուկ սարքեր, որոնք կը նպաստեն ենթակառոյցներու նորոգութեան», ըսաւ ան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Քանատայի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, որոնք «նախաձեռնեցին ինծի համար շատ սիրելի գաղափարի մը եւ զայն իրականութիւն դարձուցին»: «Այդ նախաձեռնութիւնն էր իգական սեռի ոստիկաններ ունենալու կարելիութիւնը, որ ո՛չ միայն Պուրճ Համուտի, այլեւ` ամբողջ Լիբանանի համար առնուած կարեւոր քայլ մըն էր», շեշտեց ան:

Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի մէջ միջազգային հաստատութիւններուն եւ յատկապէս ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ներդրումները շատ լաւ ծրագրուած էին, իսկ նուիրատուները իրենք ընդգծեցին, որ քաղաքին տրամադրուած օժանդակութիւնները իսկապէս դրական ազդեցութիւն ունեցած են: «Տրամադրուած օժանդակութիւնները բնական կարիքներ հոգացած են եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու բոլոր նուիրատուներուն գնահատանքը ապահոված: Պուրճ Համուտի եւ անոր բնակիչներուն անունով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ներկաներուն եւ կը մաղթեմ, որ այս համագործակցութիւնը շարունակուի եւ մօտիկ ապագային աւելի եւս ընդարձակուի` վերածուելով երկարատեւ յարաբերութեան», եզրափակեց քաղաքապետը:

Հանդիպումին աւարտին քաղաքապետը յուշանուէրներ յանձնեց Լամուրէոյի եւ Մոյրոյի:

Հանդիպումէն ետք քանատական պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ քաղաքապետին, այցելեց Արաքս փողոցին վրայ գտնուող վաճառատուները, ուր անոնք հանդիպումներ ունեցան վաճառատուներու կին սեփականատէրերուն հետ եւ անոնց կարծիքը, տեսակէտն ու հայեցողութիւնը իմացան` ընկերութեան եւ տնտեսական մարզին մէջ կիներու դերակատարութեան մասին:

Նախորդը

«Կամք»-ի Հաւաքածոն` Թուայնացուած

Յաջորդը

Իրանէն Քարիւղի Գնումը Դադրեցուցած Երկիրներուն Թիւը Հասած Է 23-Ի

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.