Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Զինուորական Գործողութիւններու Վերսկսումը Չի Բացառուիր»

April 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւններուն մէջ ոչ մէկ տարօրինակ բան կայ: 2 ապրիլին «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնը, որ ազրպէյճանական յարձակումներու պարագային «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքը պիտի վերաձեւակերպուի իբրեւ «նոր պատերազմ նոր տարածքներու համար» սկզբունքի:

Ըստ Մանոյեանի, ինչպէս Տօնոյեանի յայտարարութիւնը, նոյնպէս ալ Արցախի մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանի յայտարարութիւնը, սպասելի էին` նկատի առնելով, որ այդ մարդիկը պատասխանատու են անվտանգութեան համար: «Անոնք ուժային կառոյցներու ղեկավարներ են եւ չեն կրնար «դիւանագիտութիւն»  խաղալ: Կարեւոր է, որ անոնք չեն փորձած խուսափիլ նման յայտարարութիւններէ: Պակաս կարեւոր չէ նաեւ այն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ բացասական արձագանգ չէ եղած այդ առնչութեամբ», նշեց ան:

Մանոյեան շեշտեց, որ այս յայտարարութիւնները պէտք է լսէին Պաքուի մէջ, եւ լսուած են: «Դաւիթ Տօնոյեանը Պաքուի իշխանութիւններուն ցոյց տուաւ, որ «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» ձեւակերպումը, որ սկսած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան ժամանակ, այլեւս արդիական չէ», եզրափակեց Կիրօ Մանոյեան:

Անդրադառնալով Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի համաձայնագիրներուն` Մանոյեան ըսաւ, թէ անոնք հայկական կողմին որոշակի երաշխիքներ կու տան, սակայն միայն երկարաժամկէտ հեռանկարով, գնահատելով 29 մարտին տեղի ունեցած Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններու արդիւնքները:

Ըստ Մանոյեանի, նախապէս ձեռք բերուած Ս. Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի համաձայնագիրները, որոնց մասին այժմ չի խօսուիր, որոշակի երաշխիքներ կը պահպանէին, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ պահպանել ներկայիս դիրքորոշումը:

Մանոյեան նշեց, որ 29 մարտի հանդիպումէն ետք կրկին յայտարարուած էր Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին, սակայն ոչ մէկ խօսք հնչած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին:

Կիրօ Մանոյեան աւելցուց, որ նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն մօտեցումները չեն փոխուած, չի բացառուիր  զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը, ուստի այդ երաշխիքները կարեւոր են:

Ղարաբաղեան տագնապի մատրիտեան սկզբունքները հինցած են,  յայտարարեց Կիրօ Մանոյեանը` մեկնաբանելով Վիեննայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններուն արդիւնքները:

«Առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան բանակցային հոլովոյթը արդիւնաւէտ պիտի չըլլայ: Այդ պատճառով, բանակցային հոլովոյթին զուգահեռ անհրաժեշտ է նաեւ աշխատանք տանիլ խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով», ըսած է Կ. Մանոյեան:

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախեան Տագնապը Ուժային Ճամբով Լուծելու Փորձի Պարագային Պիտի Ձեռնարկուին Ինքնապաշտպանութեան Բոլոր Անհրաժեշտ Միջոցները»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կը Պահանջենք Վերսկսիլ Քրէական Գործի Վարոյթը Եւ Փոխել Քննչական Ենթակայութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.