Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Իրան

April 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Իրան` տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժածներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան յայտնեց, որ մարդասիրական օգնութեան տարբերակներէն ընտրուած է գոյքային օգնութիւնը:

«Մենք կ՛ուղարկենք վերմակներ, մահճակալներ եւ վրաններ: 4000  վերմակ, 250 մահճակալ, 30 վրան: Մենք մեքենայով օգնութիւնը պիտի հասցնենք մինչեւ Թաւրիզ, ուրկէ «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութիւնը պիտի ստանձնէ եւ տնօրինէ գոյքը», ըսած է Ցոլակեան:

Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատի նշած է, որ ջրհեղեղի աղէտալի վտանգը դեռ կայ, եւ հայկական կողմի մարդասիրական քայլը շատ գեղեցիկ ու խորհրդանշական է:

«Բնական աղէտները անկանխատեսելի են, եւ ինչպէս տարիներ առաջ Իրանը բնական աղէտի ժամանակ օգնութեան ձեռք մեկնեց հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ հիմա Հայաստանը կ՛օգնէ Իրանին», նշած է դեսպանը:

Իրանի մէջ ջրհեղեղի պատճառով աւելի քան 70 մարդ զոհուած է: Բնական աղէտին պատճառով տուժած է աւելի քան 1900 քաղաք ու գիւղ:

 

 

Նախորդը

Մնացականեան Մասնակցեցաւ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան 25-րդ Տարելիցին Նուիրուած Արարողութեան

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկած Է ՄԱԿ-ի Խաղաղապահութեան Համաժողովին Մասնակցութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.