Երէկ` կիրակի, 7 ապրիլ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մինչեւ ժամը 10:00, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» մաքրութեան երրորդ արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի բնակիչներ, կրթական հաստատութիւններ, միութիւններ, կրօնաւորներ, հաստատութիւններ եւ շրջանին մէջ գործող տարբեր կուսակցութիւններ: Արշաւը ընթացք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանէն մինչեւ Արաքս եւ Մարաշ փողոցները Արագածի շրջանը եւ Աբօ Աշճեան պողոտան:
Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա, եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ:
«Ազդակ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան յայտնեց, որ մաքրութեան այս արշաւը արդէն երրորդն է, եւ ասիկա ապացոյց մըն է, որ այս արշաւը պարզապէս մէկ անգամուան համար արշաւ մը չէ, եւ թէ ան ցուցադրութեան չի միտիր, այլ` կայ յարատեւութիւն եւ շարունակականութիւն մը, որ պիտի պահպանուի:
Գրիգորեան իր խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Ինչպէս ասկէ առաջ բացատրուած է, այս արշաւին նպատակը սոսկ ճամբաներուն մաքրութիւնը չէ. այդ աշխատանքը արդէն քաղաքապետութիւնը եւ կեդրոնական իշխանութիւնները ստանձնած են, եւ իրենք արդէն կը կատարեն այդ գործը որոշ չափով»: Ան նշեց, որ այս արշաւին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քաղաքացիներ` իրենց բոլոր շերտերով, տարբեր կուսակցութիւններ, դպրոցներ եւ միութիւններ: Գրիգորեան ընդգծեց այս արշաւին նպատակը` ըսելով. «Մեր նպատակն է քաղաքացիները իրենց շրջանի մաքրութեան աշխատանքին մասնակից դարձնել եւ իրենց մասնակցութեան միջոցով նախանձախնդիր դարձնել այդ մաքուր վիճակը պահպանելու, որովհետեւ ի վերջոյ, որքան որ ալ մաքրենք, եթէ քաղաքացիները նախանձախնդիր ու մաքրասէր չեն եւ հոգ չեն տանիր այդ մաքրութեան, շրջանը նոյնիսկ մէկ ժամ մաքուր չի մնար»:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տունիա Զուէյպի հետ խօսակցութեան մը ընթացքին ան նշեց, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակին, այս կիրակի եւս այս արշաւը կը միտի քաջալերել քաղաքացիները, որպէսզի միասնաբար մաքրեն իրենց թաղերը: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց որ այս արշաւին ընդմէջէն քաղաքացիներուն համար սովորութիւն պիտի դառնայ իրենց թաղերը մաքուր պահել, ինչ որ քաղաքացիի մը նուազագոյն պարտականութիւնն է:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եկամուտներու բաժանմունքի նախագահ Մըխայէլ Ապու Խալիլ նշեց, որ իրենց նպատակը ամէն ինչէ առաջ մաքրութիւնը չէ, այլ ժողովուրդին սորվեցնելն է, որ իրենց աղբերը պէտք չէ ճամբան թափեն: Զրոյցի աւարտին ան նշեց, թէ իրենց յոյսն է, որ այս արշաւը հասնի իր նպատակին եւ քաղաքացիները ընդառաջեն այս գործին:






