Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կարեւոր Նկատած Են Զինադադարի Դրութեան Պահպանման Պայմանաւորուածութիւններու Իրականացումը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կարեւոր Նկատած Են Զինադադարի Դրութեան Պահպանման Պայմանաւորուածութիւններու Իրականացումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 փետրուարին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատած անոնց դերակատարութիւնը` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները...

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Հարց Մըն Է,  Որ Ական Է Պետութեան Տակ»

Կիրօ Մանոյեան. «Ասիկա Հարց Մըն Է, Որ Ական Է Պետութեան Տակ»

Երէկ արցախեան շարժման 31-րդ տարեդարձի օրն էր: Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը արցախեան շարժման տարեդարձին առիթով յայտարարութիւն տարածած էր, որուն մէջ շնորհաւորանքէն ետք նշած էր. «Ներքաղաքական ու աշխարհաքաղաքական բարդ վերիվայրումներու պատճառով իշխանութեան եկած մարդիկ շարունակ ուժգին հարուածներ կը  հասցնեն Հայաստանի եւ Արցախի պետականութեան հիմքերուն»: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ ...

ՀՅԴ Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Այլ Միջոցներու Ու Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովի

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովը, գումարուած` 15-19 փետրուար 2019-ին, հանգամանօրէն քննարկեց Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ գործունէութեան բոլոր մարզերը: Կազմակերպական, քաղաքական, տեղեկատուական, ուսանողական, երիտասարդական, պատանեկան, գաղութային կեանքի, ուղեկից միութիւններու յատկացուած օրակարգերը քննարկելով, Շրջանային ժողովը արձանագրեց` Ա.- Յարափոփոխ աշխարհի յատուկ այսօրուան մթնոլորտն ու համակարգը բարենպաստ պայմաններ չեն ստեղծեր աւանդական հասկացողութեամբ եւ հաւաքական կեանքով յատկանշուած ազգային արժէքային համակարգ դաւանող կուսակցութիւններուն համար: Հակառակ...

Արցախի Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնները Համագործակցութեան  Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Արցախի Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրած Են

18 փետրուարին Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւի հրաւէրով, Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան) պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորութեամբ, աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հարաւային Օսեթիա: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 19 փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, մասնաւորապէս,...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը. Ան Հայաստան Պիտի Այցելէ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերը զարգացնելու հաւանական քայլերը: Երկու կողմերը նշած են, որ յառաջիկային Լիբանանի վարչապետին Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման համար:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հասաւ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով, 19 փետրուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ` Ս. Տրդատի կամարին առջեւ, եղբայրական ողջագուրումէն ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներու ներքեւ մայր աթոռի միաբաններու թափօրով առաջնորդուեցան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Ս....

Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Երեսփոխան Ֆրանք Էնկելի Հետ Քննարկած Է  Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները

Նիկոլ Փաշինեան Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Ֆրանք Էնկելի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկելը: Վարչապետը շնորհաւորած է Էնկելը Լիւքսամպուրկի Քրիստոնեայ-ընկերային կուսակցութեան նոր նախագահ ընտրուելու առիթով եւ անոր մաղթած կուսակցական բեղմնաւոր աշխատանք: Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է Ֆրանք Էնկելի հայանպաստ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին յուզող հարցերը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ պարբերաբար բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդի արդարացի պայքարը միջազգային հարթակներու...

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի.  Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ  Յարաբերութիւններուն Մէջ  Ոչ Մէկ Զարգացում Կ՛ակնկալուի

Կիրօ Մանոյեան. «Մենք Հայաստանի Եւ Ղարաբաղի Միաւորման Կողմնակից Ենք»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հարցազրոյց տուած է ազրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան: Հարցազրոյցը տեղի ունեցած է Երեւան, 2 փետրուար 2019-ին, «Թուրան» լրատուամիջոցի խմբագիր Շահին Հաճիեւի կողմէ, որ հարցումները հարցուցած է ռուսերէնով, Մանոյեան պատասխանած է հայերէն, թարգմանութիւնը կատարած է լրագրող Տիգրան Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած տուեալ հարցազրոյցի ձայնագրութիւնն առկայ է, եւ «Թուրան» գործակալութիւնը...

Յարգանքի Տուրք` Արթուր  Մկրտչեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

16 փետրուարին լրացած էր Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 60-ամեակը: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահի 60-ամեակին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ կայացան 18 փետրուարին: Առաւօտեան Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին ծաղիկներ խոնարհեցուցած եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը,...

Ապու Տապիի Մէջ.  Դաւիթ Տօնոյեան Ներկայացուցած Է Սուրիոյ Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական  Առաքելութեան Խնդիրներն Ու Նպատակները

Ապու Տապիի Մէջ. Դաւիթ Տօնոյեան Ներկայացուցած Է Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան Խնդիրներն Ու Նպատակները

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան մասնակցած է Ապու Տապիի Պաշտպանութեան միջազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» միջազգային ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Դաւիթ Տօնոյեանը եղած է նաեւ «ԻՏԵՔՍ-2019» ցուցահանդէսին հայկական ռազմարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու արտադրանքը ներկայացնող տաղաւարին մէջ: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ 17 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան...

Մամլոյ Ասուլիս  Տիգրան Մանսուրեան` Լիբանան  Իր Այցելութեան Մասին

Մամլոյ Ասուլիս Տիգրան Մանսուրեան` Լիբանան Իր Այցելութեան Մասին

Աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան երէկ` 18 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը: Մեծ յօրինողը յատկապէս անդրադարձաւ Լիբանան կատարած իր այցելութեան, արտայայտեց իր տպաւորութիւններն ու զգացումները, խօսեցաւ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման կարեւորութեան մասին, լուսարձակի տակ առաւ իր ստեղծագործական աշխարհին վերաբերող դրուագներ, ներկայի երաժշտութեան ունեցած կշիռը: Տիգրան Մանսուրեան պատասխանեց նաեւ Հայաստանի քայլերգի փոփոխութեան վերաբերող հարցումի...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպած Է Միւնիխի  Անվտանգութեան Միջազգային  Համաժողովի Նախագահին

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպած Է Միւնիխի Անվտանգութեան Միջազգային Համաժողովի Նախագահին

Աշխատանքային այցելութեամբ Գերմանիոյ մէջ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ, դեսպան Վոլֆկանկ Իշինկերի հետ: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ տարուէ տարի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովը աւելի ներկայացուցչական կը դառնայ, իսկ քննարկուող խնդիրները կ՛արտացոլեն միջազգային անվտանգութեան արդի մարտահրաւէրները: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է դեսպան Իշինկերի մեծ ներդրումը համաժողովին` իբրեւ միջազգային ազդեցիկ հարթակներէն մէկուն կայացման գործին...

Նախարար Մնացականեանի Հանդիպումները` Միւնիխի Մէջ  Մնացականեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Ղարաբաղեան  Հիմնախնդիրի Լուծման Հոլովոյթին Առնչուող Հարցեր

Նախարար Մնացականեանի Հանդիպումները` Միւնիխի Մէջ Մնացականեան Եւ Լաւրով Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հիմնախնդիրի Լուծման Հոլովոյթին Առնչուող Հարցեր

Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու դաշնակցային յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային ու միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու...

Միւնիխի Խորհրդաժողով.   «Սուրիոյ Տագնապին Վերաբերող Որեւէ Լուծում,  Որ Կառավարութեան Հետ  Չէ Համադրուած` Կրնայ Հարցեր Ստեղծել»    Շեշտեց Պու Սաապ

Միւնիխի Խորհրդաժողով. «Սուրիոյ Տագնապին Վերաբերող Որեւէ Լուծում, Որ Կառավարութեան Հետ Չէ Համադրուած` Կրնայ Հարցեր Ստեղծել» Շեշտեց Պու Սաապ

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած անվտանգութեան 55-րդ խորհրդաժողովին, որուն շրջագիծին մէջ «Սուրիոյ տագնապը` ռազմավարութեան եւ ողբերգութեան միջեւ» խորագիրը կրող լսարանի մը ընթացքին ան շեշտեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով Սուրիոյ տագնապին լուծման գծով երկրին կառավարութեան համաձայնութեան կարեւորութիւնը: «Անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման մէջ իր ներդրումը ունենայ նաեւ Արաբական լիկան: Սուրիոյ տագնապին վերաբերող...

«Ծոցի Երկիրները Պիտի Հետեւին  Սէուտական Արաբիոյ Օրինակին»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Ծոցի Երկիրները Պիտի Հետեւին Սէուտական Արաբիոյ Օրինակին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտցի քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը վերացնելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումին պիտի հետեւին Ծոցի երկիրներ: Ան բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` զայն նկատելով շատ կարեւոր որոշում մը: Նախարար Կիտանեան շեշտեց, թէ ինչպէս որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանցիներուն վրայ դրական արդիւնքներ ունեցած է, Սէուտական Արաբիոյ որոշումը դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհահռչակ  Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը  Պարգեւատրեց «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աշխարհահռչակ Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը Պարգեւատրեց «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով

Կիրակի, 17 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը: Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը: Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ համամարդկային, խորապէս պահած է ազգայինը եւ այդ...

Ակնարկ  Գերքաղաքականացուած  Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Ակնարկ Գերքաղաքականացուած Մեկնաբանութիւններուն Դիմաց

Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի ուղարկումը ինչպէս ներքին, նոյնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ տեղի տուած է տարատեսակ մեկնաբանութիւններու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով խումբը Սուրիա ուղարկելու որոշումը, յայտնած էր, որ հասկնալի է Սուրիոյ մարդասիրական իրավիճակին արձագանգելու այլ պետութիւններու ցանկութիւնը, եւ թէ Միացեալ Նահանգները կը կիսեն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շուրջ մտահոգութիւնները, այսուհանդերձ իրենք չեն պաշտպաներ Սուրիոյ...

Հայաստան – Լիբանան Միջկառավարական Յանձնախումբի Նիստը` Ապրիլին

Հայաստան – Լիբանան Միջկառավարական Յանձնախումբի Նիստը` Ապրիլին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհաւորած իր պաշտօնակիցը` Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան եւ վարչապետի պաշտօնին անոր  վերանշանակման առիթով: Վարչապետը յաջողութիւն մաղթած է Սաատ Հարիրիին եւ անոր կառավարութեան կազմին ու յայտնած, թէ համոզուած է, որ նոր կառավարութիւնը երկիրը պիտի տանի դէպի զարգացում եւ տնտեսական յառաջընթաց: Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ...

Կիրօ Մանոյեան. «Պէտք Է Օրէնքով Ամրագրուի  Փաշինեանի Այն Յայտարարութիւնը,  Թէ Ինք Չի Կրնար Ներկայացնել Արցախի Ժողովուրդը»

Կիրօ Մանոյեան. «Պէտք Է Օրէնքով Ամրագրուի Փաշինեանի Այն Յայտարարութիւնը, Թէ Ինք Չի Կրնար Ներկայացնել Արցախի Ժողովուրդը»

15 փետրուարին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի մամլոյ ասուլիսը: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մօտեցումները ցոյց չեն տար, թէ արդեօք Ալիեւ համաձա՞յն է արցախեան տագնապի բանակցութիւններուն մէջ ձեւաչափի փոփոխութեան: Մանոյեանի պնդումով` Ազրպէյճանի համար անհասկնալի են վարչապետ Փաշինեանի գործողութիւնները: Արցախի եւ Հայաստանի միացման հարցի բարձրացումը, ըստ ՀՅԴ անդամին, կրնայ...

Արծուիկ Մինասեան. «Փաշինեանին Խորհուրդ  Տուողները Թոյլ Չեն Տար  Ստեղծել Ազգային Տնտեսութիւն»

Արծուիկ Մինասեան. «Փաշինեանին Խորհուրդ Տուողները Թոյլ Չեն Տար Ստեղծել Ազգային Տնտեսութիւն»

«Կառավարութեան ծրագիրը լղոզուած է, անիկա ափալ-թափալ փաստաթուղթ է», «Առաջին լրատուական»- ին հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան: «Մանրակրկիտ ուսումնասիրելով կառավարութեան ծրագիրը` մենք յանգած ենք այն եզրակացութեան, որ ո՛չ միայն գաղափարական հենք չկայ, այլ նաեւ յստակ, չափելի արդիւնքներու բացակայութիւնը թոյլ չի տար ընկալել, թէ մեր պետութիւնը յառաջիկայ տարիներուն դէպի ո՛ւր պիտի շարժի, ինչպիսի՛ Հայաստան պիտի...

Page 508 of 797 1 … 507 508 509 … 797

Արխիւներ