Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Հայ-Փորթուգալական Համագործակցութիւնը Զարգացման Մեծ Ներուժ Ունի»

April 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Փորթուգալ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում  ունեցած է այդ երկրի վարչապետ Անթոնիու Քոշթային հետ:

Անդրադառնալով երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ առկայ ջերմ պատմական կապերուն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան` նախագահ Սարգսեան ըսած է, թէ հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն մէկուն` Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունը իւրաքանչիւր հայ հպարտութեամբ կը յիշէ:

Փորթուգալի վարչապետը իր կարգին ընդգծած է Գալուստ Կիւլպէնկեանի գործունէութեան եւ անոր ձգած ժառանգութեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան բարեգործական ու գիտամշակութային հիմնադրամի դերը Փորթուգալի  համար:

Հայաստանի նախագահը եւ Փորթուգալի վարչապետը միտքեր փոխանակած են գործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն շուրջ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ երկու երկիրները գործակցութեան մեծ ներուժ ունին կրթութեան եւ գիտութեան մարզերուն մէջ` այդ ծիրին մէջ առաջարկելով իրականացնել ուսանողներու եւ գիտնականներու փոխանակման, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական միացեալ ծրագիրներ:

Նշելով, որ տեղեակ է Փորթուգալի կողմէ տիեզերք արբանեակներ արձակելու կայանի կառուցման մասին, նախագահ Սարգսեան ըսած է, թէ Հայաստանը պատրաստակամ է կիսուելու այս մարզին մէջ իր գիտական ներուժով ու փորձառութեամբ, որ յայտնի է տակաւին խորհրդային տարիներէն:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ Հայաստանն ու Փորթուգալը փոխադարձ գործակցութեան մեծ ներուժ ունին տեղեկատուական արհեստագիտութեան, բնական գիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան մարզերուն մէջ:

Նախագահ Սարգսեան աւելցուցած է, որ հայ-փորթուգալական համագործակցութեան աւելի արդիւնաւէտ մարզերէն մէկը կրնայ դառնալ զբօսաշրջութիւնը: «Հայաստանը եւ Փորթուգալը հրաշալի երկիրներ են եւ զիրար բացայայտելու կարիք ունին», նշած է նախագահը:

Զրուցակիցները խօսած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ օդային կապի հաստատման կարելիութեան մասին` պայմանաւորուելով ուսումնասիրել հարցը:

 

Նախորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկած Է ՄԱԿ-ի Խաղաղապահութեան Համաժողովին Մասնակցութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

«Մէյճըր Լիկ» Տիեկօ Մարաշլեան` Հեթրիքի Հեղինակ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.