Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Է Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հայաստանի կառավարութենէն կը նշեն, որ վարչապետը տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է օրեր առաջ Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին: «Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցեր: Կողմերը կարեւոր նկատած են 4 ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք...




















