Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

May 25, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ խորհրդարանին մէջ կայացող անցումային արդարադատութեան մասին լսումներուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան` շեշտելով, որ անցումային արդարադատութիւնը խիստ վիրահատական եւ ցաւոտ երեւոյթ մըն է, որ սակայն կարելի է տեղաւորել շատ վիպապաշտական բնորոշման մէջ` ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումի:

«Նպատակը ինքնին լաւ է, բայց հարց կը ծագի` ի՞նչ գործիքակազմով պէտք է անոր հասնիլ», հարցուց ան:

Գալստեան դիտել տուաւ, որ կարծես վատ աւանդութիւն դարձած է առանց հայեցակարգի ծրագիրներ ներկայացնելը` աւելցնելով, որ լսումներուն մասնակիցները այս գծով իրենց կարծիքներն ու պատկերացումները տուին, որովհետեւ իշխանութիւնները չեն ներկայացուցած այն հայեցակարգը կամ նախատիպը, որով կը նախատեսեն իրականացնել հոլովոյթը:

«Ակնյայտ է` արդարադատութեան համակարգի վիճակին վերաբերող վերլուծական եւ գնահատողական տուեալներու բացակայութիւնը: Եթէ չունինք գնահատում, չունինք վերլուծական եւ գնահատողական տուեալներ, անընդունելի է աչքի չափով որոշել երկրին մէջ արդարադատութեան որակը կամ այս կամ այն գործողութեան դիմելը: Անցումային արդարադատութիւնը սովորաբար կ՛իրականացուի այն երկիրներուն մէջ, ուր գործող հաստատութիւնները կազմաքանդուած են», նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը` հռետորական հարց հնչեցնելով` արդեօք մեր հասարակութեան բարոյահոգեբանական կլիման թոյլ կու տա՞յ անցում կատարել այսպիսի արդարադատութեան, երբ թշնամանքի, ատելութեան խօսքի եւ բաժանարարներու խայտառակ միջավայր մը ձեւաւորուած է, եւ ուր ներքին թշնամիներու որոնման խօսակցութիւն կայ:

Լիլիթ Գալստեան մատնանշեց Հայաստանի համար անցումային արդարադատութեան վտանգները. «Անհրաժեշտ է, որ անցումային արդարադատութիւնը  ընդգրկէ երեք նախագահներուն ժամանակաշրջանները, ըլլայ համակարգային` ներառելով առհասարակ իրաւապահ մարմինները: Արդեօք անիկա ընտրովի՞ պիտի ըլլայ: Արդեօք անցումային արդարադատութեան գործիքները պիտի չվերածուի՞ն վրէժխնդրութեան գործիքներու»:

Միաժամանակ ան ընդգծեց, թէ արդեօք նկատի առնուած եւ գնահատական տրուա՞ծ է տնտեսական հետեւանքներուն` այն համոզումով, որ ներդրումները խաղաղ միջավայր կը պահանջեն:

Կարեւորագոյնը, ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամին, պէտք է բացառել արտաքին միջամտութիւնը` հոլովոյթը իրականացնելով միայն սեփական փորձագիտական ներուժով եւ խորհրդատուութեամբ:

«Շատ օտար խաղացողներու ականջներ կ՛երեւին Հայաստանի մէջ իրականացուող հոլովոյթներուն մէջ: Կ՛ուզեմ, որ կարենանք պահպանել մեր ազգային շահը եւ ըլլանք կարելի եղածին չափ ինքնիշխան այս խիստ կարեւոր երեւոյթը գործարկելէ առաջ», շեշտեց ան:

Նախորդը

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն. Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախագահութենէն

Յաջորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն

October 11, 2026
Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.