Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ

Հանդիպում Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ

Երէկ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հանդիպումը  Ֆրանսայի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեան։ Արծարծուած են Հայաստանի հանրապետութեան, Հայ Դատի վերաբերող նորագոյն զարգացումներ եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու ուղիներ։  

Ակնարկ.  Ռուսական Նուէր Թեհրանի Հաշուոյն

Ակնարկ. Ռուսական Նուէր Թեհրանի Հաշուոյն

Մոսկուայի մէջ կայացած Փութին - Նեթանիահու հանդիպումը կարելի է վերլուծել իսրայէլեան ընտրութիւններուն անմիջականօրէն նախօրէին կատարուած գործողութիւն` վարկանիշի ապահովման եւ ընտրական գործընթացին վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունենալու գործօնի հանգամանքներով: Արագօրէն ուշագրաւ է այն, որ թէ՛ Թրամփը եւ թէ՛ Փութինը իրենց քայլերով եւ յայտարարութիւններով կը նպաստեն Նեթանիահուի վարկանիշի բարձրացման: Հրապարակուած թեման Սուրիան է. լրատուութիւններուն տողատակերը կարդալով կ՛եզրակացուի, որ գրաւոր մշակուած ծրագիր բանակցային սեղանի...

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Յորդանան  Գետի Ափին Գտնուող Յիսուս  Քրիստոսի Մկրտութեան Վայրը

Նախագահ Սարգսեան Այցելած Է Յորդանան Գետի Ափին Գտնուող Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան Վայրը

Աշխատանքային այցելութեամբ Յորդանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 ապրիլին այցելած է Յորդանան գետի ափին գտնուող Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը: Հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է քրիստոնէական այդ սրբավայրին մէջ, գրառում կատարած պատուոյ հիւրերու գիրքին մէջ: Ան նշած է, որ Յորդանանի հոգատարութիւնը նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրի նկատմամբ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան լաւագոյն վկայութիւնը կը հանդիսանայ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Յորդանան...

Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի Մէջ Այցելած Է  Ռուսական 102-րդ Ռազմակայան

Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի Մէջ Այցելած Է Ռուսական 102-րդ Ռազմակայան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրի կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի ընկերակցութեամբ այցելած է Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայան, որուն հրամանատարութիւնը կառավարութեան ղեկավարին ներկայացուցած է զինուորներուն համար ստեղծուած կենցաղային եւ աշխատանքային պայմաններն ու յարմարութիւնները: Այս լուրը հաղորդած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Վարչապետը այցելած է նաեւ ռազմակայանի թանգարան, ծանօթացած ցուցադրուած իրերուն եւ գրառում կատարած Պատուոյ...

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը

Լաւրով Եւ Մամետեարով Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս լուրը կը փոխանցէ «Ռիփորթ»-ը: Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը  քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնն ու շրջանային առաւել հրատապ հարցեր: Յայտնենք, որ Մամետեարով Մոսկուա կը գտնուի մասնակցելու ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: «Հայկական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային  Պետական Թատրոնի Խումբը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային Պետական Թատրոնի Խումբը

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց շուրջ 15 անձերէ բաղկացած Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի անդամները, որոնք Լիբանան կը գտնուին Համազգայինի հրաւէրով` շարք մը ներկայացումներ տալու այստեղ: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց թատերական մարզին մէջ խումբին տարած կարեւոր աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Սօս Սարգսեանի մեծ վաստակին ու ջերմ հայրենասիրութեան: Ան ըսաւ, թէ ինք...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ժամանակն Է,  Որ Հայաստան Մաս Կազմէ Մետաքսի Նոր Ճամբուն»

Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Ժամանակն Է, Որ Հայաստան Մաս Կազմէ Մետաքսի Նոր Ճամբուն»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 4 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու  համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալ Շեն Եուէյուէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը հնագոյն պետութիւններն են, որոնց միջեւ համագործակցութիւնը դարերու  պատմութիւն ունի եւ կու գայ դեռ Մետաքսի...

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց  Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած  Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուց Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Երէկ, 4 ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կնքուած է 24 նոյեմբեր 2017-ին, Պրիւքսելի մէջ: Համաձայնագիրը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու կողմէ:

«Վիեննայի Հանդիպումը Որոշ Յոյս Կու Տայ  Ղարաբաղեան Հարցի Լուծման  Շուրջ Յառաջընթացի Հասնելու»  Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Վիեննայի Հանդիպումը Որոշ Յոյս Կու Տայ Ղարաբաղեան Հարցի Լուծման Շուրջ Յառաջընթացի Հասնելու» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Ղարաբաղեան տագնապի լուծման շուրջ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ Վիեննայի մէջ կայացած հանդիպումին արդիւնքները յառաջընթացի հասնելու յոյս կու տան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան ընկերակցութեան խորհուրդի` Պրիւքսելի մէջ կայացած նիստին արդիւնքներուն վերաբերեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին...

«Հայերը Իրենց Ապրած Գաղութներուն Մէջ  Համարկուած Են Եւ Ապրած Համերաշխութեամբ»  Շեշտեց Վերա Եագուպեան

«Հայերը Իրենց Ապրած Գաղութներուն Մէջ Համարկուած Են Եւ Ապրած Համերաշխութեամբ» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Հայութեան Մասին Հաղորդում «Մոնթէ Քարլօ» Ձայնասփիւռի Կայանէն Երեքշաբթի, 2 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-1:00 (Պէյրութի ժամանակացոյցով), «Մոնթէ Քարլօ» ձայնասփիւռի կայանը իր «Հայաթ ուա նաս» յայտագիրին ընդմէջէն սփռեց հաղորդում մը` նուիրուած հայութեան, Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ անոնց հաստատումին եւ տարբեր միջավայրերու անոնց համարկումին: Յայտագիրը սկսաւ մօր նուիրուած Շարլ Ազնաւուրի երգերէն մէկուն ունկնդրութեամբ: Յայտագիրին հրաւիրուած հիւրերէն, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա...

Գերմանական Քաղաքներէ Մասնագէտներու  Պատուիրակութեան Երկարատեւ  Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Գերմանական Քաղաքներէ Մասնագէտներու Պատուիրակութեան Երկարատեւ Շրջագայութիւնը` Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 4 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պուրճ Համուտ այցելեց գերմանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Քիրչհունտեմ փոքր աւանի քաղաքապետ Անտրէաս Ռէյների, Պաւարիոյ շրջանի Շթրաուպինկ քաղաքի քաղաքապետութեան զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ, քաղաքաշինութեան եւ կոյաջուրերու հարցերու լուծման մասնագէտներ ու խորհրդականներ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան առջեւ պատուիրակութիւնը դիմաւորեց փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան: Գերմանական պատուիրակութեան այցելութիւնը կ՛իյնար փոխծանօթացումի, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման, փորձի փոխանակման եւ փոխադարձ...

Վարչապետին Ներկայացուած Են Հայաստանի  Զինուած Ուժերու Նորագոյն Զինուորական Սարքերը

Վարչապետին Ներկայացուած Են Հայաստանի Զինուած Ուժերու Նորագոյն Զինուորական Սարքերը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանի ընկերակցութեամբ այցելած է «Բաղրամեան» զօրավարժարան: Այդտեղ վարչապետին ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու նորագոյն զինուորական սարքերը եւ մեքենաները: Նիկոլ Փաշինեան դիտակէտէ հետեւած է նաեւ անոնց ցուցադրական փորձարկումներուն:

Մնացականեանի Պատասխանը Ալիեւին. «Սեփականութեան Զգացումը Լեռնային Ղարաբաղէն  Վերցնելը Կը Նշանակէ Բանակցային Հոլովոյթի  Արդիւնաւէտութիւնը Ջարդել»

Մնացականեանի Պատասխանը Ալիեւին. «Սեփականութեան Զգացումը Լեռնային Ղարաբաղէն Վերցնելը Կը Նշանակէ Բանակցային Հոլովոյթի Արդիւնաւէտութիւնը Ջարդել»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Եթովպիա մեկնելէ առաջ պատասխանած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Վիեննայի հանդիպումէն ետք կատարած այն յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` բանակցային ձեւաչափին մէջ  փոփոխութիւն պիտի չըլլայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին եւ «Սիվիլնեթ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մնացականեան բացատրած է պաշտօնական Երեւանի պատկերացումները այդ հարցին  վերաբերեալ: «Կարելի է պարզունակ մօտենալ այս հարցին եւ պատկերացնել` հիմա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին բարի գալուստ եւ ապաքինում մաղթած են, ինչպէս նաեւ քննարկած են կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին օրակարգին վերաբերող հարցեր: Կեդրոնական դրամատան հայ փոխկառավարիչի նշանակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով`...

Քանատական Կառավարական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Քանատական Կառավարական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Քանատական կառավարական պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրէոյի եւ Միջին Արեւելքի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադիր տնօրէն Կավըն Պուխանի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատուի տեղակալ Սելին Մոյրոյի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Փիթըր Ֆարահի, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ ընդունեցին քանատական...

ՀՅ Դաշնակցութեան  Կազմակերպութեամբ`  Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր  Դատախազութեան Շէնքին Առջեւ

ՀՅ Դաշնակցութեան Կազմակերպութեամբ` Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Առջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 2 ապրիլին, Հայաստանի Ընդհանուր դատախազութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով բողոքի ցոյց, որ կազմակերպած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները: Ցոյցի մասնակիցները պահանջեցին Հայաստանի ընդհանուր  դատախազ Արթուր Դաւթեանի ներկայութիւնը` վանկարկելով` «Բացայայտում», «Դատախա՛զ, իջի՛ր», «Պահանջում ենք»:   ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մասնագիտական յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան յայտնեց,...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին. «Կը Պահանջենք Վերսկսիլ Քրէական Գործի Վարոյթը Եւ Փոխել Քննչական Ենթակայութիւնը»

2 ապրիլ 2019-ին ամբողջացաւ Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքի ղեկավար, արցախեան ազատամարտի հերոս Հրաչ Մուրադեանի դաւադիր սպանութեան 6-րդ տարելիցը: Ասիկա ազգային արժանապատուութեան եւ հայոց պետականութեան վրայ կրակոց էր, որ  երբեք անհետեւանք պիտի չմնայ: Այս մասին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն մը տարածած է, որուն մէջ նշուած է. «2016-ի այս նոյն օրը թշնամին էր կրակում հայրենիքի պաշտպանի վրայ: Խոնարհում եւ յարգանքի տուրք...

Կիրօ Մանոյեան. «Մինչեւ 2019 Թուականը  Արցախի Հարցով Լուրջ Տեղաշարժեր Պիտի Չըլլան»

Կիրօ Մանոյեան. «Զինուորական Գործողութիւններու Վերսկսումը Չի Բացառուիր»

Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւններուն մէջ ոչ մէկ տարօրինակ բան կայ: 2 ապրիլին «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ, լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութիւնը, որ ազրպէյճանական յարձակումներու պարագային «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքը պիտի վերաձեւակերպուի իբրեւ «նոր պատերազմ նոր տարածքներու համար» սկզբունքի: Ըստ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նոր Գիւղի  Հայահոծ Թաղամասին Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հալէպի  Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն»

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նոր Գիւղի Հայահոծ Թաղամասին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հալէպի Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն»

Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոս երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները: Վեհափառ հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասին, տիկնանց յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային  երեսփոխանական ու...

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները  Քննարկած Են  Թալիշի  Վերականգնման Առնչուող Հարցեր

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Քննարկած Են Թալիշի Վերականգնման Առնչուող Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ 1 ապրիլին այցելած է Թալիշ` ծաղկեպսակ զետեղելու գիւղի յուշահամալիրին, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած է ապրիլեան պատերազմին մասնակցած զինուորներու եւ  ազատամարտիկներու հետ: Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ արծարծուած են պետականաշինութեան, բանակաշինութեան եւ Թալիշի վերականգնման առնչուող հարցեր:

Page 499 of 797 1 … 498 499 500 … 797

Արխիւներ