Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Իշխանութիւնը Լաւ Չ՛աշխատիր Եւ «Դեղին Քարտ»-ի Պէտք Է Արժանանայ»

Մայիս 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փոլիթիք» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան խօսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարանները շրջափակելու կոչին եւ դատական համակարգի բարեփոխումներ սկսելու վերաբերեալ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտը արդէն յստակօրէն արտայայտած է` նշելով միաժամանակ, որ դատական համակարգի բարեփոխումները անհրաժեշտ են: Ան զարմանալի նկատած է քանի մը հանգամանք.

«Առաջինը` ինչո՞ւ միայն հիմա կը խօսուի դատական համակարգի բարեփոխումներուն մասին, ինչո՞ւ կը խօսուի միայն դատական համակարգի բարեփոխման մասին, եւ ոչ` ամբողջութեամբ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու: Նկատի ունիմ` դատախազութիւն, Յատուկ քննչական ծառայութիւն, ոստիկանութիւն: Արդեօք այս կը նշանակէ՞, որ, օրինակ դատախազութեան եւ միւս իրաւապահ մարմիններուն մէջ հաւաքուած են արհեստավարժներ` անբասիր կենսագրութեամբ, եւ միայն դատարաններուն մէջ է, որ հաւաքուած են անձեր, որոնցմէ ձերբազատելու խնդիր կայ: Եթէ կը խօսինք բարեփոխումներու մասին, պիտի խօսինք բոլոր ոլորտներու բարեփոխումներուն մասին: Այս ընտրողական մօտեցումն է, որ մեզի համար ընդունելի չէ:

«Երկրորդ` մենք կը հասկնանք, որ մէկ տարին բաւարար ժամկէտ չէր լուրջ, արմատական բարեփոխումներ իրականացնելու, բայց կառավարութիւնը, առնուազն հայեցակարգային մակարդակով, պէտք է կարենար իր տեսլականը, իր մօտեցումն ու պատկերացումները դարձնել հանրային քննարկման առարկայ:

«Երրորդ` չենք կարծեր, թէ դատական համակարգի բարեփոխման առնչուած կարեւորագոյն խնդիրը լուծելու համար այս իրավիճակին մէջ պէտք է գտնուէինք, անհրաժեշտութիւն չկար ընտրելու ոչ օրինական ուղին` կոչ ուղղելով մարդոց փակելու դատարաններու մուտքերն ու ելքերը եւ այդ ցուցական շարժումով փորձելու ստեղծել այն  տպաւորութիւնը, որ կայ հանրային պահանջ: Հանրային պահանջ, անշուշտ, կայ. այն, որ դատական համակարգը պէտք է բարեփոխուի, յստակ է, բայց ուղղուած կոչին բաւական խօսուն արձագանգ է այն հանգամանքը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով եւ բազմաթիւ պատգամաւորներու աշխուժ դերակատարութեամբ իսկ դատարաններուն առջեւ ընդամէնը շուրջ 1000 հոգի հաւաքուեցաւ: Մարդիկ կը հասկնան, որ ցոյցերու, ցուցադրական շարժումներու, տարբեր տեսակի ճնշումներու միջոցով շօ ընելու ժամանակը անցած է: Վաղուց ժամանակն է գործով զբաղելու», յայտնած է Համբարձումեան:

Անդրադառնալով Փաշինեանի կոչին վերաբերեալ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին արձագանգին` Համբարձումեան նշած է. «Դատական համակարգը բարեփոխելու գծով, կը կարծեմ, բոլորը համակարծիք են: Չեմ կարծեր, թէ Հայաստանի մէջ կայ ոեւէ քաղաքական ուժ կամ քաղաքական գործիչ, որ կը ժխտէ դատական համակարգի, ինչպէս նաեւ միւս բոլոր ոլորտներուն լուրջ ու արմատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Խնդիրը կիրարկուող ձեւերուն ու մեթոտներուն, աշխատելաոճին մէջ է: Երբ կ՛ուզես լաւ նպատակ հետապնդել եւ ատիկա կ՛ընես ոչ ընդունելի միջոցներով, կրնաս սխալ ճամբով ընթանալ ու հասնիլ սխալ տեղ»:

Խօսելով 23 մայիսին կայանալիք ՀՅԴ-ի հանրահաւաքի նպատակներուն մասին` Արսէն Համբարձումեան ըսած է. «Տեղեկացնեմ, որ հանրահաւաքին հիմնական նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ նախընթաց ժամանակահատուածի հրապարակային գնահատումը եւ կառավարութեան յստակ ուղերձ յղելը, որ իրենք լաւ չեն աշխատիր, ճիշդ մեթոտներով չեն աշխատիր, խախտումներ կը կատարեն, ուստի իրենք պէտք է արժանանան «դեղին քարտ»-ի»:

Արսէն Համբարձումեան ընդգծած է, թէ իրենք կ՛ուզեն, որ իշխանութիւնները զբաղին այն գործով, որուն լիազօրուած են, եւ ոչ թէ անընդհատ փորձեն պատճառաբանել իրենց ձախողութիւններն ու անգործութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?