Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հիւրընկալած Է ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

May 28, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 27 մայիս 2019-ին հիւրրընկալած է ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին, հիւրերուն խնդրանքով, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ յառաջիկային Հայաստանի մէջ կայանալիք հայաստանեան «Մտքերու գագաթնաժողովին» (Սամիթ աֆ մայնտզ), որ պիտի համախմբէ աշխարհի յայտնի վերլուծական կեդրոններու, նախկին ու ներկայ պետական եւ քաղաքական գործիչներու, բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի աշխարհահռչակ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ողջունած է նման հեղինակաւոր միջոցառում Հայաստանի մէջ կայացնելու նախաձեռնութիւնը: Նախագահ Սարգսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է այս վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ կազմակերպիչներուն հետ համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

Ան նաեւ անդրադարձած է նախագահական այլ նախաձեռնութիւններու, որոնք կոչուած են նպաստելու մասնաւորաբար բարձր արհեստագիտութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներուն մէջ աշխարհի յառաջատար ընկերութիւններուն հետ համագործակցութեան հաստատման:

Զրուցակիցները խօսած են նաեւ համահայկական օրակարգի տարբեր խնդիրներու մասին: Նշուած է, որ բոլոր քայլերը պէտք է ուղղուած ըլլան աւելի ուժեղ, զարգացած, պաշտպանուած եւ օրէնքներով առաջնորդուող երկիր կառուցելուն: Այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է խոր յարգանքը պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ:

Նշելով, որ երկրին մէջ տակաւին կան բազմաթիւ խնդիրներ եւ կատարուելիք աշխատանք` հանդիպման մասնակիցները ընդգծած են տարբեր ոլորտներու մէջ փոփոխութիւններու եւ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը: Միաժամանակ, անոնք համակարծիք եղած են, որ այդ փոփոխութիւններն ու բարեկարգումները իրականացուին հանդուրժողականութեան եւ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ:

Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնած են համագործակցելու համահայկական տարբեր ծրագիրներու շուրջ:

Նախորդը

Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի Տեսլականին Իրագործման Առաջին Քայլը Արցախի Միացումն Է Հայաստանին

Յաջորդը

Խմբագրական. Մեծ Նպատակի Կենսագործման Ուղիները

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.