Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները Յանուն Երկրի Լրջանալու Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին

Մայիս 24, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 23 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած էին մեծաթիւ հայորդիներ` ընդառաջելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կոչին` համախմբուելու եւ  վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու, յատկապէս դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումներուն լոյսին տակ, որոնք կրկին հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ դարձան:

«#Լրջացէք #Յանուն Երկրի» կարգախօսը կրող հանրահաւաքին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին եւ Դաշնակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները արտայայտեցին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հաւաքը կը միտի լրջանալու կոչ ուղղել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որովհետեւ կան հիմնաւորուած մտահոգութիւններ, որ որդեգրուած քաղաքականութիւնը դէպի լաւ չ՛առաջնորդեր մեզ, նաեւ ցոյց տալու, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն մէկ մասն ալ համաձայն չէ, մտահոգուած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներով: Ըստ անոր, այս մտահոգութիւններուն մասին բարձրաձայնելը կրնայ հաշտ աչքով չդիտուիլ, սակայն աւելի լաւ է անկեղծ ըլլալ, քան պատասխանատուութենէ խուսափողի եւ մէկ կողմ քաշուողի դիրքին մէջ գտնուիլ:

Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ քանի մը օր առաջ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան 100 ձեռքբերում ներկայացուց: «Բայց, արի ու տես, որ այդ ձեռքբերումներից մի զգալի մասը ամենեւին էլ ձեռքբերում չէ: Որպէս ձեռքբերում է ներկայացուած, օրինակ, նախարարութիւնների թուի կրճատումը: Այդ ի՞նչ էին ուզում ձեռք բերել, որ կրճատմամբ ձեռք բերեցին: Ի՞նչ է, մշակոյթի վիճակը բարելաւուե՞ց, գիւղացիներն աւելի լա՞ւ սկսեցին ապրել, սփիւռքի հետ կապն ամրապնդուե՞ց: Կ՛ասէք` մի քանի օր առաջ են օրէնքը փոխել, ինչպէ՞ս պէտք է այդ կարճ ժամանակահատուածում արդիւնք ապահովէին, ու շատ ճիշդ կ՛ասէք, բայց եթէ մի քանի օր առաջ են օրէնքը փոխել, դրա արդիւնքը չենք տեսել, ինչպէ՞ս են այդ փոփոխութիւնը որպէս ձեռքբերում ներկայացնում», յայտնեց ան` ընդունելով, որ թէեւ կան որոշ ձեռքբերումներ, որոնց մէկ մասն ալ նախորդ կառավարութեան ծրագիրներուն շարունակութիւնն են, բայց եւ այնպէս իրական ձեռքբերումներ չեն կրնար ըլլալ, այնքան ատեն որ կառավարութիւնը չէ լրջացած եւ չէ անցած երկրին համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման:

Արթուր Խաչատրեան հարց տուաւ, որ տնտեսական յեղափոխութիւնը արդեօք սկսա՞ծ է, թէ՞ յետաձգուած` մինչեւ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու աւարտը` աւելցնելով, որ թէեւ կ՛ըսուի, որ երկրին մէջ փտածութիւն չկայ, սակայն տարբեր դէպքեր հակառակը կը փաստեն, նաեւ տնտեսական առումով ոչ մէկ շօշափելի յառաջընթաց կայ:   Անդրադառնալով զարգացած ժողովրդավարութիւն ունեցող երկիրներու փորձառութեան` պետութեան տնտեսութեան բարելաւման վերաբերող, ան հաստատեց, որ այդ պետութիւնները նաեւ կը գիտակցին, որ պէտք է կանգնին կեանքի դժուար իրավիճակին մէջ եղող քաղաքացիներուն կողքին: «Պետական տարբեր աջակցութիւններով են անապահով ընտանիքները դուրս գալիս աղքատութեան ճիրաններից, այլ ոչ թէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով նրանց մեղադրելու, մերժելու եւ հասարակութիւնից մեկուսացնելու ճանապարհով: Ասում են` «աղքատութիւնը գլխիդ մէջ է»: Ուրեմն, եթէ մարդ անցեալ տարի աղքատ էր, մեղաւորն իշխանութիւններն էին, եթէ հիմա է աղքատ` ինքն է մեղաւոր: Արդեօ՞ք սա արդար մօտեցում է: Ի հարկէ` ոչ:

«Աղքատութեան եւ գործազրկութեան կրճատման իրական արդիւնքների բացակայութեան, եկամուտների բարձր բեւեռացման մակարդակի պահպանման խորապատկերին տեսնում ենք ընկերային արդարութեան հաստատմանը հակասող քաղաքականութիւն եւ փոփոխութիւններ, որոնք մեծ հետեւողականութեամբ առաջ են մղում այսօրուայ իշխանութիւնները` պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի արմատաւորում, եկամտահարկի համահարթեցում, զբաղուածութեան եւ աշխատաւորների իրաւունքների պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ` օրախնդիր բարեփոխումների անտեսում ու յետաձգում եւ այլն», նշեց Խաչատրեան:

Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ որդեգրուած է բարձր աշխատավարձերու քաղաքականութիւն, որովհետեւ կայ այն մօտեցումը, որ Հայաստան պէտք է ըլլայ հարուստներու երկիր, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ու երեք լեզուով խօսողներու երկիր: «Իսկ բանուորնե՞րը, արհեստաւորնե՞րը, գիւղացինե՞րը: Նրանք երկիր պէտք չէ՞ ունենան: Ի՞նչ է, հող մշակելը նուազ պատուաբեր գո՞րծ է, քան կայքում գրելը: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ` Հայաստանը ժողովրդավարական, ընկերային, իրաւական պետութիւն է: Ընկերային պետութիւնն ապահովում է իր քաղաքացիների տնտեսական եւ ընկերային բարեկեցութիւնը: Նրան է վերապահւում իր քաղաքացիների ընկերային-տնտեսական բարեկեցութեան խթանման առանցքային դերը` հիմնուած հնարաւորութիւնների հաւասարութեան, եկամուտների վերաբաշխման եւ բարեկեցիկ կեանքի նուազագոյն պայմաններն ինքնուրոյն ապահովել անկարող անձանց պետական աջակցութեան սկզբունքների վրայ», դիտել տուաւ ան` շեշտելով, որ այս քաղաքականութիւնը աւելի եւս պիտի խորացնէ անդունդը հարուստներուն ու աղքատներուն միջեւ: Գերագոյն մարմինի անդամը իր խօսքը եզրափակեց դիտել տալով, որ աղքատութեան եւ ընկերային անհաւասար պայմաններուն մէջ անկարելի է կառուցել իրական ժողովրդավարական հասարակութիւն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  անդամ Լիլիթ Գալստեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ տարի մը առաջ, երբ մեր ամբողջ ժողովուրդը փողոց իջաւ` պայքարելու իր իրաւունքներուն, արժանապատուութեան, արդար, ապահով ու զարգացող երկրի համար, ՀՅԴ-ն անոր կողքին էր, որովհետեւ համոզուած էր, որ արդար է փոփոխութեան պահանջը, եւ ինք եւս կը քննադատէր երկրին մէջ տիրող քաղաքական որակներն ու տարիներ շարունակ համակարգային փոփոխութիւններու խնդիր կը դնէր: Ան հարց տուաւ, թէ տարի մը ետք ի՞նչ կարելի եղած է ձեռք բերել` շեշտը դնելով օրէ օր անտանելի դարձող ատելութեան եւ թշնամական մթնոլորտին վրայ: «Ընկերային պետութիւնը, սէրն ու համերաշխութիւնն իբրեւ իշխանափոխութեան հիմնական կարգախօս դարձրած իշխանութիւնները բոլորովին այլ վարքագիծ են որդեգրել: Դեռ ամիսներ առաջ, երբ հրապարակ նետուեց սեւերի եւ սպիտակների կարճամիտ պիտակաւորումը, փորձեցինք այն վերագրել քաղաքական փորձի պակասին ու էյֆորիք կարճատեսութեանը: Սակայն ժամանակը ցոյց տուեց, որ սա ուղղորդուող վարքագիծ է, որը շարունակեց ունենալ իր մերժելի եւ դատապարտելի դրսեւորումները` փողոցային արդարադատութիւն, ներքին թշնամիների փնտռտուք, իբրեւ սողուններ ու բորենիներ անուանարկուող հակայեղափոխականներ: Եւ, որ ամենասարսափելին է` թշնամիներ ու դաւադիրներ փնտռելու յարձակողական մոլուցքն ընդհուպ հասաւ Արցախ», յայտարարեց Լ. Գալստեան` նշելով, որ իւրաքանչիւր պետութեան ռազմավարական պաշարներուն հիմնականը հասարակութեան բարոյահոգեբանական մթնոլորտն է, իսկ այսպիսով կը ջլատուի պատերազմի անհերքելի վտանգ ապրող ժողովուրդը, անոր համերաշխութիւնը, կը թուլնայ ու խոցելի կը դառնայ անոր ոգին, մարտունակութիւնը:

«Ժողովուրդը ձեզանից այլ սպասում եւ ակնկալիք ունէր` մենք ունէինք իրական եւ անթիւ խնդիրներ եւ ձեզանից տեսանելի, շօշափելի լուծումներ էինք ակնկալում: Աւա՜ղ, բարենպաստ, հայեցակարգային լուծումներ չկան որեւէ ոլորտում, նաեւ չկայ այն խումբը, որն ունակ է խնդիրներ ձեւակերպել ու լուծել դրանք: Ձեր խումբը պատրաստ չէ անգամ լսել որեւէ քննադատութիւն, առաջարկ, երկրին անհրաժեշտ ծրագրեր: Ձեր հակազդեցութիւնն այնքան բիրտ է ու փողոցային, արդեօք այսպիսի՞ն էր ժողովրդավարութեան ձեր աղճատուած պատկերացումը», ըսաւ ան:

Լ. Գալստեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ բռնութեան եւ ատելութեան խօսքը բռնութեան վարքագիծի ծնունդ կու տայ, ցած իրաւագիտակցութիւն ունեցող ժողովուրդէն ամբոխ կը ստեղծէ, իսկ այսօր հրամայականը քաղաքացի կոփելն է: «Ակնյայտ է կազմակերպուած արշաւը ազգային, աւանդական, հոգեւոր արժէքների վրայ: Մի՞թէ չէք տեսնում, որ չսպասարկուող ակնկալիքները հիասթափութեան դռներն են բացում: Դաշնակցութեան քաղաքական ինքնութիւնը յստակ է` ՄԵՐԸ ԵՐԿԻՐՆ Է ու ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, մենք բարդոյթներ չունենք, մենք պարտաւոր ենք զգուշացնել, կասեցնել այն ընթացքն ու վարքագիծը, որը երկիրը տանում է ցնցումների, արկածախնդրութեան, կորուստների ճանապարհով: Ձեզ ոչ ոք չի տուել այդ իրաւունքը: Լրջացէ՛ք», ըսաւ ան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան, որ ըսաւ, թէ  նախորդ ապրիլ-մայիսին տեղի ունեցած համաժողովրդական շարժումը բուռն արձագանգ ունեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ, ակնկալութիւն կար անցեալի յոռի երեւոյթներու մերժում, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջի բացում, համազգային օրակարգերու ձեւաւորում տեսնել: Բայց եւ այնպէս ան դիտել տուաւ, որ տարի մը ետք կայ որոշ հիասթափութիւն, չիրականացած ակնկալութիւններ, տագնապ, անհասկացողութիւն եւ անորոշութիւն երկրին ապագայի նկատմամբ: «Անցեալի սխալները սրբագրելու եւ յառաջ երթալու փոխարէն, զարմանալի է սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը եւ փոխարինումը անորոշ դրուածքով: Սփիւռքի կառոյցներու տեսակէտներուն անտեսումով առաջարկուած տարբերակը անհասկնալի է», յայտնեց ան:

«Այսօր փորձ կը կատարուի բաժանարար գիծերը, այլամերժութեան մթնոլորտը տարածել նաեւ սփիւռքի տարբեր հատուածներուն մէջ: Սեւ ու սպիտակ, յեղափոխական ու հակայեղափոխական պիտակաւորումները կը պառակտեն ու կը ջլատեն մեր ուժերը: Մեզ կրնային միաւորել համահայկական օրակարգերը` Հայ դատ, Արցախ, հայոց պետականութեան ամրապնդում եւ զարգացում: Այս օրակարգերուն շուրջ միաւորումն է, որ անցնող տարիներուն յաղթանակներ եւ ձեռքբերումներ պարգեւած է մեզի: Այդ միաւորումն է, որ մեզ աւելի ուժեղ դարձուցած է, աւելի ինքնավստահ` մեծցնելով մեր համազգային դիմադրողականութիւնը: Իբրեւ արդիւնք այսօր ունինք զոյգ հայկական պետականութիւններ, հզօր ու մարտունակ բանակ», շեշտեց Պչաքճեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը դիտել տուաւ, որ բաժանարար գիծեր կրնան ըլլալ, սակայն անոնք ներազգային ճակատին մէջ պէտք է ճիշդ հասցէագրուին: «Սպիտակ են անոնք, որոնք համազգային մեր իղձերն ու նպատակները վեր կը դասեն հատուածական շահերէն: Սպիտակ են անոնք, որոնք ձեռքբերումները պահպանելով եւ սխալները սրբագրելով նոր յաղթանակներ կը կերտեն: Սպիտակ են անոնք, որոնք համազգային պայքարին մէջ իրենց ներդրումը չեն պայմանաւորեր իշխանութեան մէջ ըլլալ-չըլլալու հանգամանքով: Սպիտակ են անոնք, որոնք համահայկական ներուժի համախմբման եւ նպատակային ուղղորդման հաւատացողներն են:

«Սեւերը անոնք են, որոնք կը փորձեն անհանդուրժողականութիւն սերմանել, միասնականը տրոհել, երկփեղկել, տարբերութիւններուն վրայ շեշտադրելով, ընդհանրութիւնները անտեսել: Սեւ են անոնք, որոնք կը փորձեն խաթարել մեր արժեհամակարգը` հայութեան ազգային նկարագիրին անյարիր կեղծ արժէքներ ներմուծելով: Սեւ են անոնք, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար մեր սրբութիւններն ու համազգային ձեռքբերումները կը փորձեն նսեմացնել ու արժեզրկել: Սեւ են անոնք, որոնք ունակ են քանդելու, բայց ոչ` արարելու ու կառուցելու: Վերջապէս սեւ են անոնք, որոնք կը փորձեն սեպ խրել Հայաստանի ու Արցախի միջեւ», հաստատեց Բենիամին Պչաքճեան:

Ան դիտել տուաւ, որ հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն ակնկալութիւններէն մէկը տնտեսութեան զարգացումը, նոր աշխատատեղերու ստեղծումն ու կենսամակարդակի բարձրացումն է, իսկ արտաքին ներդրումները այս իմաստով հիմնական երաշխիքներն են: Սակայն, անհրաժեշտ է ու նախապայման` ներքաղաքական կայունութիւնն ու կանխատեսելի ու յստակ տնտեսական քաղաքականութիւնը: «Պարբերական ցնցումները եւ լարուած իրավիճակները վստահութիւն չեն ներշնչեր ներդրողներուն համար», աւելցուց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Բ. Պչաքճեան հաստատեց. «Դաշնակցութիւնը իր համահայկական կառոյցով, Հայ դատի գրասենեակներով եւ ուղեկից միութիւններով անկախ անկէ` իշխանութիւն է, թէ ընդդիմութիւն` գործած է ու պիտի գործէ ի շահ Հայաստանի պետականութեան հզօրացման, Արցախի անվտանգութեան ապահովման, միջազգային ճանաչման ու հայութեան համազգային նպատակներու իրագործման: Ազգովի համախմբուելու եւ լրջանալու պահն է: Ժամանակ կորսնցնելու ու սխալելու իրաւունք` պարզապէս չունինք»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, որ անդրադարձաւ հանրահաւաքի նպատակին` ահազանգ հնչեցնել իշխանութիւններուն, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել, որովհետեւ արդէն մօտեցած ենք անշրջելիութեան կէտին, այն կէտին, որմէ ետք կորուստները անդառնալի կ՛ըլլան:

«Իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն համահունչ չէ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներին եւ ժողովրդի սպասումներին, այլեւ գնալով առաջացնում է նոր վտանգներ, կուտակում նոր խնդիրներ: Սա մի սպառնալիք է, որն այս ինքնագոհ եւ ինքնահաւան իշխանութիւնը չի զգում ու չի էլ պատրաստւում դրա դէմն առնել: Դրա համար եկել ենք ասելու` լրջացէ՛ք, դուրս եկէք ձեր այս ինքնասիրահարուած ու էյֆորիք վիճակից:

«Որ սթափուելու պահն է, ցոյց են տալիս այս վարչախմբի իշխանավարման մէկամեայ հետեւանքները: Այլեւս ակնյայտ է, որ համաժողովրդական շարժումը, որի կողքին կանգնել ենք նաեւ մենք, վաղուց արդէն չունի իր սկզբնական թափն ու ընդգրկումը: Ինչպէս եւ յաճախ է պատահել մարդկութեան պատմութեան ընթացքում, դա տեղի է ունենում այն պատճառով, որ շարժման առաջնորդը ժամանակի ընթացքում շարժումը սկսում է փոխարինել իրենով եւ հետզհետէ ձեռք է բերում ժողովրդի անունից խօսելու բացառիկ իրաւունք: «Արդիւնքում, առաջ-առաջ գոռալով, յետ-յետ ենք գնում, քանզի կրկին վերադառնում ենք միահեծան ու միանձնեայ կառավարմանը, բայց այս անգամ իբրեւ թէ ժողովրդի կամքով ու պահանջով: Արդէն ժողովրդի անունով պարբերաբար կարելի է տապալել սահմանադրական կարգը, շրջանցել օրէնքներն ու կասեցնել ցանկացած պետական մարմնի լիազօրութիւն: Սա մի ընթացք է, որը գուժում է, ոչ աւելի, ոչ պակաս, սահմանադրական պետութեան վերջի մասին: Հէնց այս դէպքերի համար է ժողովրդական խօսքն ասում. «Մրից ելանք, մրջուրն ընկանք», ըսաւ Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, անցեալին չվերադառնալ կը նշանակէ չվերադառնալ անցեալի յոռի բարքերուն ու արատներուն, եւ ոչ թէ ջնջել անցեալը ամբողջ, երբ բազմաթիւ նուաճումներ, յաղթանակներ արձանագրուած են: «Եթէ չի գիտակցւում, որ մեր հաւաքական ուժի միակ յուսալի աղբիւրը մեր ունեցած աւելի քան տասը միլիոն հայութիւնն ու 42 հազար քառ. քմ դարձած Հայաստանն ու Արցախն են, ուրեմն կորուստներն անխուսափելի են լինելու, իսկ մեր ապագան` վտանգուած: Եթէ Ազատամարտի յաղթական այս ձեռքբերումը մեզնից անգամ մէկի մտքով անցնում է ստորադասել որեւէ այլ` թէկուզ եւ կարեւոր բանից, ուրեմն մեր սերունդն ազգովի սթափուելու խնդիր ունի: Աւելի՛ն` եթէ դաւադիր պատերազմի մասին յայտարարութիւնը սոսկ վարկած կամ թէկուզ հիմնաւոր կասկած է, այլ ոչ թէ յստակ բացայայտում, ապա դա ո՛չ միայն վտանգաւոր է, այլեւ մեծագոյն նուէր Ազրպէյճանին: Յիշէ՛ք, որ Ազրպէյճանը հէնց այդ տրամաբանութեամբ էլ արդարացնում էր 2016 թուականի` իր ապրիլեան յարձակողականութիւնը»:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ չկայ երաշխիք, որ իշխանութիւնները անհրաժեշտ լրջութիւն դրսեւորեն եւ կասեցնեն գահավիժող ընթացքը: «Անհրաժեշտ երաշխիքը կարող է տալ դարձեալ նոյն ինքը` հայ մարդը, Հայաստանի քաղաքացին, բայց ոչ թէ որեւէ մէկին կուռք դարձրած` կուրօրէն հետեւողը, այլ ինքնուրոյն, ազատ մտածող ու գործող հայ մարդը: Հետեւաբար, այս հանրահաւաքով, պէտք է մեկնարկի երկրի համընդհանուր զարգացումը բնականոն հուն տեղափոխելու համար իշխանութիւններին հակակշռելու եւ զսպելու քաղաքական եւ քաղաքացիական հետեւողական մի գործընթաց: Սա նշանակում է ո՛չ միայն սկսել դեղին քարտերի մի շարժում եւ իշխանութեան ամէն սխալ, վնասակար ու վտանգաւոր քայլի համար իշխանութեանը դեղին քարտ ցոյց տալ, այլեւ ցոյց տալ, թէ ո՛րն է Հայաստանի, հայութեան համար երկրի զարգացման բնականոն հունը: Իսկ սա արդէն այն հարցն է, որի առջեւ կանգնում է ու պէտք է կանգնի Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն:

«Եւ սա բխում է այն պարզ իրողութիւնից, որի մէջ գտնւում են Հայաստանն ու Արցախը: Փաստն այն է, որ մենք պատերազմի եւ շրջափակման մէջ ենք: Նաեւ նոյնքան ակնյայտ է, որ մենք պարտաւոր ենք զարգանալ պատերազմական, շրջափակման եւ դէպի ծով ելք չունենալու պայմաններում` առանց զիջելու մեր համազգային շահերն ու ձեռքբերումները: Այս նպատակին հասնելու համար յիրաւի մեզ պէտք են խորքային ու բազմակողմանի փոփոխութիւններ: Այսպիսի նպատակային եւ յստակ ծրագրուած փոփոխութիւններին իսկապէս այլընտրանք չկայ: «Զարգանալ` չզիջելով» գաղափարն իր բոլոր` ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, հոգեւոր-մշակութային եւ այլ բաղադրիչներով կեանքի կոչելու համար բոլոր շահագրգիռ ուժերին եւ անձանց համախմբելու եւ գործի մղելու մեկնարկն է, որ ազդարարւում է այս հանրահաւաքով:  Այո՛, մենք կարող ենք եւ պէտք է զարգացնենք մեր երկիրը` առանց թշնամուն զիջելու», հաստատեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով ան կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն` լրջանալու եւ ստանձնելու ազգային իշխանութիւններին վայել յանձնառութիւն, «ապա թէ ոչ, այս դեղին քարտերը մի օր կարմիր կը դառնան»:

Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ անդրադարձաւ տարի մը առաջ եղած իշխանափոխութեան եւ անկէ` ժողովուրդին ունեցած ակնկալութիւններուն: Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը,  հակառակ իր բազմաթիւ մտահոգութիւններուն, վարչապետին առաջարկով մաս կազմեց նոր կառավարութեան` համաժողովրդական շարժումը արդիւնաւորելու, երկիրը առանց ցնցումներու զարգացման նոր փուլ տեղափոխելու անկեղծ մղումով` իբրեւ համահայկական կառոյց պատրաստ ըլլալով իր ամբողջ ներուժը եւ կարելիութիւնները ներդրել` երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները լուծելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը ամէն ինչ ըրաւ եւ յաջողեցաւ, քանի որ միշտ ունէր այն մտահոգութիւնը, որ  ժողովուրդը կրկին յուսախաբ ընելը շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, բայց եւ այնպէս իշխանութիւնները ընտրեցին բաժանարար գիծեր ստեղծելու եւ հակադրութիւններ սերմանելու ուղեգիծը:

Ի. Սաղաթէլեան յայտնեց, որ տարի մը անց ժողովուրդին ակնկալութիւնները չեն կատարուած, տրուած խոստումները չեն յարգուած, աւելի՛ն` ազգային միասնական օրակարգ ձեւաւորելու, հասարակութիւնը համախմբելու, հասարակական համերաշխութիւն հաստատելու, հայ ժողովուրդին համահայկական ներուժը եւ կարողութիւնները կազմակերպելու եւ առաջ տանելու փոխարէն Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ապրին անցեալով: «Այո՛, պարզ է` անցեալի մասին խօսելը հեշտ է եւ յաճախ անպատասխանատու, իսկ ներկայի եւ ապագայի մասին խօսելն ու որոշումներ ընդունելը` դժուար եւ պատասխանատու, յանձնառու»:

Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները ժողովուրդէն ունեցած վստահութիւնն ու օրինական լիազօրութիւնները կ՛օգտագործեն այլ նպատակով: «Թէեւ իշխանութիւնները պէտք է թիւ մէկ շահագրգիռը լինեն երկրում կայունութիւն եւ համերաշխութիւն հաստատելու համար, այդուհանդերձ, իրենց քայլերով ո՛չ միայն չեն նպաստում դրան, այլեւ հակառակը` երկրում հրահրում են բախումներ:

«Մենք եկել ենք ասելու հետեւեալը` եթէ այսպէս էք քայլ անելու, աւելի լաւ է կանգ առէք, լրջացէք, նստէք տեղներդ եւ գործ արէք: Դուք այլեւս իշխանութիւն էք, «դուխով»-ն արդէն վաղուց իրական չէ, եւ պէտք է գործել խելքով ու մտքով: Մենք վիճակը գնահատում ենք տագնապեցնող, համոզուած ենք, որ սխալ ընթացքով ճիշդ հանգրուանի չենք հասնի», ըսաւ ան:

Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յիշեցուց, որ նախորդ 5 ամիսներուն Դաշնակցութիւնը հանդէս եկած է շարք մը նախաձեռնութիւններով, իրենք հիմնաւորուած տեսակէտներ ներկայացուցած են կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին, կառուցուածքին, հարկային օրէնսգիրքի, բազմաթիւ այլ հարցերու մասին, սակայն չլսելու ու չտեսնելու տրուած են այս բոլորը: «Հիմա էլ ենք ասում` պատրաստ ենք օգնել ու որեւէ շահախնդրութիւն չունենք` ո՛չ պաշտօն ենք ուզում, ո՛չ աշխատավարձ, ո՛չ էլ պարգեւավճար: Ունենք մի ցանկութիւն` երկիրը զերծ պահել արկածախնդրութիւնից», նշեց ան:

Ի. Սաղաթէլեան նաեւ անդրադարձաւ վարչապետին այն մնայուն պնդումներուն, որ երկրին մէջ կան օտար գործակալներ, Արցախը յանձնելու մտադիր դաւաճաններ, պետութեան դէմ հիւսուող դաւադրութիւններ: «Եթէ, իրօք, վարչապետն ունի նման տեղեկութիւններ, ապա պարտաւոր է հնչեցնել յստակ անուններ, հակառակ պարագայում` դա կը դիտարկուի հասարակութեանը եւ սեփական ժողովրդին երեւակայական թշնամիներով ահաբեկելու փորձ», աւելցուցած է ան:

Հանրահաւաքին վերաբերող տարաձայնութիւնները ջրելով` ան յայտարարեց. «Յատուկ ուզում եմ յայտարարել, որ այս հանրահաւաքը ո՛չ ընդդէմ է, ո՛չ էլ` յանուն որեւէ անհատի: Սա հանրահաւաք է ընդդէմ ազգային պառակտումի, ընդդէմ պետական հաստատութիւնների կազմաքանդման, ընդդէմ ժողովրդավարութեան անուան տակ քաղաքական մենիշխանութիւն հաստատելու փորձի: Սա հանրահաւաք է` յանուն մեր պետականութեան, յանուն Արցախի, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան, սա՛ է Դաշնակցութեան օրակարգը: Այդ օրակարգի կրողն է Հայաստանի առողջ, գիտակից, մտածող, արժանապատիւ քաղաքացին, որի հետ մենք ճանապարհ ունենք անցնելու»:

Այս բոլորին լոյսին տակ, Սաղաթէլեան իշխանութիւններէն պահանջեց դուրս գալ ժողովրդական եւ քաղաքական թաքստոցէն, ըլլալու ազնիւ զիրենք իշխանութեան բերած ժողովուրդին հետ եւ հրաժարելու արհեստական օրակարգերէն, նաեւ գիտակցելու, որ զիջումներու ուղին կործանարար է Հայաստանի եւ Արցախի համար: Ան կոչ ուղղեց յարգելու  սահմանադրութիւնը, համախմբելու ժողովուրդը եւ լծուելու երկրի կառուցման գործին, դադրեցնելու սեփական ժողովուրդին մէջ թշնամիներ փնտռելը, հասկնալու, որ իրենց տեսակէտները չկիսողները կամ զիրենք քննադատողները եւս ժողովուրդ են եւ անպայման իրենց հակառակորդները չեն: «Հրաժարուէ՛ք շոյերից եւ ամբոխավարութիւնից, ուժի եւ սպառնալիքի միջոցով ժողովրդի անունից մենիշխանութիւն հաստատելու ձգտումից: Սա զգուշացում է` դեղին քարտ, լրջացէ՛ք»:

Հանրահաւաքին խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան, որ ըսաւ, թէ իշխանաւորները նախորդ տարուան ընթացքին յեղափոխութիւնն ու Արցախը կապեցին իրարու, ամիսներ առաջ յեղափոխութիւնը աւելի վեր դասեցին, քան արցախեան ազատագրական պայքարը, իսկ հիմա ալ կը խօսին Արցախի մէջ յեղափոխութեան մասին: «Ի՞նչ յեղափոխութիւն, երբ Արցախում յեղափոխութիւն վաղուց` 1988-ին է եղել` ազգային-ազատագրական յեղափոխութիւն: Հիմա խօսում են լոկ իշխանափոխութեան մասին, հիմա էլ Արցախից պահանջում են ինդուլգենցիա (փողով վաճառուող պապական հրովարտակ)` մեղքերի քաւութիւն, ենթակայութեան խոստում: Խօսում են Արցախի հարցի չլուծուածութեան մասին, բեռը թողնում են ժողովրդի վրայ: 30 տարի առաջ լուծումը տրուած է», յայտարարեց ան:

Ըստ Գ. Մանուկեանի, ապրիլեան պատերազմի ժամանակ հակառակորդը դաւադրաբար յարձակեցաւ, հիմա այդ հակառակորդը կը տեղափոխեն Հայաստան: Ան ըսաւ, թէ իրենք այս հաւաքին իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց կու տան` ըսելով, որ վտանգաւոր ջրբաժանի վրայ են. ամբողջ բանակը, բանակի հրամանատարութիւնը կ՛ուզեն տանիլ քաւարան` ապրիլեանի հետաքննութիւն անուան տակ: «Ապրիլեան պատերազմի հետաքննութիւնը շօ չէ, հրապարակների, ելոյթի բան չէ, Ռոպերթ Աբաջեանի պապիկի շօ մի՛ արէք: Մի՛ արէք, ձեզ չեն ներելու», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան, որ նշեց, թէ ժողովրդային շարժումով ծագեցաւ այն յոյսը, որ անիկա պիտի տանի դէպի սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան, միասնութեան փուլ, եւ այդ միասնութեամբ հզօր եւ ուժեղ պիտի ըլլայ Հայաստանը:

«Կարճ ժամանակ անց մեզ մօտ սկսեցին կասկածներ առաջանալ: Հիմա այլեւս կասկածելու բան չունենք, չկայ սէր եւ հանդուրժողականութիւն, կայ բացայայտ ատելութեան մթնոլորտ: Արհեստականօրէն ստեղծուած այդ ատելութեան մթնոլորտը սերմանւում է ոչ թէ իշխանութիւնների յայտարարուած հակայեղափոխականների, այլ հէնց իշխանութիւնների կողմից: Դա արւում է մտածուած: Յայտարարել ենք, որպէս Դաշնակցութիւն, եւ այսօր յայտարարում ենք` Դաշնակցութիւնն ունի իր օրակարգը: Մեր օրակարգն է` լինել առանցքային ընդդիմութիւն, որը շտկելու է իշխանութեան սխալները, թոյլ չի տալու Ռուբիկոնն անցնել: Այսօր մենք եկել ենք դեղին քարտերով», հաստատեց ան:

Տարօն Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը երբեք չ՛ուզեր այս իշխանութեան ձախողութիւնը, որ մեր ժողովուրդին, պետութեան ձախողութիւնն է: «Մենք` որպէս 130-ամեայ փորձառութիւն ունեցող, պատերազմներով ու դժնդակ օրերով անցած փորձառու քաղաքական կուսակցութիւն, կոչ ենք անում մեր իշխանութիւններին` լրջանալ: Մենք ասում ենք` անցեալին վերադարձ չկայ, անցեալը յետընթաց է, մենք առաջ ենք նայում: Այսօր մեր առաջընթացի գրաւականը մեր միասնութիւնն է: Սակայն այսօր բաժանարար գծերը, թշնամութեան մթնոլորտը բզքտում են մեր հայրենիքը: Ամենակարեւորը` վտանգւում է մեր հայրենիքի, մեր ժողովրդի ու Դաշնակցութեան սրբութեան սրբոցը` Արցախը: Դաշնակցութիւնը խիստ անհանգստացած է Արցախի հարցով մեր իշխանութիւնների վարած քաղաքականութիւնից», ըսաւ ան:

Տարօն Տօնոյեան աւելցուց, որ պէտք է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ այսօր մտածուած ձեւով կեղծ օրակարգ կը նետուի պետութեան մէջ` հակայեղափոխութեան վտանգի գաղափարի ձեւով: «Չկայ հակայեղափոխութիւն, չի կարող լինել մի երկրում, ուր իշխանութիւններն ունեն 70-80 տոկոս ձայն, իսկ Ազգային ժողովում էլ ընդդիմութիւն չկայ: Որտեղի՞ց պիտի լինի հակայեղափոխութիւն: Սա մտածուած է արւում, որ շեղեն ժողովրդի ուշադրութիւնը կարեւոր խնդիրներից: Մտածուած է արւում, որ վաղուայ իրենց ձախորդութիւնները բարդեն «հակայեղափոխականներ»-ի վրայ: Չկայ հակայեղափոխութիւն:

«Կը լինեն դժգոհութիւններ, բայց Դաշնակցութիւնը երբեք հակապետական չի եղել ու չի լինի: Դաշնակցութիւնը կը բռնի այն մարդու ձեռքը, որը կը փորձի մեր պետութիւնը հանել ուղեծրից եւ այլ ուղղութեամբ տանել: Փորձում են Արցախը դարձնել առեւտրի առարկայ, շոյի առարկայ, փորձում են ապրիլեան պատերազմի նահատակների թափուած արիւնը կասկածի տակ դնել, թէ` դա դաւադրութեան հետեւանք է: Ինչպէ՞ս ենք այդ մայրերին պատասխան տալու:

«Մենք կողմ ենք` յանցագործների տեղը բանտում է, դաւաճանների տեղը կախաղանն է: Բայց պէտք է արդարութիւնը բոլորի համար հաւասար լինի: Եթէ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ եղել է դաւադրութիւն, ուրեմն արդէն անլուրջ է այդ մասին յայտարարութիւն անելը. նախ` դաւադիրները պէտք է արդէն յայտնուէին բանտում, յետոյ` նոր հրապարակուէր այդ մասին: Այդ ի՞նչ յանձնաժողով պէտք է լինի Ազգային ժողովում, որ քննարկի ապրիլեան պատերազմը: Այն մարդիկ, որոնք հայկական բանակում մէկ օր շարք չեն կանգնել, չեն ծառայել, նրա՞նք պէտք է քննեն ապրիլեան դէպքերը, ովքեր բանակի մասին տարրական գիտելիքներ չունեն, մէկ անգամ վառօդի հոտ չեն շնչել:

«Մենք միակամ ենք, ուշի ուշով հետեւում ենք եւ ամէն րոպէ բարձրաձայնելու ենք իշխանութիւնների ձախորդ քայլերի, յայտարարութիւնների եւ գործողութիւնների մասին: Մեր նպատակը մեր հայրենիքի, մեր պետութեան` «Զարգանալ` չզիջելով» սկզբունքով ուղին է», խօսքը եզրափակեց Տարօն Տօնոյեան:

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Համանախագահները Երեւանին Եւ Պաքուին Պիտի Ներկայացնեն Գերիներու Վերաբերեալ Իրենց Առաջարկները»

Յաջորդը

Քաքա Կը Փափաքի Վերադառնալ Ա. Սէ. Միլան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?