Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Մայիս 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` 23 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ Դաշնակցութեան հանրահաւաքը` «Լրջացէ՛ք» կարգախօսով:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան յիշեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը աջակցեցաւ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած ժողովրդական շարժման` անսալով քաղաքական իշխանութիւններուն կոչին, մաս կազմեց կառավարութեան, աշխատեցան մօտ 4,5 ամիս` իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնը ներդնելով, որ կառավարութիւնը յաջողի, սակայն յետոյ տեղի ունեցան այլ փոփոխութիւններ` իշխանութիւնը մնաց նոյնը, սակայն փոխուեցաւ կառավարութեան կազմը:

«Այս մէկ տարուան ընթացքին մենք որոշ ակնկալութիւններ ունէինք կառավարութենէն, այսօր այդ ակնկալութիւնները, ցաւօք, չեն իրականացած: Աւելի՛ն. մենք կը տեսնենք, որ կ’առնուին որոշ քայլեր, կ’ուղղուին կոչեր, որոնք ո՛չ միայն չեն արդարացներ մեր սպասումները, այլ նաեւ կրնան երկիրը տանիլ բաւական ծանր փակուղային իրավիճակի: Եւ ասիկա չի վերաբերիր միայն վերջերս տեղի ունեցած դէպքերուն, անոնք թերեւս որոշ չափով արագացուցին, բայց փաստ է, որ այս դժգոհութիւնը մեր մէջ կուտակուած է երկար ժամանակէ ի վեր: Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ տնտեսական քաղաքականութեան, որովհետեւ իրականացուող տնտեսական քաղաքականութիւնը շարունակութիւնն է նոր-ազատականութեան, երբ կ’ըսուի, որ պետութեան դերը պէտք է նուազագոյնի հասցուի, բարենպաստ պայմաններ պէտք է ստեղծուին, իսկ քանի որ «աղքատութիւնը մարդոց գլուխներուն մէջ է», թող ինքնուրոյն կերտեն իրենց բարեկեցութիւնը», նշած է ան:

Արթուր Խաչատրեան շատ մտահոգիչ նկատած է Արցախի հարցին վերաբերող վերջին յայտարարութիւնները, թէ` Արցախի մէջ կան ուժեր, որոնք «դաւադիր» են, «դաւաճան» եւ իրենց «դաւադիր», «ազգակործան» խնդիրները լուծելու համար պատրաստ են պատերազմ սադրելու:

«Ասիկա շատ մտահոգիչ է, առհասարակ` այս Հայաստան-Արցախ ջրբաժանը, որ վերջերս սկսաւ խորանալ: Անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ կու գայ հայաստանցի-ղարաբաղցի բաժանումը, կառավարութիւնը, իշխանութիւնները պատասխանատու են տեղի ունեցած որեւէ իրադարձութեան համար եւ պարտաւոր են կանխել այդ բաժանումը: Ցաւօք, մենք այդ մէկը կանխելու քայլեր չենք տեսներ, ընդհակառակն` կ’ուղղուին պետական դաւաճանութեան մէջ մեղադրանքներ` յստակ ուժերու ուղղուած: Ասիկա մեզի համար անընդունելի է, յատկապէս` երբ հասարակութեան մէջ կան ձեռնածութիւններ կատարողներ, որոնք կը փորձեն օգտագործել հայաստանցի-ղարաբաղցի դաւաճանական տարբերութիւնը ներդրելու համար», շեշտած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

Արթուր Խաչատրեան նշած է, որ անընդունելի է նաեւ առկայ հասարակական անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը, որ սկիզբ առաւ սեւեր-սպիտակներ բաժանումէն:

«Այսպիսի գիծ մը կայ, որ` իշխանութիւնը ձեւաւորած է ժողովուրդը, հետեւաբար, ան, որ իշխանութեան համակարծիք չէ, համակարծիք չէ ժողովուրդին, ուստի նաեւ` ժողովուրդին թշնամի է, անոր դէմ պէտք է պայքարիլ: Եթէ ասոր վրայ աւելցնենք նաեւ այն անհասկնալի անցումային արդարադատութեան դրոյթը, մենք վտանգներ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան խաթարման ուղղութեամբ: Մենք կ’ընդունինք, որ այսօրուան իշխանութիւնը ունի բարձր օրինականութիւն, վստահութիւն, եւ կարիք չկայ դիմելու քայլերու, որոնք կասկածներու տեղ կու տան, մասնաւորապէս` դատարանները շրջափակելու վերջին քայլը: Մեր երկրի խնդիրներէն մէկն ալ եղած է այն, որ դատական, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնները մէկ կեդրոնէ կառավարուած են: Հիմա փոխանակ քայլերու ձեռնարկելու այս երեք իշխանութիւններուն միջեւ հակակշիռներու եւ փոխզսպումներու գործիքակազմերը ամրապնդելու համար, օրէնսդիրն ու գործադիրը կը փորձեն դատական իշխանութեան պարտադրել իրենց կամքը: Քաւ լիցի, մենք երբեք չենք մերժած, որ դատաիրաւական համակարգը վստահութեան պակաս ունի, հակառակը` մենք կոչ կ’ուղղէինք իշխանութիւններուն, որ քայլերու ձեռնարկեն դատաիրաւական ամբողջ համակարգին նկատմամբ վստահութիւնը բարձրացնելու համար: Խօսքը կը վերաբերի թէ՛ դատարաններուն, թէ՛ դատախազութեան, թէ՛ քննչական մարմիններուն, թէ՛ ոստիկանութեան: Թիւր կարծիք կայ, թէ քննչական մարմինները շատ աւելի ձեռնհաս եւ ազնիւ են, քան դատական մարմինները: Ո՛չ, ասիկա լրիւ շղթայ մըն է, եւ բոլոր մարմիններուն մէջ բարելաւման կարիք կայ: Բայց եթէ մենք իրապէս կը խօսինք դատաիրաւական բարեփոխումներուն մասին, ասիկա չի նշանակեր, որ գործող օրէնքները պէտք է բռնաբարել, խախտել` օրինականութիւն հաստատելու համար: «Նպատակը կ’արդարացնէ միջոցները» մօտեցումը մեզի համար ընդունելի չէ, եւ մենք մեր մտահոգութիւնը կը պատրաստուինք ներկայացնել ե՛ւ հասարակութեան, ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան», եզրափակած է Արթուր Խաչատրեան:

 

 

Նախորդը

Արմենուհի Կիւրեղեան. «Փոփոխութիւններու Լաւագոյն Ուղին Սահմանադրականն Է»

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Իշխանութիւնը Լաւ Չ՛աշխատիր Եւ «Դեղին Քարտ»-ի Պէտք Է Արժանանայ»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?