Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Մայիս 23, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին:

Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան – Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ արտաքին քաղաքականութեան իւրաքանչիւր հիմնական քայլ առնելու ընթացքին Երեւանը հաշուի կը նստի համաեւրոպական կառոյցներու պաշտօնական հաւանական արձագանգումներուն հետ:

Այդ արձագանգումները կը թուի, թէ իբրեւ վարքագիծ ստացած են ոչ անպայման հաւասարակշռման կամ հակամարտութեան հետ առնչուած դիրքորոշման պարագային համահաւասար պատասխանատուութիւն բարդելու ոճ  եւ բովանդակութիւն, այլ նոյնինքն ներհայաստանեան խնդիրներուն, այս պարագային բարեփոխման նպատակին եւ օգտագործուած եղանակին առումներով:

Այսպէս. Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի մշտադիտարկման խումբի համազեկուցողներ Եուլիա Լուվոչքինա եւ Անտրէյ Շիրցել նշած են, թէ իշխանութիւնները պէտք է զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ: Խօսելով իրաւունքի գերակայութեան մասին` անոնք յայտնած էին, որ  նման առաջադրանք կ՛իրականացուի, երբ քաղաքական որեւէ միջամտութիւն չի կատարուիր: Հաստատելէ ետք այսօրուան համակարգին նկատմամբ  գոյութիւն ունեցող հանրային վստահութեան ցած մակարդակը, համազեկուցողները կ՛ողջունէին դատական համակարգի արմատական բարեփոխման մեկնարկը եւ աջակցելու տրամադրութիւն կ՛ընդգծէին:

Ուղերձի ամփոփումը մօտաւորապէս այն էր, որ ԵԽԽՎ-ն, գէթ այս զեկուցումի եզրակացութիւնը որդեգրելու պարագային, կը հաստատէ դատական համակարգը բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու անոր, իրաւական ընթացակարգը իբրեւ ուղի մատնացոյց կ՛ընէ առաջադրանքի իրականացման համար եւ կը զգուշացնէ գործընթացին` քաղաքական միջամտութիւն կատարելէ:

Առընթեր` Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնախումբ»-ի պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմ յայտարարութիւն  հրապարակած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով դատարաններու գործունէութիւնը արգելակելու կոչին առիթով: Այստեղ եւս կը շեշտուէր դատական բարեփոխումներու եւ քաղաքացիներուն կողմէ արդարադատական համակարգին նկատմամբ վստահութեան վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը:

Եթէ ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողներուն եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան  գործընկերութեան յանձնախումբի պատուիրակութեան ղեկավարին յայտարարածներուն միջեւ օրինաչափ է նկատել երանգային եւ շեշտադրումային որոշակի տարբերութիւններ, ապա նուազ օրինաչափ է այս վերջինին եւ Եւրոպական Միութեան հայաստանեան ներկայացուցիչի մեկնաբանական արձագանգումներուն միջեւ նկատել որոշակի տարբերութիւններ:

Սվիթալսքին ընդգծումներով ողջունելի նկատած է դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները, խօսած ալպանական օրինակին եւ այդ օրինակի կայացման մէջ Եւրոպական Միութեան ունեցած ներդրումին մասին. պարզ դարձնելով, որ զտման (վեթինկի) գործընթացը ստացած է Վենետիկի յանձնաժողովի համաձայնութիւնը. խօսած` այսօրուան համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած անվստահութեան մասին, աւելցնելով, որ առանց քննարկած ըլլալու օրակարգը, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Երեւանի կողմէ առաջադրուող գործընթացին:

3 պաշտօնական յայտարարութիւնները լուսարձակի տակ առնելով կը նկատուի, որ համաեւրոպական կեդրոններու ներկայացուցիչները  կ՛ընդգծեն Հայաստանի արդարադատական համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին մօտ տեղ գտած անվստահութիւնը եւ զայն վերականգնելու հրամայականը: Կը շեշտուի սահմանադրականութեան յարգումը եւ գէթ երկու պարագային մտահոգութիւն կը յայտնուի արտասահմանադրական կամ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի շրջանցումով հանգուցալուծումներու առաջնորդուելու մղումներուն առիթով:

Եւրոպական ուղերձները եթէ յստակ են առաջադրուած օրակարգին աջակցելու ուղղութեամբ, ապա խառն են օգտագործուած եղանակին գծով գնահատականներ տալու առումով: Կը թուի սակայն, որ գործընթացի մեկնարկի կանաչ լոյսը տրուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ, յատկապէս երբ յղում կը կատարուի Վենետիկի յանձնաժողովի համաձայնութեան:

Առաջադրուած իրաւունքի գերակայութիւնը կ՛առարկայանայ համոզիչ չափորոշիչներու լիակատար յարգումով: Վեթինկը (զտումը) բնականաբար չի վերաբերիր միայն գործող դատաւորներու կամ համակարգի աշխատակիցներու հրաժարեցումին, հրաժարումին կամ գործէ դադրեցման երեւոյթներուն: Զտումը  միայն դէպի դուրս աշխատող գործընթաց չէ անշուշտ: Չափորոշիչները` նորերը հաւաքագրելու կամ այսօրուան համակարգին մէջ ճիշդ աշխատածները պահելու առումով անհրաժեշտ է, որ դրսեւորուին համոզիչ ձեւով, եւ որոշուած սկզբունքը աշխատի նաեւ դէպի ներս: Ի վերջոյ այս հրամայականը կը բխի, ըստ յայտարարուածներուն, այս պարագային նաեւ Եւրոպայի կողմէ, համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու առաջադրանքէն: Իսկ այստեղ անաչառ մասնագիտականը պիտի գերադասուի քաղաքականին:

Որովհետեւ, անկախ եւրոպական ընկալումներէն, բարեփոխումը պիտի չենթադրէ կազմաքանդում. վիրահատութեան գործողութիւնը` հաշուեյարդար, եւ վեթինկը` կամայական պաշտօնազրկումներ:

Որպէսզի` գործընթացները արձանագրուին բացառապէս իրաւական-սահմանադրական հողի վրայ, եւ կայանայ ամբողջովին անկախ, թափանցիկ երրորդ իշխանութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Իշխանութիւնը Լաւ Չ՛աշխատիր Եւ «Դեղին Քարտ»-ի Պէտք Է Արժանանայ»

Յաջորդը

Թեհրան – Անգարա Երկաթուղիի Կառուցման Շուրջ Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?