Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն. Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախագահութենէն

May 25, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ԲԴԽ-ի մամլոյ քարտուղար Արման Խաչատրեան:

«Նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով մայիս 20-ին մամուլով իմ արտայայտած մտահոգութիւններս` այլեւս նպատակայարմար չեմ նկատեր իմ հետագայ աշխատանքս Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի եւ խորհուրդի անդամի կարգավիճակներուն մէջ», իր դիմումին մէջ գրած է Յարութիւնեան` խնդրելով իր լիազօրութիւնները նոյն օրն իսկ (24 մայիս) նկատել դադրած:

«Ձեզի կը մաղթեմ հետագայ բեղմնաւոր գործունէութիւն` իրաւական պետութեան պատշաճող անկախ դատական իշխանութեան կայացման մէջ», նշուած է Գագիկ Յարութիւնեանի դիմումին մէջ:

Ան նաեւ խոստացած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայրենակիցներուն տարիներով ամբարած ըսելիքները հասցնել անոնց: «Վստահ եմ, որ այսուհետեւ բաւարար ժամանակ կ՛ունենամ` յատկապէս միջազգային մասնագիտական գործակցութեան շրջանակներուն մէջ առաւել աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու` ի բարօրութիւն հայ ժողովուրդի: Աստուած պահապան մեր երկրին ու ժողովուրդին», գրած է Գագիկ Յարութիւնեան:

Միւս կողմէ, նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյն օրն իսկ հրամանագիր ստորագրած է Գագիկ Յարութիւնեանի եղբայրը` Արզուման Յարութիւնեանը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն զերծ կացուցելու մասին` հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը:

Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) նախագահ Արամ Սիմոնեանը եւս հրաժարած է ԵՊՀ-ի նախագահի պաշտօնէն: Համալսարանէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Սիմոնեան գործընկերներուն այդ մասին տեղեկացուցած է գիտական խորհուրդի նիստին:

Երեւանի պետական համալսարանի մամլոյ բանբեր Գէորգ Էմին Տէրեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ Արամ Սիմոնեան հրաժարական տուած է, որովհետեւ, ինչպէս ինք ըսած է` «ես թոյլ չեմ տար, որ 100-ամեակը ստուերի մէջ ձգուի, ոչ մէկ շնորհաւորանք եղաւ 100-ամեակին առիթով, եւ այդ պատճառով ես հրաժարական կը ներկայացնեմ»:

 

 

Նախորդը

Թոմ Ուաթսըն. «Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եզրափակիչին Հենրիխ Մխիթարեանի Չմասնակցիլը Խայտառակութիւն Է»

Յաջորդը

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.