Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Միջեւ Հանդիպման Ժամանակ Բարձր Գնահատուած Է Չինաստանի Աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման

May 27, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Պետական խորհուրդի անդամ, արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Մնացականեան շնորհաւորեց իր գործընկերը Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան կազմաւորման 70-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ-չինական յարաբերութիւնները խարսխուած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ` կարեւոր նկատելով առեւտրական, տնտեսական կապերու եւ ենթակառուցուածքային ներդրումային ծրագիրներու խթանումը, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութեան ոլորտներու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու  նախաձեռնումն ու իրականացումը: Այս շրջագիծին մէջ կողմերը  անդրադարձան «Մետաքսի ճամբայ տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ միացեալ օրակարգի հետագայ  ձեւաւորման եւ ընդլայնման հարցին:

Նախարար Մնացականեանի համաձայն, Հայաստանը Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը նկատէ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին միջազգային եւ շրջանային շարք մը հրատապ հարցերու:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց տագնապի հանգուցալուծման առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց Չինաստանի աջակցութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման եւ բանակցային գործընթացին: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ տագնապը պէտք է ունենայ խաղաղ եւ քաղաքական լուծում առկայ միջազգային միջնորդական ձեւաչափի շրջագիծին մէջ` ի նպաստ շրջանի ժողովուրդներուն:

Զոհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստանը միշտ հանդէս եկած է «Մէկ Չինաստանի» սկզբունքին համապատասխան: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան առնչութեամբ, քննարկուեցան շրջանային բազմակողմանի կառոյցներու ուղղութեամբ, այդ կարգին` Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Չինաստան ձեւաչափով համագործակցութեան հարցեր:

Հայաստանի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին յաջորդեց «Հայաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի  կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձերու համար մուտքի արտօնագիրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին» համաձայնագիրի, «Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յանձնումին մասին» պայմանագիրի եւ «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Չինաստանի մաքսային գլխաւոր վարչութեան միջեւ Հայաստանէն Չինաստան արտահանուող մեղրի պարենային անվտանգութեան, անասնաբուժական ոլորտին մէջ եւ բոյսերու  պահպանութեան մասին» արձանագրութեան ստորագրման արարողութիւնը:

Նախորդը

Մայիսեան Փառատօնով ՀՄԸՄ Վերահաստատեց Բարձր Ոգիով, Հպարտ Ճակատով Եւ Հայակերտման Սրբազան Առաքելութեան Կառչած Մնալով Նոր Հարիւրամեակ Սկսելու Վճռակամութիւնը

Յաջորդը

Ժեմայէլ. «Տուրքերէ Փախուստ Տալու Իրականութեան 80 Առ Հարիւրը Սուրիոյ Հետ Կապուած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.