Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի  Ներկայացուցիչ Իշխան  Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ միշտ ներգրաւուած եղած են նոր մարդիկ, թարմացում միշտ եղած է, ուստի ներքին իշխանափոխութեան հարց մեր օրակարգին վրայ չկայ. երէկ, 30 ապրիլին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ կապուած երբ երկրի վարչապետը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը շատ կտրուկ եւ յստակ յայտարարութիւններ...

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը  Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին

Երեքշաբթի, 30 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, Ստեփանակերտի մէջ այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ: ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով` նախագահ Բակօ Սահակեան նկատել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի հետ համագործակցութիւնը պահանջուած է: Ան բարձր...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Հաղորդագրութիւն

26-էն 29 ապրիլ 2019-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը: Քննելով նախընթաց միամեայ ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը եւ  յստակացնելով յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան հիմնական ուղենիշները` Գերագոյն ժողովը ընտրեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին հետեւեալ կազմով` Իշխան Սաղաթելեան Սիմոն Սիմոնեան Արծուիկ Մինասեան Լիլիթ Գալստեան Աշոտ Սիմոնեան Տարօն Տօնոյեան Շաղիկ Մարուխեան Յակոբ Մաթիլեան Արթուր Խաչատրեան Միքայէլ Մանուկեան Արմենուհի Կիւրեղեան ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ  ընտրուած...

Խմբագրական.  Անգարայի Մեծ Ետքայլը Եւ Երեւանի  Ուղենշային Ձեւակերպումները

Խմբագրական. Անգարայի Մեծ Ետքայլը Եւ Երեւանի Ուղենշային Ձեւակերպումները

Ապրիլ 24-ի առիթով Երեւան-Անգարա բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւններուն դիտարժան կէտերը մտածել կու տան, որ օգտագործուած ուղերձային հռետորաբանութիւնը ո՛չ միայն հատած է դիւանագիտութեան համար ընկալելի օրինաչափութիւններու սահմանը, այլեւ յատկապէս Անգարայի կողմէ փակած է հաւանական բաց պատուհանները: Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով Անգարան դիւանագիտական ձեւակերպումներ կ՛որոնէր ուղերձ փոխանցելու համար ո՛չ միայն հայկական կողմին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան: Ձեւակերպումները կը շրջէին «ցաւալի դէպքեր»,...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Այցելութիւնները` Հայաստանի  Նախագահին Ու Վարչապետին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Այցելութիւնները` Հայաստանի Նախագահին Ու Վարչապետին

ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ եւ վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեանէ երկուշաբթի, 29 ապրիլին այցելեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները: Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ միաւորելու, համախմբելու եւ կրթելու կարեւոր դեր ունի սփիւռքի մէջ: Անհրաժեշտ է, որ ան մեծ...

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին.  Հայոց Ցեղասպանութեան  104-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ «Անթաշ»-ի «հայր Էմմանուէլ Խուրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան  Զիատ Հաուաթ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, Ժիպէյլի շրջանի պատասխանատու Ատիպ Ժըպրան, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ջուրի...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող  Հայկական Ջոկատը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ջոկատը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը: «Ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է...

«Վերապրողների Ժառանգներիս Պարտքն Է  Համախմբուել Մեր Ազգային Իղձերի Շուրջ»  Արմէն Սարգսեան

«Վերապրողների Ժառանգներիս Պարտքն Է Համախմբուել Մեր Ազգային Իղձերի Շուրջ» Արմէն Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով: «Այսօր համայն հայ ժողովուրդը, առաջադէմ մարդկութեան հետ, աշխարհի բոլոր մայրցամաքների վրայ ոգեկոչում է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը: Ապրիլի 24-ը օսմանեան Թուրքիայում պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակի օրն է, իրենց պատմական բնօրրանում բռնութիւնների ենթարկուած եւ հայրենի հողից տեղահանուած մեր բազմաթիւ հայրենակիցների ողբերգութիւնը վերստին յիշելու,...

«Հետեւողական Ենք Լինելու Հայոց  Ցեղասպանութեան Միջազգային  Ճանաչման Գործում»  Նիկոլ Փաշինեան

«Հետեւողական Ենք Լինելու Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Գործում» Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով: «Այսօր մենք յարգանքի տուրք ենք մատուցում հայոց Մեծ եղեռնի զոհերի յիշատակին: Հայոց ցեղասպանութեան առանձնայատկութիւններից է այն, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ոչ միայն բնաջնջուել է ֆիզիքապէս, այլ նաեւ զրկուել է իր հայրենիքում ապրելու իրաւունքից: Մեզ հետեւողականօրէն զրկել են այն հողից, որտեղ հազարամեակների ընթացքում ձեւաւորուել եւ զարգանում էր հայկական մշակոյթը,...

«Միասնութիւնն Է Մեզ Դարձնում Աւելի  Ուժեղ Ու Հաստատակամ,  Տոկուն Ու Անսասան»  Բակօ Սահակեան

«Միասնութիւնն Է Մեզ Դարձնում Աւելի Ուժեղ Ու Հաստատակամ, Տոկուն Ու Անսասան» Բակօ Սահակեան

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով: «Ինչպէս ամէն տարի ապրիլի 24-ին, այնպէս էլ այսօր մեր ողջ ժողովուրդը սգում եւ ոգեկոչում է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակը, 1,5 միլիոն հայերի, որոնք սրի քաշուեցին օսմանեան Թուրքիայի իշխանութիւնների կողմից: Դա մարդկութեան դէմ իրականացուած ամենասարսափելի ու հրէշաւոր ծրագրերից մէկն էր, որը դարձաւ խարան` հետագայ սերունդների համար: Այս օրը...

«Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հարցով  Հայաստանը Առաջնորդողի Դեր Պէտք Է Ստանձնէ»  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Հարցով Հայաստանը Առաջնորդողի Դեր Պէտք Է Ստանձնէ» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման գործընթացին մէջ, բնականաբար, շեշտադրումները կը փոխուին: Մենք բախտաւորութիւնը ունեցած ենք ճանաչման գործընթացը բաւական յառաջ տանելու ու հասնելու այն բանին, որ աշխարհի կարեւորագոյն պետութիւնները ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին այսօր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը անմահացնող յուշահամալիրին` Ծիծեռնակաբերդի մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Ըստ անոր, յատկապէս վերջին տարիներուն կը շեշտադրուի հատուցումը` յատուկ թղթածրար...

«Մեր Ժողովուրդին Համար Երբեք Ընդունելի Չէ Ցեղասպան Թուրքիոյ Ցաւակցութիւնը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդին Համար Երբեք Ընդունելի Չէ Ցեղասպան Թուրքիոյ Ցաւակցութիւնը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւելի Քան 20 Հազար Լիբանանահայեր Տպաւորիչ Քայլարշաւով Վերահաստատեցին Իրենց Պահանջատիրութիւնը Եւ Վերանորոգեցին Սրբազան Ուխտը Ամբողջական եւ արդար հատուցման պահանջով, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս փաստը տուաւ հայկական պահանջատիրութեան յառաջամարտիկը ըլլալու իրականութեան, երբ աւելի քան 20 հազար հոգիով, իրաւատէր ու վճռակամ շարքերով, Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք քալեց, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով յարգանքի իր տուրքը ընծայեց...

Խմբագրական.  Համահայկական Հռչակագիրը Ճշդած Է  Համահայկական Օրակարգերը

Խմբագրական. Համահայկական Հռչակագիրը Ճշդած Է Համահայկական Օրակարգերը

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումներէն անդին, հայ քաղաքական միտքը հետեւողականօրէն արծարծած է հիմնահարցին քաղաքական հնչեղութիւն տալու եւ Թուրքիոյ հետ առնչուած տարբեր ուղղութիւններուն այժմէական նշանակութեամբ ո՛չ միայն վերլուծաբանութիւն զարգացնելու, այլ նաեւ քաղաքական դիրքորոշումներ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս տեսութիւնը ինքնին քաղաքականօրէն ընկալելի է. ըստ տարածաշրջանի եւ քաղաքական պայմաններու, հարցը էապէս ուրիշ երանգաւորում կը ստանայ եւ պարզապէս զոհերու յիշատակը յարգելը կամ զանոնք խորհրդանշող կոթողի...

Երեւան.  Բազմահազար Քաղաքացիներ Մասնակցեցան  ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական  Միութիւններուն Կազմակերպած  Աւանդական Ջահերով Երթին

Երեւան. Բազմահազար Քաղաքացիներ Մասնակցեցան ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններուն Կազմակերպած Աւանդական Ջահերով Երթին

Երէկ երեկոյեան Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած ջահերով աւանդական երթը, որուն այս տարուան կարգախօսն է «Ամբողջական եւ արդար հատուցում»: Ջահերով երթին մասնակցեցան հազարաւոր հայորդիներ, հիմնականօրէն` երիտասարդներ: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան: «20 տարի շարունակ, անմար պահելով ջահերը, մենք պահանջած ենք արդարութիւն: 20 տարի շարունակ այս...

Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ.  Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց  Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում

Ջահերթ` Ստեփանակերտի Մէջ. Մասնակիցները Կը Պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնութեամբ, երէկ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է ջահերթ: Ջահերթին մեկնարկը տրուած է մայրաքաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցիէն, այնուհետեւ մասնակիցները եկեղեցւոյ բակէն ուղղուած են դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշակոթող: «Արցախփրես» կը հաղորդէ, թէ Զանգակատուն-յուշակոթողին մօտ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, դիմելով ջահերթին մասնակիցներուն, ըսած է, թէ ոգեկոչման նպատակն է, որ ճշմարտութիւնը...

Լիբանանահայ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական  Եւ Ուսանողական Միութիւններու Կազմակերպութեամբ.  Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական  Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան  Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Լիբանանահայ Կուսակցութիւններու Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Կազմակերպութեամբ. Երիտասարդական Հաւաք Եւ Միջեկեղեցական Հոգեպարար Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներուն Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական աղօթք` մասնակցութեամբ Լիբանանի համայնքապետներուն: Տէրունական աղօթքով սկսած ոգեկոչման ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն հոգիներուն համար լիբանանահայ եւ Լիբանանի համայնքապետները կամ անոնց ներկայացուցիչները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած` նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով Անոր, որ այդ ցնցիչ արհաւիրքին...

Նախարար Կիտանեան Աշխատանքային  Այցելութիւն Մը Տուաւ Թրիփոլի

Նախարար Կիտանեան Աշխատանքային Այցելութիւն Մը Տուաւ Թրիփոլի

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թրիփոլի, ուր դիմաւորուեցաւ «Արժանապատուութիւն» հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի կողմէ: Նախարար Կիտանեան շրջեցաւ Թրիփոլիի հին շուկաներուն մէջ եւ այցելեց Ապտի բաղնիքը, օճառի շուկան, հնութիւնները, Մանսուրի մզկիթը, Թրիփոլիի բերդը, «Ռաշիտ Քարամէ» համալիրը, ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ անոր ունեցած զբօսաշրջական կարեւորութեան: Թրիփոլիի շուկաներուն մէջ սենտիքաներուն պատասխանատուները կոչ ուղղեցին նախարար Կիտանեանին, որ պետութիւնը հոգատարութիւն ցուցաբերէ քաղաքին...

Հատուցման Պարտաւորութիւնը Պայմանաւորուած Չէ Թուրքիայի Կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչմամբ

Հատուցման Պարտաւորութիւնը Պայմանաւորուած Չէ Թուրքիայի Կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչմամբ

Զրուցեց ՄԱՐԻԱՄ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԸ «Երկիր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը 2007-էն փոխած է Հայկական հարցին առնչուած իր ռազմավարութիւնը եւ այլեւս միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման մասին չի խօսիր, այլ նաեւ` հատուցման: Ան հաստատած է, որ ժամանակն է վերաամրագրելու, որ 2015-ի Համահայկական հռչակագիրը կ՛ուրուագծէր Հայաստանի ընդհանուր մօտեցումները,...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 ապրիլին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզպետները եւ  պաշտօնատար այլ անձեր: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, թէ քննարկուած է երկու հայկական հանրապետութիւններու վարչական միաւորումներուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցերու...

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի  Յիշատակում` Քեպեքի Խորհրդարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Յիշատակում` Քեպեքի Խորհրդարանին Մէջ

Քանատայէն Ցոլինէ Շամլեան կը գրէ, թէ 16 ապրիլ 2019-ին, Քեպեքի Ազգային ժողովի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման բանաձեւը: Յաջորդաբար խօսք առին երեսփոխան Քրիսթին Սեն-Փիեռ (Աքատիի շրջան, PLQ), միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան նախարար Նատին Ժիրօ (Պերթրան շրջանի երեսփոխան, CAQ), երեսփոխան Քաթրին Տորիոն (Թաշրոյի շրջան, Քեպեք Սոլիտեր) եւ երեսփոխան Ժոել Արսընօ (Իլ-Տը-Լա Մատլենի շրջան, PQ): Հայոց...

Page 495 of 797 1 … 494 495 496 … 797

Արխիւներ