Գլխաւոր լուրեր

Շուշին Հիմքն Էր Մեր Բոլոր Յառաջիկայ  Մեծ Յաղթանակներուն Եւ Յաջողութիւններուն

Շուշին Հիմքն Էր Մեր Բոլոր Յառաջիկայ Մեծ Յաղթանակներուն Եւ Յաջողութիւններուն

Երէկ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու  յանձնախումբի եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ տեղադրուեցաւ մանրակերտ, որ կը  ներկայացնէ Շուշիի ազատագրութեան գործողութիւնը: «Շուշին հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարներու բոլոր ժամանակներուն մէջ ունի յատուկ տեղ, թէկուզեւ այն պատճառով, որ բաւական երկար ժամանակահատուած ետք հայ ժողովուրդը վերջապէս յաջողեցաւ իսկապէս ռազմաքաղաքական մեծագոյն յաղթանակ տանիլ: Անկէ ետք...

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան  Կազմակերպութեամբ.  Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի  Եւ Լեռնալիբանանի Սովի Յիշատակներուն  Նուիրուած Խորհրդաժողով

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի Եւ Լեռնալիբանանի Սովի Յիշատակներուն Նուիրուած Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանի սովի յիշատակներուն: Խորհրդաժողովը, որ կը կրէր «Եւ կը մնան ազատ» խորագիրը, կ՛ընդգրկէր նաեւ վերոնշեալ երեք ահաւոր ցեղասպանութիւնները ներկայացնող լուսանկարներու եւ պատմական փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի Լիակատար Նիստ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 7 մայիս 2019-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի լիակատար նիստը` մասնակցութեամբ ժողովին վանաբնակ ու թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններուն: Բացման իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ եկեղեցին վերանորոգման մնայուն ընթացքի մէջ դնելու հրամայականը, որպէսզի անոր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը դառնան աւելի կազմակերպ ու նպատակասլաց: Եկեղեցին իր էութեամբ առաքելութիւն ըլլալով, ան...

Խմբագրական.  Մայիս 6-ի Վերականգնումը Կը Շրջէ  Անգարայի Ճշդած Խաղի Կանոնները

Խմբագրական. Մայիս 6-ի Վերականգնումը Կը Շրջէ Անգարայի Ճշդած Խաղի Կանոնները

Անգարայի քաղաքական ներդրումային գործողութիւնները սկսած են արդիւնաւորուիլ դրսեւորումներու տեսքով: Թրքական շահերը գերադասող լիբանանեան կազմակերպութիւններու կոչերը, թրքական դրօշակներով ապրիլ 24-ի օրը կազմակերպուած փողոցային ելոյթները, իսլամական շրջանակներու ներքաշուիլը եւ Թուրքիոյ թելադրած հռետորաբանական կէտերու որդեգրումն ու համապատասխան բարձրաձայնումները` նախադրեալներ են, որ համակարգող կեդրոնը Անգարայէն տարբեր աշխարհագրական միջավայրեր եւ այս պարագային Պէյրութ խաղի կանոններ կը թելադրէ եւ իր ձեւաւորած խաղադաշտը կը տեղաւորէ գործակատարներ` տարբեր...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը`  ԶՈՄ-Ի Կազմակերպած «Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնն Ու Ընկերային  Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները»  Լսարանական Ասուլիսին Ընթացքին

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Խօսքը` ԶՈՄ-Ի Կազմակերպած «Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնն Ու Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքները» Լսարանական Ասուլիսին Ընթացքին

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 2 մայիս 2019-ին տեղի ունեցած  «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը կրող լսարանական ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը. «Հպարտ եմ, որ այս ամպիոնին վրայ կը գտնուիմ` նկատի ունենալով, որ ես ալ համալսարանական եղած շրջանիս մաս կազմած եմ Զաւարեանական ուսանողական միութեան, որ հիմնուած...

Յարգանք` Լիբանանցի Նահատակաց.   Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Հարց Տուաւ,  Թէ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Մոռացութեան Տալ Պատմութիւնը  Եւ Նահատակներուն Թափած Արիւնը

Յարգանք` Լիբանանցի Նահատակաց. Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան Հարց Տուաւ, Թէ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Մոռացութեան Տալ Պատմութիւնը Եւ Նահատակներուն Թափած Արիւնը

Նախաձեռնութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակի յուշարձանին դիմաց երէկ` կիրակի, 5 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ հաւաք եւ մոմավառութիւն` ի յիշատակ օսմանեան իշխանութեան ժամանակաշրջանին նոյն վայրին մէջ կախաղան բարձրացուած լիբանանցի նահատակներուն: Յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին անունով: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի...

Համահայկական Օրակարգերու  Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ  Համայնքի Հասարակական  Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

Համահայկական Օրակարգերու Խորհրդակցութիւն-Քննարկում` Լիբանանահայ Համայնքի Հասարակական Եւ Գործարար Անձնաւորութիւններու Հետ

Լիբանանահայ գաղութի  հաստատութիւններու եւ միութենական շրջանակներու հետ կայացած հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ճանաչողական հանդիպում ունեցաւ լիբանանահայ հասարակական եւ գործարարական  մարզերու մէջ յայտնի կարգ մը ծանօթ անձնաւորութիւններու հետ: Հանդիպումը նախաձեռնած էր նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ իր տան մէջ հիւրընկալեց հանդիպումին մասնակիցները: Ընթրիք-հանդիպումի ընթացքին կայացան միտքի փոխանակումներ, եղան խորհրդակցութիւններ, ներկայացուեցան պատկերացումներ եւ առաջարկներ համահայկական օրակարգերու` Հայ...

9 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենի Լեզուն Պահպանելու Հաստատ Կոչ

9 Տարեկան Դարձած «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրը` Մայրենի Լեզուն Պահպանելու Հաստատ Կոչ

Շաբաթ, 4 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցան 9 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են լիբանանահայ 15 վարժարաններէ 6-րդ,...

Տօնոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

Տօնոյեան Եւ Քասփրչիք Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ Արցախի ու Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը քննարկած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը նախանցեալ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին: Նախարարը դեսպանին իր մտահոգութիւնը յայտնած է վերջին շրջանին զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերուն առնչութեամբ, որոնց պատճառով վիրաւորուած է հայ զինուոր մը: Քասփրչիք ներկայացուցած է բանակցային...

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Ազրպէյճանական Կողմին Կոչ Կ՛ուղղէ Չսրելու  Իրադրութիւնը Եւ Կը Դիմէ  Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ազրպէյճանական Կողմին Կոչ Կ՛ուղղէ Չսրելու Իրադրութիւնը Եւ Կը Դիմէ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն

Վերջին շրջանին Արցախի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծի զանազան հատուածներուն մէջ կը նկատուի թշնամիի գործողութիւններու աճ, որոնք կը դրսեւորուին ճարտարապետական-ամրաշինական մեծածաւալ աշխատանքներու եւ զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու տեսքով, երէկ հաղորդած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Յատկանշական է, որ ազրպէյճանական կողմը պարբերաբար կրակային խոցման թիրախ կ՛ընտրէ ո՛չ միայն պաշտպանութեան բանակի առաջնային դիրքերը, այլեւ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող հայկական անձնակազմի թիկունքային ապահովման...

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստին Հայաստանի  Ներկայացուցիչը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ  Նախագահին Յայտարարութիւնները

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդի Նիստին Հայաստանի Ներկայացուցիչը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Նախագահին Յայտարարութիւնները

2 մայիսին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան` ելոյթ ունենալով ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդի 1226-րդ նիստի ընթացիկ հարցերու օրակարգին մէջ, ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին օրը` ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կողմէ խաղաղ հաւաքներուն եւ խօսքի ազատութեան խոչընդոտման վրայ: Դեսպան Պապիկեան նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահին արտայայտութիւնները սուրբ նահատակներու յիշատակին...

Լարիսա Ալավերդեան. «Հայաստան – Արցախ  Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Խելացի  Փոխզիջում Է Արցախի Անկախութեան  Եւ Իշխանութիւններու Օրինականութեան  Ճանաչման Հարցին Մէջ»

Լարիսա Ալավերդեան. «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինքի Կնքումը Խելացի Փոխզիջում Է Արցախի Անկախութեան Եւ Իշխանութիւններու Օրինականութեան Ճանաչման Հարցին Մէջ»

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Ընդդէմ իրաւական կամայականութիւններու» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Լարիսա Ալավերդեան ըսած է, որ Դաշնակցութեան առաջարկը` Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք կնքելու, քիչ մը տարբեր ձեւով առաջարկուած է 1994-ին` Արցախի հարցով յատուկ յանձնաժողովին կողմէ: Ըստ անոր, 1992-ին, երբ հռչակուած  է Արցախի անկախութիւնը, մտավախութիւն ունեցած են, որ երկրին ճանաչումը միշտ չէ, որ կը կապուի երկրի...

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչները Այցելեցին Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ գուրգուրանքին համար` շեշտելով, որ հայութեան նկատմամբ նախագահ Աունի կեցուածքներն ու զգացումները յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի...

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան Ընդունեց  ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան հինգշաբթի, 2 մայիսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համահայկական խնդիրները, կարեւորութեամբ շեշտուեցան հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնը եւ միջյարանուանական համագործակցութիւնը: Վեր. Գարակէօզեան...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու Պետական Նախարարը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պետական Նախարարը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար, հայ-էմիրաթական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի համանախագահ Ահմետ Ալի Սայղը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն` հանրապետութեան նախագահը ողջունած է միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի անդրանիկ նիստի կայացումը եւ վստահութիւն յայտնած, որ բոլոր այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է վերջերս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած իր այցելութեան ընթացքին, իրականութիւն...

Արցախի Պատուիրակութեան  Հանդիպումները Արժանթինի  Խորհրդարանին Մէջ

Արցախի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արժանթինի Խորհրդարանին Մէջ

30 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արժանթինի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Պուենոս Այրեսի նախկին քաղաքապետ, Արժանթինի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար, իշխող համաձայնական դաշինքին մաս կազմող «Ռատիքալներու  քաղաքացիական միութիւն» կուսակցութեան անդամ Ֆաքունտօ Սուարեզ  Լասթրային հետ: Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները: Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական  Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը  Եւ Ընկերային Արդարութիւնը  Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Եւ Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին

  Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ գործակցութեամբ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին, երէկ երեկոյեան «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանական ասուլիս մը, որ կը կրէր «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը: Լսարանական ասուլիսին զեկուցաբերներն էին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ-Ժարուտի եւ քաղաքացիական  ընկերութեան «Ամել» միջազգային...

Խմբագրական.  Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն  Ամբոխներու Կերպարափոխումը  (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Կանխե՛լ Ժողովուրդներուն Ամբոխներու Կերպարափոխումը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Աշխատաւորներու օրուան առիթով ընկերափիլիսոփայական հրապարակումները հետզհետէ զիջած են զուտ քաղաքական ուղերձներուն: Տօնը կամ օրուան նշումը ստացած է գերքաղաքական բնոյթ. ընկերվարական աշխարհն ու երբեմնի Խորհրդային Միութիւնը իրենց դաւանած գաղափարաբանական խորհրդանիշին վերածած էին մայիս 1-ը, մինչ Արեւմուտքը եւ առաւելաբար Միացեալ Նահանգները այլ օր նշած են Լէյպըր տէյը: Բնականաբար աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական ծրագիրները լոյսին կու գան հերթական անգամ: Տօնի քաղաքականացումը յաճախ նաեւ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ուղեկցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Գէորգ արք. Խազումեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան, ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ իր սկզբունքներին ու արժեհամակարգին, համահայկական կառոյցի զօրակցութեամբ, հետամուտ է հայրենիքի հզօրացմանը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնների անվտանգութեան համակարգերի ամրապնդմանը, հայրենիք-սփիւռք փոխյարաբերութիւնների խորացմանը` համոզումով, որ միայն հանրային եւ համազգային համերաշխութեան պայմաններում է երկիրն ունակ դիմագրաւել ներազգային եւ արտաքին մարտահրաւէրները: ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն Ժողովն արձանագրում է. 1.- 2018 թուականի ժողովրդային շարժումով եւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով պայմանաւորուած` Հայաստանի ներքաղաքական...

Page 494 of 797 1 … 493 494 495 … 797

Արխիւներ