Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 22 յունիսին Տիգրանակերտի մէջ մասնակցած է Համահայկական 7-րդ խաղերու ջահի վառման հանդիսաւոր արարողութեան:
Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութենէն:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 օգոստոսին` Ստեփանակերտի մէջ: