Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

13 յունիսին Լոնտոնի մէջ ՀՅԴ «Դարբինեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը (Ֆրանսա): Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն, անդրադարձաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ստեֆան...

Ընդդէմ Համահարթեցման Շարժումը  Մասնագիտական Բանավէճեր Կը Կազմակերպէ Զանազան Քաղաքներու Մէջ

Ընդդէմ Համահարթեցման Շարժումը Մասնագիտական Բանավէճեր Կը Կազմակերպէ Զանազան Քաղաքներու Մէջ

ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի գործունէութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած է կլոր սեղան-քննարկում` «Եկամտային հարկի դրոյքաչափերու նախատեսուող համահարթեցումը. խնդիրներ եւ այլընտրանքային լուծումներ» նիւթով: Նախատեսուող փոփոխութիւնը կը հակասէ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու պահանջին, մտահոգիչ է ընկերային արդարութեան տեսանկիւնէն: Անիկա կը հակասէ նաեւ երկրին առջեւ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդնելու` կառավարութեան խոստումներուն: Ձեւաւորուած...

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան  Այցելած Է Առաջնագիծ

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելած Է Առաջնագիծ

Շաբաթ, 15 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական յենակէտերէն մէկը: Մարտական դիրքին մէջ նախարար Տօնոյեան անձամբ հետեւած է տեղւոյն իրավիճակին, թշնամիի ստորաբաժանումներուն, հայկական բանակի զինուորներուն կատարած ճարտարագիտական աշխատանքներուն: Այցելութեան աւարտին Դաւիթ Տօնոյեան հրամանատարութեան տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Մեկուսացնելու Պաքուի Քաղաքականութեան Սատարումը Չի Նպաստեր Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ ֆրանսական Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ եւ Առնուվիլ քաղաքներու  քաղաքապետերու յայտարարութիւնները` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակելու մտադրութեան մասին` ի հեճուկս վարչական դատարաններու դատավճիռներուն. նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեանի մեկնաբանութեան մէջ: «Կը կիսենք այն տեսակէտը, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան եւ ազատութեան...

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան  Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ  Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

Ֆրանսական դատարանները մէկը միւսին ետեւէն կը կայացնեն վճիռներ` չեղեալ նկատելով Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի բնակավայրերու միջեւ կնքուած` բարեկամութեան մասին յուշագիրները: Մասնաւորապէս, 29 մայիսին Ֆրանսայի Սերժի-Պոնտուազ համայնքի վարչական դատարանը որոշում կայացուցած էր Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի ու Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղին միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատելու մասին: 11 յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու...

Զարեհ Սինանեան Նշանակուած Է  Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Զարեհ Սինանեան Նշանակուած Է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` Զարեհ Սինանեան նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի  կառավարութեան պաշտօնական կայքը: «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 3.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է` Զարեհ Սինանեանը նշանակելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար», նշուած է որոշումի յայտարարութեան մէջ: Աւելի ուշ վարչապետ Փաշինեան...

Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide:  Prelude And Aftermath»  Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

Կազմակերպութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» մատենաշարէ լոյս ընծայուած 5 հատորներու շնորհահանդէս` ներկայութեամբ համահեղինակ Վահան վրդ. Օհանեանի: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,...

Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի  Ու Պայքարի. Շողակաթի Մահը Սալամիայի Մէջ»  Գիրքին Շնորհահանդէսը

Դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր Եղեռնի Ու Պայքարի. Շողակաթի Մահը Սալամիայի Մէջ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Վահէ Թաշճեանի «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթի մահը Սալամիայի մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը հովանաւորած էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս եւ կազմակերպած «Ազդակ» օրաթերթը եւ Համազգայինի գիր ու գրականութեան մասնաճիւղը: Համազգային գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբուկ Ճենանեան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ 20-րդ...

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը  Ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի  Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Երէկ առաւօտ, նախագահական պալատին մէջ, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանէ, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանէ եւ կոմիտէի անդամներ Վահան Այնէճեանէ եւ Րաֆֆի Մահտեսեանէ: Ներկայ էր նաեւ կառավարական բանբեր Պրոտրոմոս Պրոտրոմու: Նախագահ Անասթասիատիս, ողջունելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ներկայութիւնը Կիպրոսի մէջ, վստահեցուց,...

Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը: «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն...

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս  Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դարձեալ Արցախ կ՛այցելէ: 13 յունիսին ան հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է պարոնուհիին աջակցութիւնը Արցախին` զայն համարելով անշահախնդիր մարդասիրութեան եւ...

Շնորհահանդէս` «Ազդակ»-ի Ընտանիքի  Անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեանի  «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» Գիրքին

Շնորհահանդէս` «Ազդակ»-ի Ընտանիքի Անդամներէն Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն Յիշողութեան Մէջ» Գիրքին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին եւ Համազգայինի Գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին, երէկ` հինգշաբթի, 13 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ գրական այդ հանդիպումով մեկնարկը կը կատարեն ձեռնարկներու շարքի մը, որուն ընդմէջէն,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցչին  Հանդիպումները Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցչին Հանդիպումները Կիպրոսի Մէջ

Կիպրոս այցելութեան շրջագիծին մէջ, 11 յունիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի պետական-կուսակցական ներկայացուցիչներուն հետ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ հանդիպում ունեցած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախկին նախագահ, նորաստեղծ ՏԵՓԱ կուսակցութեան նախագահ Մարիոս Կարոյեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՏԵՓԱ-ի անդամ Հրաչ Գազանճեանը եւ ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Մահտեսեանը եւ Նարեկ Դաւիթեանը: Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելած է Նիկոսիոյ...

Մանոյեան. «Իրաւական Փաստաթուղթը  Պէտք Է Յստակ Ամրագրէ, Որ Բանակցութիւններու Մէջ  Հայաստանը Չի Կրնար Փոխարինել Արցախը,  Այլ Պէտք Է Հանդէս Գայ Իբրեւ  Անոր Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

Մանոյեան. «Իրաւական Փաստաթուղթը Պէտք Է Յստակ Ամրագրէ, Որ Բանակցութիւններու Մէջ Հայաստանը Չի Կրնար Փոխարինել Արցախը, Այլ Պէտք Է Հանդէս Գայ Իբրեւ Անոր Անվտանգութեան Երաշխաւոր»

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախանցեալ օրուան փոփոխութիւններուն եւ նշանակումներուն, ըսած է. «Արցախի մէջ կը սպասուին նախագահի եւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, որոնք, ըստ Արցախի Սահմանադրութեան, պէտք է ըլլան միաժամանակ: Այլ հարց է, որ մեր կառոյցը Արցախի մէջ արտայայտուած է այս մասին, որ քիչ մը...

Արցախի Տաղանդաւոր Գեղանկարիչներու  Գործերու Ցուցադրութիւն Եւ Արցախեան Գորգերու  Ու Ձեռային Աշխատանքներու Ներկայացում

Արցախի Տաղանդաւոր Գեղանկարիչներու Գործերու Ցուցադրութիւն Եւ Արցախեան Գորգերու Ու Ձեռային Աշխատանքներու Ներկայացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի տաղանդաւոր գեղանկարիչներու ցուցահանդէս, ինչպէս նաեւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան կողմէ արցախեան գորգերու եւ արցախեան ձեռագործ բազմաթիւ աշխատանքներու ներկայացում: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ դոկտ. Գրիգորիս եւ դոկտ. Գեղուհի Պողարեաններու, ինչպէս նաեւ  «Պի. Պի. Էյ. Սի.»...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրեզնոյի Մէջ  Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հերի Նաճարեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հերի Նաճարեանը

Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Հերի Նաճարեանը: Նաճարեան վեհափառին տեղեակ պահեց, իբրեւ պատուոյ հիւպատոս, իր կատարած աշխատանքներուն մասին, մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի եւ Այնճարի միջեւ գործակցութիւն հաստատելու գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու մասին: Յայտնենք, որ Հերի Նաճարեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ  Մասիս Եպս. Զօպուեան Հալէպ Հասաւ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան Հալէպ Հասաւ

Երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Պէյրութի մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի ընտրեալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը, իսկ չորեքշաբթի օր առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա: Սուրիական սահմանին վրայ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը դիմաւորուեցաւ թեմի Գործադիր իշխանութեան` Ազգային կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հալէպի մուտքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի...

Page 486 of 797 1 … 485 486 487 … 797

Արխիւներ