Երէկ` ուրբաթ, 2 օգոստոս 2019-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանը` իր կնոջ հետ: Դեսպան Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ Մալթայի մէջ:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու յատկապէս Վատիկանի հետ հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութեան: Ապա, տէր եւ տիկին Նազարեաններ ճաշի հիւրը եղան վեհափառ հայրապետին: