Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախը Եւ Ամերիկեան, Աւստրալիական Ու Եւրոպական Ուղղութիւնները

August 2, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական աշխարհի իրադարձութիւններուն հետեւողը գերաշխուժ վիճակ պիտի նկատէ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններու` յատկաէս արցախեան պատուիրակութիւններու տարբեր երկիրներու այցելութիւններ կազմակերպելու առումով:

Աւստրալիոյ դաշնակցային մակարդակով կայացած ընդունելութիւններ` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան, զուգահեռ` Պելճիքայի Ալսթ քաղաքի աւագանիին հետ Արցախի Շահումեանի շրջանի ղեկավարութեան ներկայացուցչութեան հանդիպումները աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ Արցախի ճանաչելիութեան նպաստող կարեւոր երեւոյթներ են: Աւելի՛ն. ծերակուտականներու, Ներկայացուցիչներու տան անդամներու եւ մնայուն յանձնախումբերու հետ կայացած հանդիպումները Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման սատարող քաղաքական գործողութիւններ են:

Հայ դատի գերակայ ուղղութիւններու ընդառաջ առնուած քայլերու ընդհանուր պարունակին մէջ կը նկատուի նաեւ Մոնրէալի մէջ կայացած հանդիպումը Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն եւ Քանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարարին միջեւ: Նաեւ` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանած Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի եւ Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի անդամներ: Մինչ, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարութեան մօտ կ՛արծարծէր մշակութային արժէքներ-Ազրպէյճան անհամատեղելիութիւնը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացման աքթերուն ծալքերը:

Կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ռազմավարական այս ուղղութիւններուն վրայ առնուած նախաձեռնութիւններն ու իրականացուող գործողութիւնները կը նախանշեն, որ Հայ դատի համակարգը մեր զոյգ հանրապետութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան իրականացման անշրջանցելի ենթահող կը հարթէ եւ էապէս կը սատարէ հիմնական առաջադրանքներու իրականացման:

Դիւրին չէ այս ճանապարհէն անցումը: Միջազգային ճանաչում չունենալու փաստը ամէն առիթի կը շահարկուի Ազրպէյճանի կողմէ, որ կը բողոքէ ամէն առիթի: Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող պետութիւնները, առաւել եւս անոնք, որոնք տնտեսական գործարքներ ունին Պաքուի հետ, հաշուի կը նստին Ազրպէյճանի հետ:

Ֆրանսայի դատական որոշումները միայն իրաւական բնոյթ չունին անշուշտ: Անոնք ենթակայ են տնտեսական շահերու հիման վրայ ընթացող Պաքու-Փարիզ յարաբերութիւններուն: Հայ դատի յանձնախումբերը սակայն թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական աշխատանքները կը շարունակեն ֆրանսական եւ արցախեան քաղաքներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրները չեղեալ յայտարարելը անվաւեր հռչակելու ուղղութեամբ:

Արցախեան հակամարտութեան առումով յիշենք պարզապէս, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երկու նշանակալի բանաձեւ որդեգրեց, առաջինը` շփման գիծին վրայ անվտանգութեան երաշխաւորման նպաստող, երկրորդը` Ստեփանակերտի օդակայանին դէմ օգտագործելի զինատեսակներու վաճառքը արգիլող: Երկուքն ալ նախաձեռնութիւն` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին:

Հայ դատի համակարգը թէ՛ իբրեւ աշխատակարգ` ցանցային դրուածքի նպատակաուղղուած գործունէութեան առումով եւ թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն` այս պարագային Արցախի Հանրապետութիւն եւ տարբեր երկիրներու նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ հորիզոնական, ուղղակի կապեր ստեղծելով  փուլ առ փուլ կ՛իրականացնէ այն մեծ օրակարգը, որ էապէս համահայկական է եւ որ խորքին մէջ մեր հայրենիքի անվտանգութեան սատարող կարեւորագոյն երաշխիքն է:

Նախորդը

Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանին Հետ

Յաջորդը

Թրամփ Պրազիլին Տրամադրեց «ՕԹԱՆ-էն Դուրս Զինուորական Գլխաւոր Դաշնակից»-ի Կարգավիճակ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.