Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասիս Մայիլեան Հանդիպած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբին

August 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Սիտնիի մէջ հանդիպած է  Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին, զոր կը ղեկավարէ նահանգի Oրէնսդիր ժողովի նախագահ Ճոնաթըն Օ՛տէան:

Նախարար Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան հաստատման հոլովոյթները` կարեւոր նկատելով 2012-ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանին կողմէ Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը: Ան ընդգծած է, որ նմանատիպ բանաձեւերու ընդունումը նշանակալի ներդրում է Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ, որ իր կարգին կը նպաստէ հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման եւ շրջանին մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատման:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են տարբեր ոլորտներու մէջ գործնական համագործակցութեան հաստատման հեռանկարներուն շուրջ` ազատութեան, ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգման համընդհանուր արժէքներու հաւատարմութեան հիման վրայ: Այս պարունակին մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձ կատարած է հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման հոլովոյթին:

Մասնակիցներուն խնդրանքով, Մասիս Մայիլեան նաեւ ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլը:

Կողմերը կարեւոր նկատած են Աւստրալիոյ մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի ստեղծումը` համոզմունք յայտնելով, որ անիկա մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ Արցախի եւ Աւստրալիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առումով:

Նախորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Դատարանները Քաղաքականացնելը Կը Յանգեցնէ Սահմանադրական Ճգնաժամի»

Յաջորդը

Թուրքիան Եւ Իրաքը Կը Քննարկեն Ջրային Պաշարներու Միացեալ Օգտագործման Հարցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.