Գլխաւոր լուրեր

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք  Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

«Պահպանե՛նք Հայ Մշակոյթը… Ապրի՛նք Հայ Մշակոյթով» Խորագիրով Մշակութային Օր

Երէկ` ուրբաթ, 21 յունիսի յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ հայկական իւրայատուկ մթնոլորտ կը տիրէր շնորհիւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Քարոզչական յանձնախումբին «Պահպանե՛նք հայ մշակոյթը... Ապրի՛նք հայ մշակոյթով» խորագիրը կրող նախաձեռնութեան: Հոն տեղադրուած տաղաւարներուն մէջ  մեր ազգային իւրայատկութիւններն ու աւանդութիւններուն մէկ մասը ներկայացուած էր հանրութեան` ձեռարուեստ, ճաշատեսակներ, գորգագործութիւն եւ այլն: Հետաքրքրականը այն էր, որ ներկաները նաեւ...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (4).   Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը`  Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (4). Դոկտ. Հերկելեան Ներկայացուց Արուեստը` Լրագրութեան Եւ Մամուլին Ընդմէջէն

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, «Ազդակ»-ի արուեստի էջի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան երէկ ծրագիրի մասնակիցներուն ներկայացուց արուեստը` լրագրութեան եւ մամուլին ընդմէջէն: Դոկտ. Հերկելեան ընդհանուր կերպով բացատրեց լրագրութեան տարբեր սեռերը եւ ապա կեդրոնացաւ հայ իրականութեան մէջ արուեստի մասին կատարուած հրատարակութիւններուն վրայ: Պատմական լայն անդրադարձէ եւ տարբեր երկիրներու մէջ լոյս տեսած հրատարակութիւնները ներկայացնելէ ետք, դոկտ. Հերկելեան ընդգծեց,...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Ուաշինկթընի Մէջ

Ուաշինկթընի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ: Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան: Մինսքի խմբակը հանդիպումէն ետք տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած է, որ միջնորդները կողմերուն կոչ ուղղած են վերականգնելու խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտը: «Ցաւով նկատելով, որ վերջերս զոհեր եղած...

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Երիտասարդներու Երկօրեայ  Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Երիտասարդներու Երկօրեայ Նստացոյցը Վերջ Գտաւ

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին սկսած ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամներուն նստացոյցը 20 յունիսին շարունակուեցաւ եւ նոյն օրը երեկոյեան վերջ գտաւ: «Երկիր»-ին հետ ունեցած իրենց զրոյցին ընթացքին նախաձեռնութեան անդամները ըսին, թէ գիշերը ամէն ինչ հանդարտ եղած է, մինչեւ ուշ երեկոյ երգած են: Առաւօտեան անոնք իրենց ցոյցը շարունակեցին նոյն ոգով` առանց նահանջի: Անոնք դիտել տուին, որ ուշի ուշով...

Աշխատանքային Քննարկում` ՀՅ Դաշնակցութեան  Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբերու  Գրասենեակին Աշխատանքներուն Վերաբերեալ

Աշխատանքային Քննարկում` ՀՅ Դաշնակցութեան Մասնագիտական Ոլորտային Յանձնախումբերու Գրասենեակին Աշխատանքներուն Վերաբերեալ

19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կից մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու ընդլայնուած կազմով հանդիպում` Գերագոյն մարմինին հետ: Ամփոփուած են նախորդ չորս ամիսներուն կատարուած աշխատանքները: Արձանագրուած է, որ յանձնախումբերը շարք մը ուղղութիւններով կատարած են պատկառելի աշխատանք, հանդէս եկած են երկրի շարք մը ոլորտներուն մէջ առկայ հարցերու լուծման վերաբերեալ ծանրակշիռ եւ փաստաթղթաւորուած առաջարկներով: Յանձնախումբերու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ մատնանշած են...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՄԱԿ-ի  Սուրիական Հարցով Զբաղող Պատասխանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՄԱԿ-ի Սուրիական Հարցով Զբաղող Պատասխանատուն

Հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, վեհափառ հայրապետը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի սուրիական գրասենեակի փոխպատասխանատու Անթուան Լահհամի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի դարձեալ Սուրիոյ հարցով զբաղող պատասխանատու դոկտ. Միշել Նսէյրը: Շուրջ երկու ժամ տեւած աշխատանքային հանդիպումին նպատակն էր Սուրիոյ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հարթակ մը պատրաստել, որպէսզի կարելի ըլլայ նպաստել Սուրիոյ վերականգնումի հոլովոյթին: Յիշեալ...

Պուրճ Համուտի Ընդհանուր Մաքրութեան  Նախաձեռնութեան Արշաւին Ընդառաջ.  Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ  Մըքքաուի Եւ Մեթնի Գաւառապետ  Մարլեն Հատտատ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Պուրճ Համուտի Ընդհանուր Մաքրութեան Նախաձեռնութեան Արշաւին Ընդառաջ. Լեռնալիբանանի Նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի Եւ Մեթնի Գաւառապետ Մարլեն Հատտատ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած ընդհանուր մաքրութեան արշաւի ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 20 յունիս 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնալիբանանի նահանգապետին, Մեթնի գաւառապետին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետին միջեւ: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի ընդհանուր ապահովութեան, մաքրութեան եւ կենսոլորտի պահպանումին գծով շրջանի քաղաքապետութեան նախաձեռնած գործնական քայլերու արշաւին ընդառաջ, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Մոհամետ Մըքքաուի եւ Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ երէկ այցելեցին Պուրճ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Եւ Արցախ  Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի  Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել»

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Եւ Արցախ Պատերազմ Չեն Ուզեր, Բայց Պատերազմի Սպառնալիքով Չեն Կրնար Մեզ Վախցնել»

Հայաստանն ու Արցախը պատերազմ չեն ուզեր, բայց «պատերազմի սպառնալիքով ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ վախցնել»: «Պատերազմը չէ աւարտած, որեւէ ատեն կրնայ բռնկիլ, իրավիճակի լարում ըլլալ: Ազրպէյճանը պարզապէս կ՛ուզէ կիրարկել նոյն գործիքը, որ երկար ժամանակ կիրարկած է` փորձել դուրս բերել հարցի լուծումը բանակցային հունէն», ըսած է Փաշինեան: Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստան բանակցային հոլովոյթին մէջ իր դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակէ 12...

Մնացականեան – Համանախագահներ  Հանդիպում.  Գնահատուած Է Խաղաղ  Հոլովոյթի Ներկայ Իրավիճակը

Մնացականեան – Համանախագահներ Հանդիպում. Գնահատուած Է Խաղաղ Հոլովոյթի Ներկայ Իրավիճակը

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք  Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընդառաջ, 18 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ նախապատրաստական այս հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները գնահատած...

Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի  Ապագայի Դիրքորոշումները

Մանոյեան Կարեւոր Կը Նկատէ Սինանեանի Ապագայի Դիրքորոշումները

8 մայիս 2019-ին որդեգրուեցաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը, որով սփիւռքի նախարարութիւնը կը լուծարուի, փոխարէնը վարչապետի աշխատակազմին մէջ կազմաւորուելով սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ: 14 յունիսին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յանձնակատարի պաշտօնին վրայ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի նախկին անդամ եւ քաղաքապետ, քաղաքագէտ, իրաւաբան Զարեհ Սինանեան: «Ա1+» լրատուականը այս մասին զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի...

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան  Անդամներու Նստացոյց`  Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

ՀՅԴ ՀԵՄ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց` Ազգային Ժողովի Շէնքին Առջեւ

Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ 19 յունիսին տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը: Նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ունին մէկ ու հիմնական պահանջ` քուէարկութեան ատեն դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին` հասկնալով անոր հետեւանքները, նաեւ այն, որ ատիկա ժողովուրդին մեծամասնութեան համար մեծ հարուած է: «Նստացոյցը պիտի շարունակենք մինչեւ քուէարկութիւն:...

Բացում` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն  Քրիստ Իսկենտերեանի Գեղանկարչական  Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսին

Բացում` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի Գեղանկարչական Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսին

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի գեղանկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին: Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, որ ըսաւ, թէ ասիկա առիթ է ծանօթանալու երիտասարդ գեղանկարիչի մը` Քրիստ Իսկենտերեանի արուեստին, որ տպաւորիչ է ո՛չ միայն իր ոճով եւ գոյներով,...

Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան» Համահայկական  Հիմնադրամը Պէտք Է Ըլլայ Կասկածներէ,  Ենթադրութիւններէ, Շահարկումներէ Վեր Կառոյց`  «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք»  Եւ «Հայութիւն» Նպատակակէտերով»

Արմէն Սարգսեան. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Պէտք Է Ըլլայ Կասկածներէ, Ենթադրութիւններէ, Շահարկումներէ Վեր Կառոյց` «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» Եւ «Հայութիւն» Նպատակակէտերով»

Երէկ տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28-րդ միացեալ նիստը, որ վարած է խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը: Ներկայ եղած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ մինչեւ օրակարգի հարցերու քննարկման անցնիլը, հանրապետութեան նախագահին առաջարկով ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգած են...

Մուրատ Փափազեան. «Հայաստանի  Եւ Սփիւռքի Միասնականութիւնը  Մեր Գլխաւոր Պաշարն Է

Մուրատ Փափազեան. «Ժամանակն Է, Որ Հայաստանը Արցախի Հետ Ստորագրէ Ռազմաքաղաքական Համաձայնագիր»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ ֆրանսական կառավարութեան, աւելի ճիշդը Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու եւ Տրոմ նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններուն միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրներու չեղեալ յայտարարուելու որոշումը ընդունելի չէ: «Ի՞նչ սկզբունքի հիման վրայ ֆրանսական կառավարութիւնը դատի կանչած է տուեալ շրջաններու քաղաքապետները:...

Վահէ Գրիգորեան` Սահմանադրական  Դատարանի Դատաւոր

Վահէ Գրիգորեան` Սահմանադրական Դատարանի Դատաւոր

Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեան հրապարակած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորի ընտրութեան համար կայացած փակ քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, 99 թեր, 22 դէմ քուէներով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուած է Վահէ Գրիգորեան: Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թափուր աթոռին համար առաջադրած էր Վահէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը: Մինչ այդ, խորհրդարանի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուած է Վահէ Գրիգորեանի ընտրութեան դէմ:...

Կեանքի Կոչուած Է Սփիւռքահայերու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը

Կեանքի Կոչուած Է Սփիւռքահայերու Խորհրդատուութեան Գրասենեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ, կեանքի կոչուած է Սփիւռքահայերու խորհրդատուութեան գրասենեակը: Գրասենեակին գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել հայրենիքի մէջ հաստատուած հայրենակիցներուն, ճիշդ ձեւով ուղղորդել զանոնք` տարբեր հարցերու լուծման: Գրասենեակը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կեցութեան, վարորդական  իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակին մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի արձանագրութեան գծով, նաեւ այլ հարցերու մէջ:...

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 18 յունիսին այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Երկարատեւ հանդիպումի մը ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի հանրապետութեան նախագահին հետ արծարծեց երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային խնդիրները: Ան նախագահին ներկայացուց ժողովրդային լայն զանգուածներուն մօտ հետզհետէ շեշտուող դժգոհութիւնը, որ կը վերաբերի երկրի ընկերային-տնտեսական վիճակին ու քաղաքական թատերաբեմի պրկուած վիճակին` ակնկալելով, որ հանրապետութեան...

ՀՅԴ-ԲՀԿ Հանդիպում

ՀՅԴ-ԲՀԿ Հանդիպում

17 յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ տեղի ունեցած է միջկուսակցական հանդիպում, որուն Դաշնակցութեան կողմէ մասնակցած են ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանը եւ ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեանը: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան կողմէ հանդիպումին մասնակցած են կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահէ Էնֆիաջեանը...

Արցախի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը  Սկսած Են Հրամանատարական Ռազմափորձերու

Արցախի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը Սկսած Են Հրամանատարական Ռազմափորձերու

Համաձայն Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2019-ի պատրաստութեան ծրագիրին, 17 յունիսին պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու եւ զօրատեսակներու ներգրաւումով սկսած են հրամանատարական ռազմափորձեր: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ համաբանակային կարեւորութեան ռազմափորձերը, որուն մէջ ընդգրկուած են շուրջ 10.000 զինուոր, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահամեքենայ, 50-է աւելի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենայ եւ այլ շարժակազմեր,...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Ըստ Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Արցախի Եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Երկիրներու Երկխօսութիւնը Տագնապի Վերջնական Լուծման Ուղիներ Գտնելու Նպաստաւոր Պայմաններ Կը Ստեղծէ

Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող միւս երկու երկիրներուն հետ տարբեր մակարդակներով ուղղակի պաշտօնական կապերու միջոցով երկխօսութիւնը բազմակողմանի քննարկումներու եւ ղարաբաղեան տագնապի վերջնական լուծման ուղիներ գտնելու համար նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման գործին մէջ կարեւոր ներդրում կը դառնայ: Այս մասին նշած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի...

Page 485 of 797 1 … 484 485 486 … 797

Արխիւներ