Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Դատարանները Քաղաքականացնելը Կը Յանգեցնէ Սահմանադրական Ճգնաժամի»

August 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 1 օգոստոսին մոմավառութիւն կազմակերպած է Եռաբլուրի մէջ: Միութիւնը միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու պաշտպանութեան նախարարութեան` անհրաժեշտութեան պարագային շուրջօրեայ հսկողութիւն կատարելու Եռաբլուրի տարածքին մէջ:

«Առաջին լրատուական»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան շեշտած է, որ պէտք է կանխուին նման երեւոյթները: «Իր զազրելիութեամբ եւ սրբապղծութեամբ արտառոց երեւոյթ է», ըսած է ան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Դաշնակցութիւնը քննադատեց գործող իշխանութիւնը` սահմանադրական ճգնաժամի մէջ յայտնուելուն համար, Ա. Խաչատրեան բացատրած է, որ խօսքը սահմանադրական ճգնաժամի մասին չէ, այլ այն մասին, որ փորձ կը կատարուի դատարանները քաղաքականացնելու, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ սահմանադրական ճգնաժամի: «Մենք` եօթը կուսակցութիւններով համախոհութեամբ ընդունեցինք այդ յայտարարութիւնը, որովհետեւ դատական համակարգին առնչուող այն զարգացումները, որոնք տեղի կ՛ունենան երկրին մէջ, չեն կրնար մեզ չմտահոգել: Դատական համակարգի անկախութիւնը շատ կարեւոր է երկրին զարգացումը ապահովելու համար», շեշտած է ան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը` անդրադառնալով ՀՅԴ-ի կողմէ կազմակերպուած «Դեղին քարտ Երեւանի քաղաքապետին» նախաձեռնութեան, նշած է, որ իրենք դժգոհ են քաղաքային իշխանութիւններուն աշխատանքէն, Երեւանի մէջ ոչ մէկ ակնառու փոփոխութիւն նկատելի է, տրուած խոստումները չեն յարգուած, աղբահանութիւնը խայտառակ վիճակի մէջ է, չեն լուծուած նաեւ վերելակներու, կանաչապատման խնդիրները, չէ բարելաւուած երթեւեկութիւնը:

Ան ընդգծած է, որ վերլուծած են տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ յանգած այն եզրակացութեան, որ կան մտահոգիչ բազմաթիւ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Մասիս Մայիլեան Հանդիպած Է Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Խորհրդարանին Մէջ Հայաստանի Հետ Բարեկամութեան Խումբին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.