31 յուլիսին Աւստրալիոյ Դաշնային խորհրդարանին մէջ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան տնտեսական հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահ Թիմ Ուիլսընի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերով մնայուն յանձնախումբի անդամ Ռեքս Փաթրիքին հետ:
Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւնը: Այդ ծիրին մէջ նախարարը ընդգծած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը պիտի նպաստէ հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման ու շրջանային կայունութեան ապահովման:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային համագործակցութեան եւ անոր աշխարհագրութեան ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի երկրի տնտեսութեան զարգացման համար:
Նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացումն ու երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներով համագործակցութեան հաստատումը:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:
Մայիլեան Հանդիպում Ունեցած Է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Նախագահին Հետ
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ 30 յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Աւստրալիոյ իշխող Ազատական կուսակցութեան անդամ Էրիք Ապետսին հետ:
Նախարար Մասիս Մայիլեան բարձր գնահատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ծերակուտական Ապետսին ջանքերը` կարեւոր նկատելով անոր հետեւողական դիրքորոշումը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտման եւ անոնց կրկնութեան կանխարգիլման տեսանկիւնէն:
Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապին պատմութիւնը, ինչպես նաեւ անոր խաղաղ լուծման հոլովոյթին ներկայ փուլը եւ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշումը` շրջանին մէջ վերջնական եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման շուրջ: Նախարար Մասիս Մայիլեան անդրադարձ կատարած է նաեւ Արցախի մէջ անկախ եւ ժողովրդավարական պետականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներով արտաքին յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթներուն մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու հեռանկարներուն:
Այս ծիրին մէջ նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով տարբեր երկիրներու հետ հաստատուած յարաբերութիւնները, որոնք առիթ կու տան արտերկրի մէջ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը Արցախի եւ անոր ժողովուրդի օրինական ձգտումներուն եւ երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մասին:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: