Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:

Լեւոն Մնացականեանը`  Արցախի Ոստիկանապետ

Լեւոն Մնացականեանը` Արցախի Ոստիկանապետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 յունիսին հաստատած է կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նոյն օրը նախագահը հաստատած է կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն, Վլատիկ Խաչատրեան նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն` հեռացուելով  ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի...

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ  Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Լիբանանցի գործարար Նիզար Զաքքա, որ Միացեալ Նահանգներու ի նպաստ Իրանի մէջ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ 2015-ին եւ 2016-ին ստացած 10 տարուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ 4,2 միլիոն տոլար տուգանք վճարելու վճիռ, երէկ արժանացաւ յատուկ ներման, ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ Պէյրութ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Իրանի իշխանութիւններէն` յանձին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն անոր խնդրանքը, որ Զաքքային յատուկ...

Ակնարկ.  Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը  Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գրառումին հակազդեցութիւնը Անգարայի կողմէ` ո՛չ միայն պետական առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս քաղաքական-հասարակական մակարդակի վրայ մերժելի է` բռնամիջոցի ամէնէն վայրագ դրսեւորումի պետականացման հասկացողութեամբ: Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու առաջադրանքի Հայ դատի թուիթըրեան գրառումը ջղաձգութեան բարձր աստիճանաչափ արձանագրած էր Անգարայի պետական շրջանակներուն մէջ: Նախագահ Էրտողանի խորհրդականը կը սպառնար նման առաջադրանք ունեցողներուն գլուխը հեռացնել ուսերէն: Ֆիզիքական բռնամիջոցի այս սպառնալիքը, անկախ պետական...

«Անյետաձգելի Է Արցախի  Մասնակցութիւնը Տագնապին Վերաբերող  Բանակցութիւններուն»  Հաստատեց Մարիօ Նալպանտեան

Մարիօ Նալպանտեան. «Ընկերվար Միջազգայնականը Դէմ Է Որեւէ Խտրականութեան»

Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ նոյնպէս ներկայ եղած է օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած ձեռնարկը բացառիկ էր, եւ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել անոր: Ըստ անոր, ե՛ւ կազմակերպչական, ե՛ւ խորքային իմաստով լուրջ ներկայացուածութիւն ապահովուած էր, լուրջ քննարկում ծաւալած էր  առանձնացուած հարցերու...

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն  Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին  Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) նախագահութիւնը թոյլ տուած է Հայաստանին` յառաջ մղելու  սեփական առաջնահերթութիւնները. խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան տարին ԵՏՄ-ի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» նիւթով լսումներու ժամանակ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ստանձնելով կառոյցի նախագահութիւնը միութեան մարմիններուն մէջ` Հայաստանը կարելիութիւն ստացաւ ո՛չ միայն ազդելու կառոյցի օրակարգի ձեւաւորման վրայ, այլեւ յառաջ մղելու Հայաստանի առաջնահերթութիւնները` ըլլալով աւելի...

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը  Հանդիպում Ունեցած Է Հարաւային  Օսեթիոյ Նախագահին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահին Հետ

Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան (Ալանիա) նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ընդունած է երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեանը, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ Էրիկ Յարութիւնեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր քարտուղար-աշխատակազմի ղեկավար Սեմիոն Աֆիեանը, կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն: Ողջունելով հիւրերը`...

Նախագահ Սարգսեան. «Աշխարհը Դարձած Է  Աւելի Բարդ, Եւ Լուծումներ Գտնելու Համար  Միտքերու Գագաթնաժողովի Կարիք Ունինք»

Նախագահ Սարգսեան. «Աշխարհը Դարձած Է Աւելի Բարդ, Եւ Լուծումներ Գտնելու Համար Միտքերու Գագաթնաժողովի Կարիք Ունինք»

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն երէկ մասնակցած է Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի եզրափակիչ քննարկումին: Քննարկումը վարած է «Միտքերու գագաթնաժողով»-ի կազմակերպիչ, «The Monthly Barometer»-ի հիմնադիր Թիերի Մալըրեն, մասնակցած են «Կուկըլ» ընկերութեան գնումներու գծով արտադրութեան տնօրէն Թետ Սոուտըրը, իտալական հանրայայտ «Լէոնարտօ» ընկերութեան ռազմավարութեան եւ արհեստագիտութեանց հարցերով տնօրէն Ճիորճիօ Մոսքան, Բրիտանիոյ Քենթի համալսարանի փրոֆեսէօր Ելենա Քորոսթելեւան, «Սայնոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը,...

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու  Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Քուէարկած Է  Ընտրողներու 44,36 Առ Հարիւրը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Քուէարկած Է Ընտրողներու 44,36 Առ Հարիւրը

Հայաստանի Հանրապետութեան 23 համայնքներու մէջ 9 յունիսին տեղի ունեցան Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց, ընտրատեղամասերու փակման ժամը 20:00-ի դրութեամբ, նախնական տուեալներով, մասնակցած է 32.523 ընտրող կամ ընտրողներուն 44,36 առ հարիւրը: Առաւելագոյն մասնակցութիւնը արձանագրուած է Գորայք համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 1.408 ընտրողներու 76,07 առ հարիւրը, նուազագոյնը` Հայկաւան համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 970  ընտրողներու 16,49 առ հարիւրը: Աբովեանի...

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ  Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւններ: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Օթել Տիէօ հիւանդանոցի բժիշկներու համախմբումի, Հըզպալլայի, Երկխօսութեան կուսակցութեան եւ Պեքաայի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը: Սոյն ցանկին մաս կը կազմէր եւ Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանահայ...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

Անցնող երկու շաբաթավերջերուն, «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքները շարունակուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին եւ ռատիոկայանի սթիւտիոներուն մէջ: Ուրբաթ, 31 մայիսին, «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ինչպէ՞ս հարցազրոյց մը վարել» նիւթը: Ան խօսեցաւ հարցումներու պատրաստութեան ձեւին, հիւրերու հետ վերաբերումի եւ զրուցավարութեան հիմնական օրէնքներուն մասին: Էմմիեան անդրադարձաւ մէկէ աւելի հիւրերով կլոր սեղան վարելու եղանակին մասին: Տեղւոյն վրայ կատարուեցան բազմաթիւ...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ.  Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ  Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ. Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2019-ի միջօրէի ժամը 12:30-ին, Ազգային  առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն: Նիստը յատկացուած էր Բերիոյ հայոց թեմի նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութեան: Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը սկսաւ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրաքեանի աղօթքով, ապա կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նամակը, ուր...

Փաշինեանի Պատասխանը`  Ազրպէյճանցի Լրագրողին.  «Ինչպէ՞ս Կրնան Մարդիկ Գրաւել Այն Տարածքը,  Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են»

Փաշինեանի Պատասխանը` Ազրպէյճանցի Լրագրողին. «Ինչպէ՞ս Կրնան Մարդիկ Գրաւել Այն Տարածքը, Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են»

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց ազրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետին ուղղուած հարցումներէն մէկուն մէջ, որ  կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ազրպէյճանցի լրագրողը  օգտագործեց ազրպէյճանական քարոզչութեան համար արդէն սովորական` «գրաւուած տարածքներ» արտայայտութիւնը: Ի պատասխան` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է գրաւել տարածք մը այն մարդոց կողմէ, որոնք այնտեղ ծնած...

Արամ Մանուկեանի Հող-Մասունքը  Ամփոփուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Արամ Մանուկեանի Հող-Մասունքը Ամփոփուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի տարածքին մէջ 28 մայիսին տեղադրուած` Արամ Մանուկեանի արձանը յուշակոթող- սրբատեղի կարելի է անուանել, ուր երէկ ամփոփուեցաւ պետական գործիչի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրի հող-մասունքը: Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին մէջ մասունքը զետեղելու արարողութիւնը կատարուեցաւ Արմաւիրի մարզի թեմի առաջնորդ Սիոն եպս. Ադամեանի ձեռամբ: Ներկայ էին դաշնակցականներ, ՀՄԸՄ-ականներ ու Մանուկեանի յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներ: Նախքան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրին մասունքը յուշակոթողին մէջ...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2).  Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին հետեւող խմբակը շարունակեց ճշդուած ծրագիրին հետեւիլ: Տեսական, դասախօսական ներկայացումներէն անդին, ծրագրուած էր խմբակին մաս կազմող անդամներուն ծանօթացնել տպագրական մարզի կարգ մը գործնական աշխատանքներ: Նիւթին ներկայացումը կատարեց Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ հրատարակչատան մէջ ընդունելով խմբակին անդամները, բարի գալուստ եւ բարի երթ մաղթեց լրագրութեան մարզով...

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն»  Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

«Մենք Կը Զօրակցինք Մեր Ազգի Զաւակներու Բոլոր Կարիքներուն» Հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Բաժանմունքի Նոր Կեդրոնի Բացում Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, հինգշաբթի, 6 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին Ազգային Քառասնից Մանկանց վարժարանի երրորդ յարկին վրայ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի նոր կեդրոնի բացումը: Սրբազան հայրը կատարեց օրհնութեան աղօթքը, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու` ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեան: Ան նկատել...

Սուրիահայութիւնը Անգամ Մը Եւս Փաստեց, Որ Օժտուած Է Հայութեան Յատուկ Տոկունութեամբ Ու Վճռակամութեամբ

Սուրիահայութիւնը Անգամ Մը Եւս Փաստեց, Որ Օժտուած Է Հայութեան Յատուկ Տոկունութեամբ Ու Վճռակամութեամբ

Հարցազրոյցը Վարեց ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Սուրիա այցելութեան ուրախ առիթը օգտագործելով, «Գանձասար», «Ռատիօ Երազ»ին հետ գործակցաբար, հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ ընկերոջ հետ, ընթերցողները իրազեկ դարձնելու ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն՝ համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը: Զարմիկ Պօղիկեան.- Նախ կարճ անդրադարձ մը կատարենք ՀՅԴ 33-րդ Ընդհ. Ժողովին: Որո՞նք էին ժողովին հիմնական առաջադրանքները կազմակերպական եւ ներհայաստանեան...

Խմբագրական.  Արագ Վերականգնումի Արձանագրած Ցուցանիշները

Խմբագրական. Արագ Վերականգնումի Արձանագրած Ցուցանիշները

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին այցելութիւնը Հալէպ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ ներկայ ժամանակներուն մէջ ամէնէն աւերիչ ու քանդիչ պատերազմի հետեւանքները կրած գաղութի մը վերականգնման, յարատեւութեան եւ բազմաոլորտ առաքելութիւնները շարունակելու վճռակամութեան մասին: Այցելութիւնը կազմակերպողներու ճշդած միջավայրերը` կրթական, միութենական, մարզական, մշակութային, մինչեւ մայիսեան յաղթանակներու տօնակատարութիւն, համագաղութային հարթութեան վրայ ներկայացուցչական դրութեամբ հանդիպում-քննարկումներ, երիտասարդական կեդրոններու բացման հանդիսութիւն եւ ինքնապաշտպանութեան գործ ղեկավարած նահատակի յուշատախտակի քողազերծում, կ՛ընդգծեն գաղափարական...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում  Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան  Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Ւ Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմինին Հետ

Երեքշաբթի, 4 յունիս 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի (ՍՇՕՎ) Կեդրոնական  մարմինին հետ: Հանդիպումէն Ճամբորդութեան պատճառով կը բացակայէին Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներուն առաջնորդները: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ ողջունեց ՍՇՕՎ-ի Կեդրոնական մարմինի եօթը տարիներու ծաւալուն գործունէութիւնը եւ գնահատեց անոր պատմական վեհ առաքելութիւնը,...

Արծուիկ Մինասեան. «Կ՛ակնկալենք,  Որ Իշխանութիւնը Ժամ Առաջ Լարուածութիւնը  Լիցքաթափելու Յայտարարութիւն Կատարէ»

Արծուիկ Մինասեան. «Կ՛ակնկալենք, Որ Իշխանութիւնը Ժամ Առաջ Լարուածութիւնը Լիցքաթափելու Յայտարարութիւն Կատարէ»

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան, որ չորեքշաբթի այցելած էր ոստիկանութեան կեդրոնի բաժին, ուր «Ես եմ ծեծել» ինքնաբուխ բողոքի արարքը տեղի կ՛ունենար, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անօրինականութիւնը եւ այլանդակութիւնը, որ ամիսներ շարունակ թէ՛ եթերները, թէ՛ ընկերային ցանցերը կլանած են, ատելութիւն կը սերմանեն: Ան յայտնեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր արցախեան ազատամարտի հերոսներու դէմ հրապարակային կոչեր կը հնչեն,...

Page 487 of 797 1 … 486 487 488 … 797

Արխիւներ