Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Է Քալիֆորնիոյ Փոխնահանգապետին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

August 1, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան է Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի եւ Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի անդամներ, ամերիկացի գործիչներ եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ` Արեւմտեան ափի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանի գլխաւորութեամբ:

Այցելութեան առաջին օրը հանդիպումներ տեղի ունեցած են վարչապետի պարտականութիւնները կատարող Տիգրան Աւինեանի, արտաքին գործոց նախարարին, խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարան եւ Երեւանի քոնեակի գործարան:

Հայ Դատի Յանձնախումբը Այս Տարի Միացեալ Նահանգներէն Հայաստանի Համար 85 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Յոյս Կը Յայտնէ

Հայաստանը, անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներէն ստացած է 2 միլիառ տոլարի չափով օգնութիւն: «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը նշեց, որ այդ գործին մէջ յանձնախումբը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է: Ան տեղեկացուց, որ այս տարիներուն ընթացքին Արցախն ալ Միացեալ Նահանգներէն աջակցութիւն ստացած է 45 միլիոն տոլարի չափով:

«Ի դէպ, Արցախը միակ երկիրն է, որ թէեւ չէ ճանչցուած, սակայն Միացեալ Նահանգներէն ուղղակի աջակցութիւն կը ստանայ», ըսաւ Նորա Յովսէփեան: Լրագրողները հետաքրքրուեցան, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը կրճատէ ֆինանսաւորումը Հայաստանի ուղղութեամբ, սակայն Ազրպէյճանին կը նախատեսէ տրամադրել 100 միլիոն տոլար` Իրանի հետ սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: Նորա Յովսէփեան նշեց, որ ատիկա կեղծ լուր է, Միացեալ Նահանգները 100 միլիոն տոլար պիտի չտրամադրեն Ազրպէյճանին:

«Վստահաբար, օժանդակութիւն պիտի ըլլայ, սակայն ոչ այդ չափով: Այդ գումարը նախատեսուած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի սահմանին ծրագիր իրականացնելու համար: Միացեալ Նահանգները Ազրպէյճանը կը դիտարկեն իբրեւ կարեւոր գործընկեր Իրանի դէմ: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ու Արցախի օժանդակութեան, ապա ըսեմ, որ Թրամփի քաղաքականութիւնը այդպէս է, ան բոլոր ուղղութիւններով կը կրճատէ: Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Հայաստանի համար 40 միլիոն տոլար նախատեսուած է, առաջարկ եղած է 45 միլիոն տոլար եւս աւելցնելու: Արցախի վերաբերեալ 5 միլիոն տոլարի յոյս ունինք, Հայաստանին` 85 միլիոն տոլարի», ըսաւ Նորա Յովսէփեան:

Ան նշեց, որ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները աշխուժ են` զարգացնելու ուղղութեամբ: Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետին գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը կը դիտարկուի այդ ծիրին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին եւ սփիւռքի հարցերով յանձնակատարին:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հրաւիրած Է Ընդլայնուած Խորհրդակցութեան

Յաջորդը

Ամերիկեան Կառավարութիւնը Մտադիր Է Դադրեցնել Արցախին Տրամադրուող Ելեւմտական Աջակցութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.