1 օգոստոսին Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանին հետ:
Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են Արցախի եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգին միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ կապերու ամրապնդման վերաբերեալ` հաշուի առնելով այն, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանը 2012-ին ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը:
Կողմերը անդրադարձ կատարած են նաեւ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի յառաջ մղման առումով հայկական սփիւռքի դերակատարութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցերու: Այս պարունակին մէջ Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ այդ բնագաւառին մէջ առկայ մարտահրաւէրները:
Իր կարգին, Կլատիս Պերեճիքլեան խօսած է վերջերս Հայաստան կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Մասիս Մայիլեան նշած է, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն Պերեճիքլեանի գործունէութիւնը, յատկապէս համահայկական հարցերու բարձրացման վերաբերող, եւ զայն Արցախ հրաւիրած է:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Oրէնսդիր ժողովի նախագահ Ճոնաթըն Օ՛տէան եւ Օրէնսդիր խորհուրդի նախագահ Ճոն Աճաքան, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանը եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեանը:
Աւստրալիոյ Մէջ Ստեղծուած Է Արցախի Հետ Բարեկամութեան Շրջանակ
1 օգոստոսին Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի պատուիրակութեան անդամներու հանդիպումը հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան յայտարարած է Աւստրալիոյ մէջ Արցախի հետ բարեկամական շրջանակի ստեղծման մասին:
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին խօսքեր արտասանած են պատուիրակութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Անոնք ներկայացուցած են Արցախի արտաքին եւ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ առկայ իրողութիւնները եւ պատասխանած ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանին յանձնած է յատուկ յուշատախտակ` Արցախի հետ բարեկամական շրջանակի անդամներուն անուանացանկով: Շրջանակին անդամակցած են Դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, նախարարներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետը, նահանգային խորհրդարանի վերին եւ ստորին պալատի նախագահները, գիտնականներ, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ եւ մշակոյթի գործիչներ: Ներկայիս շրջանակին կ՛անդամակցին շուրջ 40 գործիչներ:
Պատուիրակութեան ղեկավար Մասիս Մայիլեան վստահեցուցած է, որ Արցախի մէջ ալ պիտի կազմուի Աւստրալիոյ հետ բարեկամութեան համանման շրջանակ: