Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Դաշնակցութեան Մէջ Չկան Թեւեր, Չկան Շերտեր, Չկան Հիներ Եւ Նորեր»

September 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` մեկնաբանելով մամուլի այն հրապարակումը, թէ Դաշնակցութիւնը, իբր թէ պառակտման եզրին է, քանի որ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընդառաջ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ կառոյցը ջանք չէ խնայած հայ համայնքին հետ հանդիպումը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար, ըսած է, որ արտասահմանի մէջ Հայաստանի պատուիրակութիւնները դիմաւորելու եւ անոնց աջակցելու վերաբերող բազմաթիւ հարցեր դաշնակցական կառոյցները յաճախ կը համադրեն Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հետ:

«Մենք մէկ որոշումով կրնանք ատիկա դադրեցնել, բայց կը գործենք ի շահ մեր պետութեան: Եթէ կարգ մը մարդիկ ասիկա կը դիտարկեն իբրեւ պառակտում, քանի որ Հայաստանի մէջ կայ ընդդիմադիր Դաշնակցութիւն, իսկ արտասահմանի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուող, ըսեմ, որ իրականութիւնը այդ չէ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան յիշեցուց Դաշնակցութեան բազմաթիւ յայտարարութիւնները, թէ` ո՛ւր կայ Հայաստանի շահը, հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու խնդիրը, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է իր ողջ ներուժով, համահայկական պաշարով ու Հայ դատի գրասենեակներով նեցուկ կանգնելու, քանի որ Հայ դատի գրասենեակներուն ստեղծման  նպատակը հայ ժողովուրդին ու Հայ դատի  պաշտպանութիւնն է:

«Իշխանութիւնները կու գան եւ կ՛երթան, իսկ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ մնալ, զարգանալ եւ հզօրանալ. այս իմաստով մենք եղած ենք եւ պիտի շարունակենք օգտակար ըլլալ մեր պետութեան», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ի գիտութիւն Դաշնակցութեան պառակտումը ցանկացողներուն եւ նման լուրեր տարածողներուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս յայտնեց, որ Դաշնակցութեան մէջ չկան թեւեր, Դաշնակցութեան մէջ չկան շերտեր, Դաշնակցութեան մէջ չկան հիներ եւ նորեր. «Ի զուր թող չփնտռեն»:

Ան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը 30-է աւելի երկիրներու մէջ ունի կազմակերպական միաւոր եւ տասնեակ հազարաւոր անդամներ, այդ պատճառով ալ այլակարծութիւնները բնական են` միշտ եղած են եւ պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ:

«Դաշնակցութեան ներքին ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ որեւէ այլ կուսակցութիւն չունի», դիտել տուաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

 

Նախորդը

Դ. Իշխանեան. «ԼՂՀ Անկախութեան Հռչակումը Կանխեց Ազրպէյճանցի Ցեղասպանական Քաղաքականութիւնը»

Յաջորդը

Խմբագրական. Նախագահ Աունի Փոխանցած Ուղենիշները. Լիբանանցիներու Սովամահութիւնը Կրնայ Համալրել Օսմանեան Կայսրութեան Իրականացուցած Ցեղասպանութիւններու Շարքը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.