Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նախագահ Աունի Փոխանցած Ուղենիշները. Լիբանանցիներու Սովամահութիւնը Կրնայ Համալրել Օսմանեան Կայսրութեան Իրականացուցած Ցեղասպանութիւններու Շարքը

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օսմանեան կայսրութեան կիրարկած քաղաքականութեան մասին Լիբանանի նախագահին տուած գնահատականը կ՛արժէ դիտարկել երկու կարեւոր ուղղութիւններով:

Նախ, բնականաբար, քաղաքական ուղերձ է հնչածը` պատմական հարցերուն անդրադառնալով, ըստ էութեան, սակայն այժմէական խնդիր բարձրացնելով: Իսկ այժմէական հնչեղութեամբ քաղաքական ուղերձի մասով նախագահը փաստօրէն պահած է վարքագծային հետեւողականութիւն: Բոլորս կը յիշենք, որ այն օրերուն տակաւին նախագահական թեկնածու եղող զօր. Միշէլ Աուն լիբանանցի քաղաքական դէմքերուն մէջ ամէնէն բովանդակային խօսքը փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկուն ընթացքին: Համեմատելով 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն ու 21-րդ դարու մերօրեայ ցեղային զտումները` միջին արեւելեան տարածաշրջանին մէջ, զօր. Աուն մատնացոյց ըրաւ միեւնոյն հասցէն. ան, որ հարիւր տարի առաջ ուղղակի գործադրեց ցեղասպանութիւնը եւ ան, որ որ հարիւր տարի ետք միջնորդաւորուած ձեւով իրականացուց ցեղային զտումները:

Այդ ցեղային զտումները փաստօրէն մեծագոյն հարուած էին ամբողջ տարածաշրջանին` զայն ապաքրիստոնէացնելու առումով. զօր. Աուն հանդէս կու գար քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան սպառնացող վտանգները ահազանգելով եւ այդ վտանգաւոր իրավիճակները ստեղծողները դատապարտելով:

Խնդիրը հիմա շատ աւելի համալիբանանեան տարողութեամբ կը դրուի, երբ յստակօրէն կը խօսուի մեծն Լիբանանի եւ լիբանանցիներու նկատմամբ օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած բռնարարքային, բռնատիրական, ջարդերով եւ սադրանքներով յատկանշուած քաղաքականութեան մասին: Քաղաքական ուղերձը ոճրային եւ ահաբեկչական պետութեան այսօրուան ժառանգորդներուն ուղղուած է, երբ մանաւանդ նախագահին խօսքին մէջ այս բոլորը կը հակադրուին Լիբանանի դաւանած խաղաղութեան եւ քաղաքակրթական արժէքաբանութեան:

Այլեւս զուտ քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն սպառնացող վտանգէն չեն մեկնիր նախագահական խօսքին բովանդակութեան առանցքները: Նկատի առնուած են անպայման սիւննի համաարաբական մեծագոյն կեդրոններու որդեգրած հակաթուրք դիրքորոշումները: Քաղաքական ընթերցումը կատարուած է եւ հաշուարկուած  օսմանեան Թուրքիոյ միեւնոյն բնութագիրը տուող պաշտօնական Ռիատի կեցուածքներուն եւ անոնցմէ բխած գործնական քայլերուն:

Երկրորդ ուղղութիւնը` ներլիբանանեան լսարաններու ուղղուած է: Մանաւանդ, երբ պատմական ճշմարտութիւնները լիբանանցի սերունդներուն իրազեկելու հրամայական կը հնչեցուի: Այս մէկը  համազօր է արդէն մայիս 6-ի խորհուրդի վերարժեւորման, վերականգնման եւ վերաիմաստաւորման: Նախագահին արտասանած իւրաքանչիւր բառն ու եզրոյթը կշռադատուած են: Այս հրամայականէն անհրաժեշտ է, որ բխին ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ գուցէ իրաւական, ինչու չէ նաեւ մշակութային ու կրթական դրսեւորումներ: Այս բոլորը կը խօսին Լեռնալիբանանի սովամահութիւնը ցեղասպանութիւն համարելու եւ համարժէք եզրութաբանութեամբ արտայայտելու հաւանականութեան մասին. մանաւանդ, երբ նախագահը առանց վարանելու կը խօսի օսմանեան Թուրքիոյ կիրարկած պետական ահաբեկչական քաղաքականութեան մասին, որ պատճառ դարձաւ հարիւր հազարաւորներու սովամահութեան, բռնարարքներու, կախաղաններու եւ պետական հաստատութիւններու անդամալուծումին: Զինուորաքաղաքական գործողութիւններուն տրուած որակումները իրաւականօրէն կը համընկնին կանխամտածուած ձեւով հաւաքականութիւն մը բնաջնջելու պետական մտադրութեան, ինչ որ կ՛ամբողջացնէ ցեղասպանութիւն սահմանումին բաղադրիչ կէտերը:

Ուղերձ կայ ուրեմն նաեւ ներքին կարգով: Իսկ նախագահի խօսքը ուղենիշ է Մեծն Լիբանանի 100-ամեակի նշումներուն առիթով կազմակերպուելիք տարբեր ձեռնարկներուն, արարողութիւններուն, ցուցահանդէսներուն կամ համերգներուն ընթացքին արծարծուելիք թեմաներուն առանցքները ճշդելու առումով: Չի բացառուիր, որ լիբանանցի ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մեղադրանքը համալրէ օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւններու շարքը:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Դաշնակցութեան Մէջ Չկան Թեւեր, Չկան Շերտեր, Չկան Հիներ Եւ Նորեր»

Յաջորդը

Արժանթինի Մէջ Օտար Դրամանիշերով Վճարումներու Սահմանափակումը Մտաւ Ուժի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?