«Երկիր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց, որ Արցախի ներկայ սահմաններէն եւ ազատագրուած տարածքներէն ոչ մէկ զիջում պիտի կատարուի, ընդհակառակը` դեռ կան վերադարձուելիք տարածքներ` Արծուաշէն, Շահումեան, Գետաշէն եւ այլն:
Ան առանցքային նկատեց համահայկական հզօր ներուժը Արցախի հզօրացման, վերաբնակեցման, պաշտպանութեան համար օգտագործելը, թէեւ, ըստ անոր, Հայաստանի մէջ կայ մթնոլորտ, որ Դաշնակցութեան համար մտահոգիչ է, երբ մարդիկ կը յայտարարեն, որ Հայաստանի քաղաքացին պէտք չէ ծառայէ Արցախի մէջ: «Ասիկա ողբերգութիւն է, քանի որ Արցախը ոեւէ մէկը մեզի նուէր չէ տուած, անիկա ազատագրած ենք մեր հերոսներու արեան գնով, եւ Արցախի պահպանումն ու միջազգային ճանաչումը կը բխի հայ ժողովուրդի անվտանգութեան եւ շարունակականութեան շահերէ», ընդգծեց ան:
Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքին վարչապետ Փաշինեանի վանկարկումներուն անդրադառնալով` Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ Արցախի հարցին գծով պէտք է ըլլալ շատ նուրբ եւ զգուշ, որովհետեւ հոն կարելի չէ քաղաքական շահարկում եւ շահաբաժին ստանալու վիճակ գոյութիւն ունենայ: «Արցախը պղտոր ջուրի մէջ ձուկ բռնելու տեղ չէ: Արցախի հարցով պէտք է ըլլալ շատ նուրբ եւ զգուշ: Այդ հանրահաւաքին իրական նպատակն ալ մենք չհասկցանք, ի՞նչ կ՛ուզէին ընել: Այդ հանրահաւաքը պէտք է ծառայէր ո՛չ թէ Արցախի իշխանութիւնները անգամ մը եւս հարուածելու, այլ անկեղծ, միասնական օրակարգ ձեւաւորելու: Այս հարցով պէտք չէ ըլլան Դաշնակցութիւն, «Իմ քայլ», Ռամկավար, Հնչակեան եւ այլն, այս հարցը քաղաքական շահարկման հարց չէ», դիտել տուաւ ան:
Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան` սեփական թեկնածուով մասնակցելու վերաբերող հարցումին պատասխանելով` Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին ժողովը, ուր այս մասին որոշում պիտի տրուի եւ հրապարակուի:
Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ Հայաստանի քաղաքական ներքին կեանքին մասին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն, երբ կը քննադատէ իշխանութիւնը` տարբեր հարցերու շուրջ, օրինակ` կառավարութեան գործունէութեան ծրագիր, կառավարութեան կառուցուածք, դատական համակարգի «բարեփոխումներ» եւ այլն, իշխանաւորները կ՛անդրադառնան ոչ թէ քննադատութեան բովանդակութեան, որովհետեւ այդ մասին ըսելիք չունին, այլ քննադատութեան ետին պատուէր կը փորձեն գտնել. «Ով որ զանոնք կը քննադատէ` հակայեղափոխական է», հաստատեց Սաղաթէլեան:
Հարկային եկամուտները աւելցնելու եւ աշխատատեղեր ստեղծելու վերաբերող իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները ան խուսանաւում նկատեց: