Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Ջերմուկցիներուն, «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ»-ի Եւ Լիտիան Արմենիա»-ի Հետ Քննարկած Է Ամուլսարի Հարցը

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 սեպտեմբերին անջատ հանդիպումներ ունեցաւ «Լիտիան Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան ժամանակաւոր նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Էտուարտ Սելլըրսի եւ «Լիտիան Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հայկ Ալոյեանի հետ, ինչպէս նաեւ` ջերմուկցիներու ներկայացուցիչներու հետ:

«Լիտիան Ինթըրնեշընըլ»-ի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումի  ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Ամուլսարի ծրագիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր:

Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Ամուլսարի հանքին վերաբերեալ իրականացուած միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան, անոր վերլուծման արդիւնքներուն եւ բարձրացուած խնդիրներուն:

Աւելի ուշ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաքի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Ամուլսարի հանքավայրի ծրագիրին վերաբերող իրավիճակը:

Յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Շրջակայ միջավայրին վրայ ազդեցութեան գնահատման ընթացակարգերուն, ծրագիրի հսկողութեան հարցին, խնդիրի իրաւական, տնտեսական, բնապահպանական կողմերուն եւ հանրային մտահոգութիւններուն:

Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր նկատեց կառավարութիւն-հասարակութիւն երկխօսութիւնը` հանրութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ եւ նշեց, որ Ամուլսարի հանքավայրի ծրագիրին առնչուած իրավիճակի լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասարակշռուած շահին վրայ, իսկ հետագայ քայլերը պէտք է իրականացուին` նկատի ունենալով բոլոր բաղադրիչները համալիր ամբողջութեան մէջ դիտարկելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Նախարար Զոհրապ Մնացականեան. Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մասին` «Ողջունելի Տուեալներ Չկան»

Յաջորդը

Արմէն Սարգսեան. «ՀՅԴ-ն Արտաքուստ Ուժեղ Ըլլալու Համար Իր Արժէքներուն Չի Դաւաճաներ»

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?