Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Սեպտեմբեր 6, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային ԻԶ. ժողովը  տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբեր 2019-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի կառոյցներու ներկայացուցիչներու,  «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններուն ու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն: Ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցէին  Համազգայինի մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ «Գուսան» երգչախումբի, «Քնար» պարախումբի, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի, Գիր եւ գրականութեան, «Կարկաչ», «Այգ» երգչախումբերու մասնագիտացած մասնաճիւղերու պատգամաւորները, կային նաեւ հրաւիրեալներ:

Ժողովը առաջին առիթով լսեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, կատարեց համապատասխան արժեւորում եւ հաստատեց, որ հակառակ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Շրջանային վարչութիւնը յաջողած է մշակութային աշխատանքները համակարգելու ու ծրագիրները յաջողցնելու իր ճիգին մէջ: Ապա ժողովը անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութի դիմագրաւած մշակութային ու կրթական հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ այս իմաստով առկայ մարտահրաւէրներն ու զանոնք դիմագրաւելու մօտեցումները: Այս բոլոր քննարկումներուն լոյսին տակ ճշդուեցան հետեւեալ առաջնահերթութիւնները, որոնց հիման վրայ պիտի ընթանայ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցի յառաջիկայ երկամեակի գործունէութիւնը:

Ա.- Մասնաճիւղերը եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերը պէտք է ներգրաւեն աւելի մեծ թիւով համազգայնականներ ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ եւ իրենց ծրագիրները համահունչ դարձնեն ժամանակակից պայմաններուն ու անհրաժեշտութիւններուն:

Բ.- Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցը ջահակիրը հանդիսացաւ Հայաստան-Լիբանան մշակութային կապերու սերտացման: Սոյն ժողովը անհրաժեշտ գտաւ այս քաղաքականութիւնը դնել որակական նոր ու արդիական մակարդակի վրայ եւ ընդլայնել համագործակցութեան ծիրը:

Գ.- Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը ծաւալել լիբանանեան տեղական միջավայրին մէջ` ժողովրդային լայն զանգուածներու հասանելի դարձնելու նպատակով:

Դ.- Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան նկատմամբ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ որդեգրել յաւելեալ մասնագիտական մօտեցում ու գործելաոճ:

Ե.- Մշակութային գործի ճառագայթումին համար կենսական նկատել տնտեսական ուսումնասիրուած քաղաքականութեան մը որդեգրումը եւ այս ծիրին մէջ հասութաբեր ձեռնարկներ կազմակերպել:

Զ.- Համալսարանական եւ դպրոցական միջավայրի մէջ մեր մշակութային ու հոգեմտաւոր արժէքները տարածել` նպատակաուղղուած քաղաքականութեամբ:

Է.- Զարգացնել տեղական մշակութային կառոյցներու ու միութիւններու հետ համագործակցութիւնը եւ միացեալ նախաձեռնութիւններու  կազմակերպումը:

Ը.- Հետամուտ ըլլալ լիբանանահայ գրական, մշակութային եւ կրթական գործիչներու, ինչպէս նաեւ մտաւորականներու հետ ունենալու մնայուն յարաբերութիւն  եւ ստեղծել մտաւորական, մշակութային ու կրթական նիւթերու շուրջ քննարկումի նոր միջավայրեր:

Թ.- Քաջալերել Համազգայինի մէջ երիտասարդական մթնոլորտի զարգացումը եւ այս իմաստով երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպել ձեռնարկներ:

Ժ.- Համազգայինի գործն ու առաքելութիւնը քարոզչական արդի կարելիութիւններու օգտագործումով հասանելի դարձնել լայն շրջանակներու:

ԺԱ.- Սատար հանդիսանալ հայոց լեզուի ու հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու պահպանումին եւ այս իմաստով ձեռնարկել նոր նախաձեռնութիւններու:

Ժողովի աւարտին կատարուեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան կազմի ընտրութիւն` հետեւեալ ձեւով.

Սեմ Սիմոնեան                                   ատենապետ
Նանոր Գոչունեան-Թաշճեան                 ատենադպիր
Նորայր Գարամանուկեան                գանձապահ
Վարդան Ազնաւուրեան                     հաշուապահ
Աստղիկ Փանոսեան
Սիլվա Սողոմոնեան
Կարէն Եօսուլքանեան
Պեթի Հարպոյեան-Եիրիքեան
Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան
Էլի Իշխանեան
Լոռի Պօղոսեան
Վիգէն Տիշչէքէնեան
Լոռի Ծառուկեան

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր. 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանին Հանգանակուեցաւ 131.250 Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Հարաւային Սահմաններուն Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?