Արցախի մէջ 8 սեպտեմբերին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն սեփական թեկնածուներ առաջադրած է Ստեփանակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի քաղաքապետներու պաշտօններուն, ինչպէս նաեւ շատ մը գիւղերու մէջ: «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան ըսաւ, թէ թեկնածուները շատ են եւ կը փորձեն ընել առաւելագոյնը` յաջողելու համար:
«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» եւ «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշընըլ» հասարակական կազմակերպութիւններու` Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները դիտարկելու մտադրութեան Արմէն Սարգսեանը բնական կը վերաբերի` Արցախը ինք դիմած է աշխարհի երկիրներուն, որպէսզի դիտորդական առաքելութիւններ ուղարկեն: Միայն թէ ան կ՛ընդգծէ, որ դիտորդական առաքելութիւնները միայն ընտրութիւններու ժամանակ կ՛աշխատին եւ կը հեռանան Արցախէն: Իսկ եթէ դիտորդական առաքելութիւնը ի սկզբանէ ինչ որ ձեւով Արցախէն դուրս որոշուած գաղափարներով մտնէ Արցախ, ատիկա յստակօրէն կ՛երեւայ ընտրութիւններէն ետք, եւ բնական է, արցախցին երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ որեւէ հարց լուծուի Արցախէն դուրս:
Առայժմ արտաքին որեւէ միջամտութիւն Դաշնակցութիւնը չի նկատեր: Հետեւողական պիտի ըլլայ` օրէնքի տառին ու ոգիին համապատասխան` ազատ, արդար, թափանցիկ կազմակերպելու ընտրութիւնները, որպէսզի նոյն ձեւով անցնին նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպման:
Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը կ՛ըսէ` Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ուժեղ եղած է, բայց խնդիրը այլ է` ՀՅԴ-ն արտաքուստ ուժեղ ըլլալու համար իր արժէքներուն չի դաւաճաներ:
«Մենք չենք կրնար խոստումներ տալ` միայն թէ ժողովուրդին ձայները շահելու համար: Մենք արժէքներ ունինք եւ զանոնք կը դաւանինք: Նոյնիսկ մեր հակառակորդները կ՛ըսեն, որ կարելի չէ պատկերացնել Արցախի քաղաքական դաշտը առանց Դաշնակցութեան», ըսաւ Արմէն Սարգսեան: