Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Իշխանեան. «ԼՂՀ Անկախութեան Հռչակումը Կանխեց Ազրպէյճանցի Ցեղասպանական Քաղաքականութիւնը»

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` շնորհաւորելով հայ ժողովուրդը` Արցախի անկախութեան օրուան առիթով, անդրադարձաւ նաեւ 1920-ին տեղի ունեցած Շուշիի հայութեան ջարդերու 100-րդ տարելիցին:

«Ազրպէյճանի մարդատեաց, ցեղասպանական ծրագիրներուն վերջ տրուեցաւ 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումով եւ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին` Արցախի յաղթանակով», ըսաւ ան:

Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ Շուշիի հայութեան ջարդերը անգամ մը եւս ապացուցեցին, որ Ազրպէյճան, անկախ կառավարման համակարգէն, շուրջ մէկ դար շարունակ հետեւողական կերպով փորձած է գործադրել հայաթափման քաղաքականութիւն: «Համոզուած եմ, որ անհրաժեշտ է պետական մակարդակով նշել այդ ողբերգական դէպքերու 100-ամեակը` օր առաջ ստեղծելով համապատասխան յանձնաժողով»:

«Ապառաժ»-ի լրագրող Լ. Թեւոսեան կը գրէ, թէ Շուշիի ջարդերը տեղի ունեցած են 22-26 մարտ 1920-ին: Թուրքիոյ Հանրապետութեան բանակին եւ անոր կողմէ աջակցութիւն ստացող, Արցախի մէջ բնակող թուրքերու (թաթարներու) եւ քրտական առանձին խմբաւորումներու կողմէ կազմակերպուած է Շուշի քաղաքի հայ ազգաբնակչութեան կոտորած, տեղահանութիւն, գոյքի եւ անձնական ունեցուածքի ոչնչացում եւ թալան:

Հայ ազգին նկատմամբ իրականացուած ոճրագործութեան իբրեւ հետեւանք Արցախի հայերու քաղաքական, տնտեսական, մշակութային կեդրոնը հայաթափուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ, աւելի քան 20 հազար հայեր սպաննուեցան:

 

 

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Արցախի Նախագահը Շնորհաւորած Են Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առիթով

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Դաշնակցութեան Մէջ Չկան Թեւեր, Չկան Շերտեր, Չկան Հիներ Եւ Նորեր»

RelatedPosts

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ
Գաղութային

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ

Նոյեմբեր 12, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան  Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան

Նոյեմբեր 12, 2025
Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ  Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական  Համաձայնութեան Մը Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Մը Վրայ»

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?