Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու հրամանատար Արտակ Դաւթեանը:
Հանդիպումին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քննարկուեցան բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: