Սվիթալսքի Հրաժեշտի Հանդիպում Տուաւ Վարչապետ Փաշինեանին
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին, որ կ՛աւարտէ դիւանագիտական իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետը բարձր գնահատած է դեսպան Սվիթալսքիի դիւանագիտական գործունէութիւնը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ եւ կարեւոր նկատած անոր աշխուժ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հոլովոյթներուն մէջ: «Կ՛ուզեմ...




















