Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Յունուար 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալեն Աուն, Մարուան Համատէ, Սամիր Ժսըր, Միշել Մուսա եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր:

Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ 2020-ի պետական ամավարկը քննարկելու եւ վաւերացնելու խորհրդարանի լիագումար նիստը պիտի գումարուի այս ամսուան ընթացքին:

Ան նշեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան 2020-ի պետական ամավարկը իր վերջնական ձեւին մէջ փոխանցած է Պըրրիին:

Ֆըրզլի հաստատեց նաեւ, որ դիւանը քննարկած է շարք մը օրինագիծեր, որոնցմէ բարեկարգումի վերաբերող օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի, պետական անձնաւորութիւններու հաշիւներուն գաղտնազերծումին, իւրացուած գումարներու վերադարձին եւ ապօրինի հարստացումին դէմ օրինագիծերը պիտի վաւերացուին առաւելագոյնը յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին:

Ֆըրզլի խստիւ դատապարտեց պետական կառոյցներուն դէմ գործուող յարձակումները` ընդգծելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի նախագահեց նաեւ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Իրաքի գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնը, որուն պատճառով Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանի եւ Ժողովրդային աշխարհազօրի փոխնախագահ Ապու Մեհտի Մուհանտես սպաննուեցան, վտանգաւոր զարգացում մը կը նկատուի, եւ անոր պատճառով շրջանին տագնապը պիտի ձեւափոխուի, եւ ամբողջ շրջանին մէջ կարմիր գիծերը պիտի խախտին:

Ներքին լիբանանեան առումով, Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն պահանջուած է իր իրաւասութիւններուն տէր կանգնիլ եւ աշխատանքը շարունակել, «սակայն ցաւ ի սիրտ ատիկա չէ պատահած` հակառակ երկրին դիմագրաւած արտակարգ պայմաններուն», շեշտեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց երեսփոխաններուն, թէ ստացած է 2020-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ մինչեւ յունուարի աւարտը խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ լիագումար նիստի մը:

Նոր կառավարութեան կազմութեան մասին Պըրրի յայտնեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ ահաւոր պայմաններուն ընթացքին ժողովուրդին համար կարեւոր է, որ կազմուի վստահութիւն ներշնչող կառավարութիւն մը, որ քաղաքացիին առիթ տայ ապահովելու իր օրուան ապրուստը եւ երաշխաւորէ իր աշխատանքին արգասիքը:

«Ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն համախոհական կառավարութեան մը կազմութիւնը: Նախարարաց խորհուրդ մը, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերը առաջնահերթ կը նկատէ», ըսաւ ան:

Պըրրի յայտնեց, որ Ամալ շարժումի ղեկավարութիւնը տակաւին նիստ մը չէ գումարած` կառավարութեան մէջ իր նշանակելիք նախարարներուն անունները ճշդելու նպատակով:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?