Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բակօ Սահակեանը Մասնակցած Է Շարք Մը Զինուորական Ու Թիկունքային Նշանակութեան Նորակառոյց Շինութիւններու Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւններու

January 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ  Սահակեանը, հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօր.  Կարէն Աբրահամեանի ընկերակցութեամբ, աշխատանքային շրջապտոյտով եղած է հիւսիսարեւելեան եւ կեդրոնական ուղղութեամբ գործող շարք մը զօրամասերու մէջ, մասնակցած զինուորական ու թիկունքային նշանակութեան նորակառոյց շինութիւններու բացման հանդիսաւոր արարողութիւններու. կը յայտնէ պաշտպանութեան բանակի պաշտօնական կայքը:

Շահառու զօրամասերու զինուորները 2019-ին իրականացած շինարարական աշխատանքներու արդիւնքով ապահովուած են նորակառոյց եւ արդի բոլոր չափորոշիչներուն համապատասխանող զօրանոցներով, որոնց մէջ, բացի կենցաղային ու ծառայողական պայմաններէն, լուծուած են նաեւ անվտանգութեան եւ մարտական պատրաստականութեան առնչուող յարակից խնդիրները:

Նշուած զօրամասերուն մէջ շահագործման յանձնուած են նաեւ թեքնիք  սպասարկման ու բժշկական կէտեր, լցակայան եւ այլ կառոյցներ: Զօր. Կարէն Աբրահամեան վստահեցուցած է, որ 2020-ին եւս պաշտպանութեան բանակին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքները պիտի գտնուին համապատասխան ստորաբաժանումներու մնայուն վերահսկողութեան ներքեւ եւ միտուած պիտի ըլլան զինուորներու համար ծառայողական ու կենցաղային ամէնէն բարձր մակարդակի պայմաններ ապահովելուն:

Աշխատանքային շրջապտոյտի ընթացքին հանրապետութեան նախագահը նաեւ շարք մը յանձնարարականներ տուած է զինուորականներուն եւ շինարարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն` հետագայ աշխատանքները աւելի բարձր մակարդակով իրականացնելու համար:

 

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նման Ճամբով Հասնիլ Դատաւորներու Հրաժարականին` Անթոյլատրելի Է»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Ուղերձ Յղած Է Օմանի Սուլթանութեան Սուլթան Հայսամ Պըն Թարեք Պըն Թայմուրին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.