Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Նման Ճամբով Հասնիլ Դատաւորներու Հրաժարականին` Անթոյլատրելի Է»

Յունուար 13, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան` անդրադառնալով մամուլին մէջ հրապարակուած այն տեղեկութեան, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մէկ շաբաթ ժամանակ տուած է` Սահմանադրական դատարանի «անցանկալի» դատաւորը հեռացնելու, ըսաւ. «Նկատի առնելով Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեռագիրը, չեմ բացառեր, որ նման բան եղած ըլլայ»:

«Խորքին մէջ չեմ գիտեր, թէ որքան հաւաստի է այդ լուրը, բայց ընդհանրապէս մէկ բան ակնյայտ է` իշխանութիւնները կը դիմեն ամէն քայլի, որպէսզի ազատին Սահմանադրական դատարանի դատաւորներէն», նշեց Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ եթէ իրաւամբ լուրը հաւաստի է, եւ իրաւապահ մարմինները հետեւին Փաշինեանի հրահանգին ու ամէն գնով Սահմանադրական դատարանի դատաւորները հեռացնեն, ապա Հայաստանի մէջ վերջնականապէս պիտի թաղուի դատական համակարգը եւ վատ հետեւանքներ պիտի ունենայ:

«Իշխանութիւնները այս ժամանակաշրջանին դիմած են բազմաթիւ հակաօրինական, հակաիրաւական գործողութիւններու եւ կը շարունակեն այդ քայլերը, մենք այս մասին բազմիցս յայտնած ենք մեր կարծիքը եւ դատապարտած», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ան նաեւ նշեց, որ դատաւորներու վաղաժամ կենսաթոշակի անցնելու օրէնքի ընդունումէն անմիջապէս ետք մեղադրանք առաջադրուեցաւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի դէմ, յետոյ նախագահին սանիկը նորէն կալանաւորուեցաւ:

«Ակնյայտ է, որ այս իշխանութիւնը կը դիմէ ապօրինի բոլոր միջոցներուն, որպէսզի ազատի դատարանի այսօրուան անդամներէն. պատիւ այն դատաւորներուն, որոնք տակաւին կը դիմադրեն, ասիկա ողջունելի է: Իշխանութիւններուն նպատակը ոչ թէ դատաիրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնելն է, այլ սեփական քիմքին հաճելի որոշումներ ընդունող դատական համակարգ ունենալը, եւ իրենց գործողութիւնները ինքնին այդ նպատակէն կը բխին», ընդգծեց Սաղաթէլեան:

Ան աւելցուց, որ պէտք չէ արտօնել, որ իշխանութիւնը շարունակէ նման ապօրինութիւններ, քանի որ կան մեքանիզմներ` Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ դատաւորները ունին անձեռնմխելիութիւն, ուստի անթոյլատրելի է նման ուղիով հասնիլ դատաւորներուն հրաժարականին:

 

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութիւնը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեանը Մասնակցած Է Շարք Մը Զինուորական Ու Թիկունքային Նշանակութեան Նորակառոյց Շինութիւններու Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւններու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?