Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Քարոզարշաւին Կանուխ Սկսիլը Չի Համապատասխաներ Ներքաղաքական Պահանջներուն»

Յունուար 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն, 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին «Թերթ»-ի թղթակից Ամալիա Առաքելեանի հետ զրուցած է Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան: Ըստ անոր, 2019-ի սկիզբը կար լարուածութիւն հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն տարեվերջին այդ լարուածութիւնը ո՛չ միայն մեղմացած է, այլ նաեւ` յարաբերութիւնները ջերմացած են:

Բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան մասին խօսելով եւ անդրադառնալով լրագրողի այն տեսակէտին, որ արդեօք հակասող չէի՞ն այն յայտարարութիւնները, երբ վարչապետ Փաշինեան մէկ կողմէ կ՛ըսէ, թէ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, իսկ միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Արցախի դիրքորոշումները նոյնն են` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. «2016-ի ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք ատիկա բնական է, եւ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, ստանձնելով իրենց պարտականութիւնները, Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին լիարժէք ձեւաչափով օրախնդիր դարձուցին, ատիկա նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն ցանկութիւնն է, կարծես թէ, այդ գործընթացին կը փորձեն նոր լիցք հաղորդել:

«Ինչ կը վերաբերի այդ յայտարարութիւններուն, կը կարծեմ` բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը եւ տեսակէտներու ամրագրումը իրար հակասող չեն: Ես պէտք է այդ ամէնը ներկայացնեմ արցախեան կողմի տեսանկիւնէն. վերջին 12 տարիներուն մենք ականատեսն ենք արցախեան կողմի կարծր կեցուածքին, եւ եթէ հայաստանեան իշխանութիւնները այսօր ունին նոյնականացուած տեսակէտ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, բնականաբար, մենք կրնանք ողջունել, որ այդ տեսակէտները կը համընկնին կարծր կեցուածքով, եւ յոյսով ենք, որ այդ ամէնը ոչ միայն խօսքեր են, այլեւ գործնական քայլերու պէտք է վերածուին», աւելցուց ան:

2019-ին բանակցային գործընթացին մասին խօսելով` Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ այդ մասին տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կան` երկու երկիրներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու գնահատականներուն առումներով. «Բայց կը կարծեմ, որ բանակցային գործընթաց, իբրեւ այդպիսին, որակելը աւելի ճիշդ է, որովհետեւ ինքնին այս կամ այն հանդիպումը իբրեւ զուտ հանդիպում որակելը կ՛երեւի թէ իրականութեան չի համապատասխաներ: Ըսել, թէ բանակցային գործընթացին մէջ կայ յառաջընթաց, այդքան ալ անկեղծ չէինք ըլլար, բայց այն, որ բանակցային գործընթացը փուլի մը ընթացքին յայտնուած է փակուղիի մէջ, այդ փակուղային վիճակէն դուրս գալու պրպտումներու մէջ ենք: Միանշանակ չեմ կիսեր այն կարծիքները, թէ բանակցային գործընթաց չկայ»:

Լրագրողը հարցուց նաեւ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այս գծով քարոզարշաւին ժամանակէն առաջ սկսելուն մասին` նշելով, որ, ըստ Դաշնակցութեան, քարոզարշաւին կանուխ սկսիլը չի համապատասխաներ ներքաղաքական պահանջներուն եւ ընդհանրապէս այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է երկիրը:

Դաւիթ Իշխանեան, լրագրողին խնդրանքով, խօսեցաւ նաեւ` իբրեւ նախագահական թեկնածու, իր կատարելիքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:

2019 տարին արժեւորելով եւ 2020-էն ունեցած ակնկալութիւններուն մասին խօսելով` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ անցնող տարին կը բնութագրէ իբրեւ ծանր տարի` գոնէ հայկական պետականութեան համար, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն շրջանին, այլ աշխարհին մէջ ականատես եղանք այնպիսի վերադասաւորումներու եւ զարգացումներու, որոնք կրնան ազդել երկրի արտաքին վտանգներու դիմակայելու դիմադրողականութեան վրայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն

Յաջորդը

Աուն, Պըրրի Եւ Տիապ Շնորհաւորեցին Հայկական Ս. Ծնունդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?