Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Նիւթով Յատուկ Ընդունելութիւններ Թորոնթոյի Եւ Քեմպրիճի Մէջ` Ի Պատիւ Ընտրեալ Պաշտօնատարներու

Յունուար 13, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, հինգշաբթի, 9 յունուար եւ ուրբաթ, 10 յունուար 2020-ին, Թորոնթոյի եւ Քեմպրիճի մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան յատուկ ճաշկերոյթ-ընդունելութիւններ` կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի եւ Քեմպրիճի Հայ դատի յանձնախումբերուն` ի գնահատանք քանատացի ընտրեալ պաշտօնատարներուն:

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով ընտրեալ պաշտօնատարներ, պետական պաշտօնեաներ եւ դիւանագիտական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Դիւանագիտական հիւրերու շարքին էին Քանատայի մէջ Հայաստանի  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեան: Քանատայի դաշնակցային խորհրդարանը կը ներկայացնէին երեսփոխաններ Պոպ Սարոյա, Հան Տոնկ, Փիթըր Քենթ, Ճին Եիփ, Մայքըլ Լեւիթ եւ Ալի Էհսասի: Նահանգային խորհրդարանէն ներկայ էին երեսփոխաններ` Արիս Պապիկեան, Մայքըլ Թիպոլօ, Վինսենթ Քէ, Ռոման Պապըր, Պիլի Փանկ, Մայքըլ Քութօ եւ Քինկա Սուրմա: Ընդունելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճան Թորի, որուն կ՛ընկերակցէին փոխքաղաքապետ Տենզիլ Մինան-Ուանկ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճիմ Քարիճիանիս, Շելի Քարոլ եւ Պրատ Պրատֆորտ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի հանրային ուսումնական մարմինի հոգաբարձուներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արփի Աքելեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք հրաւիրեց ներկաները, որ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեն արկածի ենթարկուած ուքրանական օդանաւի զոհերուն յիշատակը: Ապա իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւակ Քիւփէլեան, որ ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց անվերապահ զօրակցութեան եւ բարեկամութեան համար եւ ներկայացուց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ներկայ ու ապագայ ծրագիրները: Ապա ելոյթ ունեցաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, որ յատուկ անդրադարձաւ Քանատայի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի  յարաբերութիւններու դրական ընթացքին, միջպետական համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան եւ այդ ծիրին մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու ունեցած կարեւոր դերակատարութեան:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատգամը ուղղեց Շահէն Միրաքեան, որ մանրամասնօրէն զեկուցեց անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ Հայ դատի յանձնախումբի յառաջիկայ առաջնահերթութիւններն ու այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ զօրակցութիւն ապահովելու հրամայականը: Ապա յաջորդաբար խօսք առին դիւանագիտական ու կառավարական տարբեր մակարդակներ ներկայացնող պաշտօնատարները` յայտնելով իրենց շնորհաւորանքներն ու զօրակցութիւնը հայ համայնքին եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մաթոսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլորին, հիւրերուն յանձնեց Արցախի արտադրութեան գինի` իբրեւ գնահատանքի նուէր: Պէտք է նշել, որ ձեռնարկի հիմնական պատգամը կը կեդրոնանար արցախեան հիմնահարցի խաղաղ լուծման, Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան ու բարօր զարգացման վրայ:

Քեմպրիճի մէջ կայացած ընդունելութիւնը եւս վայելեց մեծ թիւով պաշտօնատարներու ներկայութիւնը, որոնց շարքին էին Քանատայի բազմամշակութային հարցերու եւ երիտասարդութեան նախարար Պարտիշ Չակեր, Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ Պրայըն Մէյ եւ դաշնակցային երեսփոխաններ Ռաճ Սայինի, Մարուան Թապպարա եւ Թիմ Լուիս: Նահանգային խորհրդարանը կը ներկայացնէր երեսփոխան Պելինտա Քարահալիոս: Ներկայ էին նաեւ Քեմպրիճի քաղաքապետ Քաթրին Մքկարի, Քիչընըրի քաղաքապետ Պերի Վրպանովիչ, Նորթ Տամֆրիզի քաղաքապետ Սուզան Ֆաքսթըն-Սահակեան, Ուաթերլուի շրջանային կառավարութեան ատենապետ Քարէն Ռետման, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ շրջանային խորհուրդներու անդամներ:

Հայ դատի տեղական եւ շրջանային մարմիններու կողմէ յաջորդաբար խօսք առին տեղական յանձնախումբի ատենապետ Լեւոն Սարմազեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուցին անցնող տարուան ձեռքբերումներն ու Հայ դատի յանձնախումբերու յառաջիկայ ծրագիրները:

Ապա խօսք առին պաշտօնատար հիւրերը` դրուատելով հայ համայնքի կարեւոր ներկայութիւնը Քանատայի մէջ եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն:

 

Նախորդը

Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի 2020. Պատգամ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?