Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի  Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական  Փոխանորդի Պաշտօնին  Կը Կոչէ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի Եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի Պաշտօնին Կը Կոչէ Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանը

Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինումով, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին: Հայր սուրբը շուտով պիտի մեկնի Քուէյթ` թեմական ծառայութեան լծուելու: Պետրոս վրդ. Մանուէլեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ վարած է զանազան պաշտօններ եւ վերջին տարիներուն յատկապէս ստանձնած էր կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը:

Բաց Նամակ Գիւմրիին` Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանէն

Բաց Նամակ Գիւմրիին` Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանէն

Երէկ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ բաց նամակը յղած է Գիւմրիի օրուան առիթով: «Այսօր ես Հայաստանի նախագահն եմ, սակայն քու մասիդ, Գիւմրի՛, ես կը շարունակեմ մտածել նախ եւ առաջ իբրեւ հայ, իբրեւ մարդ, որ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ է Գիւմրին, ով է գիւմրեցին: Այո՛, ինծի համար բախտ վիճակուած է  այցելել աշխարհի շատ հին ու նոր քաղաքներ, որոնք բոլորն ալ ունին...

Գիւմրիի Օրուան Առիթով Վարչապետ Փաշինեան Այցելութիւն Տուաւ Քաղաք

Գիւմրիի Օրուան Առիթով Վարչապետ Փաշինեան Այցելութիւն Տուաւ Քաղաք

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 25 օգոստոսին իր կնոջ` Աննա Յակոբեանին եւ դուստրերուն հետ այցելած է Գիւմրի եւ մասնակցած Գիւմրիի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Այս տարի Գիւմրիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան «Վարպետներու քաղաք Գիւմրի» խորագիրով: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը սկսած է հիմնանորոգուած Շիրազի փողոցէն, որուն բացումը հանդիսաւորութեամբ կատարուած է: Փողոցի մուտքը երիզող կարմիր ժապաւէնը կտրած են մեծանուն հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի...

Յանուն Ամուլսարի Փրկութեան Երթ` Երեւանի Կեդրոնին Մէջ

Յանուն Ամուլսարի Փրկութեան Երթ` Երեւանի Կեդրոնին Մէջ

«Ամուլսարը առանց հանքի», «Ամուլսար` միայն սար» վանկարկումներով շաբաթ, 24 օգոստոսին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկիզբ առաւ երթ յանուն Ամուլսարի փրկութեան: Քայլերթը կազմակերպած էր «Ամուլսարը առանց հանքի» նախաձեռնութիւնը, որուն ներկայացուցիչները նախքան երթին սկիզբը նշեցին, թէ այս երթը կազմակերպուած է ի աջակցութիւն ջերմուկցիներուն եւ կառավարութեան: Հաւաքուած քաղաքացիները կը պնդեն, թէ Ամուլսարը հանք պիտի չդառնայ: Ընդդիմադիր «Լուսաւոր Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Գէորգ Գորգիսեան եւս...

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ.   Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ. Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին: Անոնցմէ մէկը խանգարուեցաւ եւ ինկաւ, իսկ միւսը ականահարեց շրջանի Մուաուատ փողոցը` հսկայական վնասներ պատճառելով Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակին, ինչպէս նաեւ փշրելով անոր շրջակայքը գտնուող շէնքերուն ապակիները: Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը այդ յարձակումը նկատեց անարգ բռնարարք մը` շեշտելով, որ այդ մասին Հըզպալլայի պաշտօնական պատասխանը պիտի տրուի Հըզպալլայի...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի  Դատին Թղթածրարը Կը Ստանայ Իր Վերջնական Ձեւը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Դարձեալ Կը Դիմէ Թրքական Դատարան` Պահանջելով Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 30 յուլիս 2019-ին դարձեալ դիմեց թրքական դատարան` օրինական հայց ներկայացնելով Սիսի նախադատ ատեանին մօտ` պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Արդարեւ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ կաթողիկոսարանին հետ աշխատող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներուն լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ: Շուրջ հազար էջերէ...

Ակնարկ.  Սուրիական Ռազմադաշտին Մէջ Կը Փոխուին Խաղի Կանոնները

Ակնարկ. Սուրիական Ռազմադաշտին Մէջ Կը Փոխուին Խաղի Կանոնները

Իտլիպի շրջանը կամ ընդհանրապէս սուրիական տարածքները ահաբեկչութենէ մաքրելու ռազմական գործողութիւններու շղթայազերծումը` սուրիական կառավարական բանակին կողմէ, յայտնապէս նոր իրավիճակ ստեղծած է ազդեցութիւններու գօտիներու փոփոխութեան վրայ հակակշռելու ուղղութեամբ: Դէպի Իտլիպ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը ընթացք տուած է գաղթականական նոր ալիքի մը, որ զանգուածային տեսքով ապաստանած է Թուրքիոյ սահմանին վրայ եւ դէպի Թուրքիա անցնելու նոր ալիքի մակընթացութիւններ յառաջացնելու պատկերներ կը պարզէ: Ընթացող ռազմական գործողութիւնները,...

Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման Օրուան Առիթով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է

Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման Օրուան Առիթով Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հետեւեալ շնորհաւորական ուղերձը յղեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման օրուան առիթով: «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, շնորհաւորում եմ բոլորիս Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրուայ առիթով: «29 տարի է անցել այն օրից, երբ Գերագոյն խորհուրդն ընդունեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը: Դա հայ ժողովրդի միասնական եւ հաւաքական կամքի դրսեւորումն էր, որով ազդարարուեց հայոց պետականութեան սկիզբը: «Ինքնիշխանութեան հաստատման այդ տարիների ամէն օրը մեզ համար...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Ջերմուկի Բնակիչներուն Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Ջերմուկի Բնակիչներուն Հետ

23 օգոստոսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Վայոց Ձորի մարզի Ջերմուկ քաղաք` Ամուլսարի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը Ջերմուկի բնակչութեան հետ քննարկելու նպատակով: Վարչապետի ժամանման լուրը ստացած ջերմուկցիները շուտով հաւաքուեցան քաղաքի կեդրոնական փողոցը, փակեցին ճամբան, որպէսզի տեսակցին վարչապետին հետ: Վերջինս մօտեցաւ ջերմուկցիներուն, որոնք վարչապետը դիմաւորեցին «Ամուլսարն առանց հանքի» վանկարկումներով: Անոնք ըսին. «Թոյլ պիտի չտանք, որ հանքը շահագործուի, մենք ունինք...

Արթուր Խաչատրեան. «Թող Հանրաքուէն Պարզէ` Ժողովուրդը Ի՛նչ Կ՛ուզէ»

Արթուր Խաչատրեան. «Թող Հանրաքուէն Պարզէ` Ժողովուրդը Ի՛նչ Կ՛ուզէ»

Նախորդ օրերուն ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Ամուլսարի շահագործման առնչութեամբ տարածեց յայտարարութիւն, որուն մէջ մտահոգիչ նկատեց այն իրողութիւնը, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման վերաբերեալ հրապարակուած եզրակացութիւնները բաւարար համոզում եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր թէ՛ հանրային, եւ թէ մասնագիտական շրջանակներուն մէջ, ուստի այս հարցի լուծման լաւագոյն տարբերակը նկատեց հանրաքուէի կայացումը: Թերթը կը գրէ, որ 2016-ին, երբ Ամուլսարի մէջ ընթացք առին շինարարական աշխատանքները, բնապահպանութեան նախարարի...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Կենսոլորտի Նախարարը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Կենսոլորտի Նախարարը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթին: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճ Սապունճեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կոյաջուրերու եւ անոնց համար սարքուելիք զտարանին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ այդ զտարանը պէտք է...

Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ Ջանքեր  Պէտք Է Ներդնենք,  Որպէսզի Բնութեան Վնաս Չտանք»

Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ Ջանքեր Պէտք Է Ներդնենք, Որպէսզի Բնութեան Վնաս Չտանք»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց,  թէ նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւողական կերպով հանդէս կու գայ յօգուտ այն քաղաքական որոշումներուն, որոնք կը բխին հայկական պետականութեան ամրապնդման եւ մեր ազգային շահերէն: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ թէեւ Սահմանադրութեամբ նախագահը իրաւասու չէ միջամտելու իշխանութեան միւս մարմիններու աշխատանքին, սակայն միշտ պատրաստակամ է համազգային եւ համապետական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու...

Մնացականեան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Կապերը Աշխուժ Կը Նկատէ

Մնացականեան Միացեալ Նահանգներու Հետ Կապերը Աշխուժ Կը Նկատէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 22 օգոստոսին անդրադարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ տալիք այցելութեան, խօսեցաւ Ազրպէյճանի հետ կապերուն, ինչպէս նաեւ հոն յայտնուած հայ զինուորին մասին: Անդրադառնալով Փաշինեանի` Միացեալ Նահանգներ այցելութեան, ան ըսաւ, որ Հայաստանը բաւական աշխուժ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու հետ: «Նախագահ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի հետ հանդիպում չենք ունեցած, բայց ատիկա պատճառ չէ, որ մեր...

Արծուիկ Մինասեան. «Սահմանադրութիւնը  Պէտք Է Ամէնօրեայ Ապրելակերպ Դառնայ»

Արծուիկ Մինասեան. «Ամուլսարի Հարցով Փորձաքննութեան Ժամկէտներու Ձգձգումը Մտահոգիչ Է»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, տնտեսագէտ, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան «Երեւան Թուտէյ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ամուլսարի գործով առարկայական ու անկախ փորձաքննութիւնը պէտք է այս հարցին սպառիչ պատասխան տայ, բայց եւ այնպէս ան մտահոգիչ նկատեց այդ փորձաքննութեան ժամկէտներու ձգձգումը, ինչ որ վատ է: «Ամէն անցնող օր բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրի ներդրումային վիճակին վրայ. իմ ուսումնասիրած շրջանիս մենք...

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան Պաշտօնական Արարողութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ, պաշտօնական արարողութեամբ մը տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 111-րդ մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը` հայրենի աշխարհի պատմական ու հերոսական շրջանին մէջ: Արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Գահակալութեան 25-ամեակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 25-ամեակը

2020  թուականը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու վեհափառ հայրապետին 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի համաատենապետներ Օշական արք. Չօլոյեան եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն ժողովի անդամ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական...

Խմբագրական.  Ուղղակի Ժողովրդավարութեամբ` Հանրաքուէով

Խմբագրական. Ուղղակի Ժողովրդավարութեամբ` Հանրաքուէով

Ամուլսարը  հանքարդիւնաբերական նպատակներով շահագործելու խնդիրը համատարած եւ սուր հնչեղութիւն ստացած է մեր երկրին մէջ: Տեղեկատուական բաց համակարգը բնականաբար կը նպաստէ, որ երկրի սահմանները հատուին դէպի ընդհանրապէս հայկական աշխարհ եւ հրապարակային քննարկումները շարունակուին այս առումով: Փորձաքննութեան եզրակացութիւններու հիման վրայ Ամուլսարի վերաշահագործման կարելիութիւնը արագօրէն զօրաշարժի ենթարկած է բնապահպանական գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ եւ քաղաքացիական շարժումներ` կասեցնելու համար հանքարդիւնաբերական աշխատանքներու վերսկսումը: Բնապահպանական մասնագիտական...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Ամուլսարի Հարցին Վերաբերեալ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 21 օգոստոսին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ անդրադարձաւ վերջին օրերուն յատկապէս Հայաստանի պետական թէ հասարակական շրջանակներուն կողմէ լուսարձակի տակ առնուած Ամուլսարի հարցին: «Ամուլսարի շահագործման առնչութեամբ վերջին օրերին ծաւալուող հանրային լարուածութեան պատճառը գործող իշխանութիւնների հակասական յայտարարութիւններն են, չկշռադատուած գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ խնդրի շուրջ հասարակութեան լայն շրջանակներում ձեւաւորուած մեծ սպասումներին համարժէք քայլերի բացակայութիւնը: Առաջնահերթութիւն համարելով ազգային եւ պետական...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստեղծուած  Լարուածութեան Պատճառը Իշխանութիւններուն  Հակասական, Չկշռադատուած  Գործողութիւններն Են»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Ստեղծուած Լարուածութեան Պատճառը Իշխանութիւններուն Հակասական, Չկշռադատուած Գործողութիւններն Են»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Դաշնակցութիւնը այն կարծիքին է, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցին շուրջ ստեղծուած լարուածութեան պատճառը իշխանութիւններուն հակասական, չկշռադատուած գործողութիւններն են, որոնց իբրեւ արդիւնք հասարակութեան մօտ մեծ ակնկալութիւններ ձեւաւորուած էին, սակայն անոնք չկրցան իրականացնել սպասուածը: «Հարցին հանրային մեծ հնչեղութիւնը հաշուի առնելով` կը կարծենք, որ պէտք է լրացուցիչ ուսումնասիրութիւններ...

Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ  Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

Արմէն Ռուստամեան Հանդիպում Ունեցաւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Արցախ կատարեց միօրեայ այցելութիւն մը, որուն ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ներկազմակերպական շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք պատասխանելով Արցախի պետական շրջանակներու հետ հաւանական հանդիպումներու վերաբերող «Ապառաժ»-ի հարցումին` Ռուստամեան ըսաւ, թէ այս այցելութեան ընթացքին նման օրակարգ չկար:

Page 472 of 797 1 … 471 472 473 … 797

Արխիւներ