Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն

Յունուար 9, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախանցեալ օր ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց յատկապէս տեղական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Շրջանային Իրադարձութիւնները Իրենց Հետեւանքները Չունենան Լիբանանի Վրայ»

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց ապահովութեան հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Կիլ Միշոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները իրենց հետեւանքները չունենան Լիբանանի վրայ:

Ան նշեց, որ Լիբանան ամէն տեսակի պաշտպանութիւն եւ դիւրութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներուն` ՄԱԿ-ի հետ երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աուն դրուատեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ անոր օգնականին կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները տակաւին կը շարունակուին` խախտելով հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու` հսկելու համար հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան:

Ան նշեց, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ քաղաքական համաձայնութիւնը ամրապնդելու, կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:

Նշենք, որ Միշօ բարձր գնահատեց Լիբանանի կողմէ միջազգային կազմակերպութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած գուրգուրանքը, յատկապէս` պաշտօնեաներուն անվտանգութիւնը եւ ազատ երթեւեկը երաշխաւորելու իմաստով:

Ան ներկայացուց Լիբանան եւ կարգ մը այլ երկիրներ իր կատարած այցելութեան նպատակը` ընդգծելով Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն նախանցեալ օր ընդունեց Իան Քիւպիչը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պահպանելու իր ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր` կազմելու համար նոր կառավարութիւնը:

Քիւպիչ իր կարգին անհրաժեշտ նկատեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութիւնն ու լիբանանեան բանակին, ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ եռակողմանի հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին գնահատուեցան զօր. Տել Քոլի ի գործ դրած ջանքերը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Քարոզարշաւին Կանուխ Սկսիլը Չի Համապատասխաներ Ներքաղաքական Պահանջներուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?