Օմանի Սուլթանութեան սուլթան Քապուս պըն Սայիտի մահուան առիթով հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական ուղերձ յղած է Օմանի Սուլթանութեան սուլթանին:
Ուղերձին մէջ նշուած է. «Օմանի Սուլթանութեան սուլթան Քապուս պըն Սայիտ այն առաջնորդներէն էր, որ իր իմաստուն ու հաւասարակշռուած գործունէութեամբ ջանք չէ խնայած շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:
Իմ խորին ցաւակցութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, ընտանիքի անդամներուն եւ Օմանի բարեկամ ժողովուրդին` մաղթելով ոգիի արիութիւն ու համբերութիւն»: